Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնալիբանանի Միջադէպի Լուծման Գծով Ջանքերը Կը Շարունակուին

Յուլիս 4, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնալիբանանի մէջ կիրակի օրուան ապահովական միջադէպը լուծելու ջանքերը կը շարունակուին:

Այդ ջանքերուն շրջագիծին մէջ երէկ առաւօտեան Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան` ընկերակցութեամբ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի, այցելեց պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի:

Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին հեղինակութիւնը վիրաւորելը համազօր է հայրենիքին հեղինակութիւնը վիրաւորելուն:

Արսլան նշեց, որ ինք Պու Սաապին ներկայացուցած է Լեռնալիբանանի զինեալ բախումին վերաբերող շարք մը մանրամասնութիւններ, յատկապէս նախարար Ղարիպի դէմ գործուած մահափորձին մասին:

Արսլան ընդգծեց, որ կառավարութեան անդամ նախարար մը մահափորձի ենթարկելու իրականութիւնը ոչ ոքի հետ բանակցելու նիւթ է, իսկ այդ թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու մեր պահանջը քինախնդրութիւն չի նկատուիր:

«Ոեւէ նախարարի դէմ նման քայլ համազօր է քաղաքացիական անվտանգութեան դէմ որդեգրուած նման քայլերու: Այս հարցին բնոյթը քրէական է, եւ ոչ ոքի արտօնուած է զայն այլ կերպով բնորոշել», հաստատեց Արսլան:

Ժոմպլաթ. «Պատրաստ Եմ Դէպքի Լուծման Որեւէ Եղանակի»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Քլեմանսոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ ըսաւ. «Պատրաստ եմ դէպքի լուծման որեւէ եղանակի եւ կը հաւատամ, որ Ապպաս Իպրահիմի հետ գործակցութեամբ կարելի կ՛ըլլայ լուծել այս հարցը, որուն վտանգաւոր հետեւանքներուն Իպրահիմ քաջածանօթ է: Ապպաս Իպրահիմ կրնայ լաւագոյն կերպով լուծել այս հարցը` օրէնքի հիման վրայ»:

Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Ժոմպլաթ իսկապէս պատրաստ է լուծման որեւէ եղանակի, «եւ պէտք է Ժոմպլաթի յայտարարութենէն հասկնաք, թէ ան համոզուած է եւ բառին բուն իմաստով կատարած այդ յայտարարութիւնը», ըսաւ ան:

Նշենք, որ նախքան Ապպաս Իպրահիմի հետ իր հանդիպումը, Ժոմպլաթ ներկայ գտնուեցաւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր խորհուրդի արտակարգ նիստին, որմէ ետք յայտնեց, որ իրենք ենթակայ են օրէնքին եւ արդարութեան, սակայն նկատել կու տան, որ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ներխուժումներն ու ձերբակալութիւնները երբեմն անպատշաճ կերպով կը կատարուին:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ բոլոր շրջաններուն մէջ արձանագրուած հռետորաբանութիւնը անիմաստ է եւ ցաւ ի սիրտ պայթումի յանգած: «Ժըպրանը պէտք է հանդարտի: Կը փափաքի պաշտօնի՞ մը հասնիլ. այս ձեւով չ՛ըլլար», ըսաւ Ժոմպլաթ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն խնդրելով վերջ տալ Պասիլի տղայական վարուելակերպին:

Ժոմպլաթ աւելցուց, որ ինք Խալտէն կը յարգէ` հակառակ անկէ բխած վարկաբեկիչ բոլոր յայտարարութիւններուն:

Պէտք է աւելցնել, որ երեկոյեան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հովանաւորութեամբ ընթրիք մը պատրաստուեցաւ Այն Թինէի մէջ` ի պատիւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի: Ընթրիքէն առաջ Պըրրի Հարիրիի եւ Ժոմպլաթի հետ քննարկեց քաղաքական եւ ապահովական վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ազգային միասնակամութիւնը եւ քաղաքացիական խաղաղութիւնը ամրապնդելու միջոցները:

Աղբիւրները շեշտեցին, որ նախորդ ժամանակաշրջանին Ժոմպլաթի եւ Հարիրիի յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած թերութիւնները փարատած են արդէն եւ անցեալին կը պատկանին:

Միւս կողմէ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթայշ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Ուալիտ Ժոմպլաթը թիրախ չի դարձներ` աւելցնելով, որ իրենք գործակցութեան ձեռք կ՛երկարեն բոլորին, իսկ նախարարներ Աքրամ Շեհայէպի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունին:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը Իբրեւ Պետութիւն Իր Հեղինակութիւնը Պէտք Է Պահպանէ, Իսկ Դատական Իշխանութիւնը Կը Պաշտպանէ Քաղաքացիներն Ու Օրէնքին Գործադրութիւնը»

Յաջորդը

Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստան – Իրան Միջկառավարական Յանձնախումբի 16-րդ Նիստը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?