Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբերու Հարցին Լուծման Առաջադրանքով` Գործակցութիւն` Կենսոլորտի Նախարարութեան Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Միջեւ

Յուլիս 4, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի մէջ աղբերու հարցի լուծման առաջադրանքով երեքշաբթի, 2 յուլիս 2019-ի յետմիջօրէին կենսոլորտի նախարարութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կենսոլորտի նախարարի խորհրդական, ճարտարագէտ Շաքեր Նուն: Նախարարութեան համապատասխան պաշտօնեաներուն կողքին պատուիրակութեան միացած էին նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմուած «Կենսոլորտային բանակ»-ի կամաւորներ: Պատուիրակութեան անդամները, տեղական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու «Կենսոլորտային բանակ»-ի կամաւորները, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, պաշտօնեաներ եւ ոստիկաններ համախմբուեցան Պուրճ Համուտի հրապարակը, ուր Շաքեր Նուն ներկաներուն բացատրեց այս հաւաքին շարժառիթը, նպատակն ու գործադրութեան քայլերը: Նշեալ «Կենսոլորտային բանակ»-ի  յատուկ անթեւ դեղին շապիկներ ցրուելով ներկաներուն, պատուիրակութեան անդամները շրջեցան Պուրճ Համուտի կարգ մը թաղամասերը, ուր այցելեցին զանազան բնակարաններ եւ վաճառատուներ` պարզելով  աղբերու հարցի լուծման գծով կենսոլորտի նախարարութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան միջեւ  գործակցաբար որդեգրուելիք ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ այս գծով  շօշափեցին քաղաքացիներու կեցուածքներն ու գործակցութեան պատրաստակամութիւնը:

Այս մասին «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով ճարտարագէտ Շաքեր Նուն նշեց, թէ նախաձեռնութիւնը կը ծրագրուի կիրարկել երեք փուլերով, որոնց առաջին քայլը արդէն երկուշաբթի օր առնուած է` կամաւորներուն յատուկ վարժողական-ծանօթացման ցուցմունքներ փոխանցելով:

Երկրորդ քայլը կատարուեցաւ երեքշաբթի, Պուրճ Համուտի մէջ, այն հիմնաւորումով, որ Պուրճ Համուտի նման շրջանի մէջ եթէ աղբերու զտումի եւ տեսակաւորման ծրագիր մը իրականանայ, այդ մէկը կրնայ օրինակ դառնալ այլ շրջաններու, որոնք ոչ մէկ պատրուակ կրնան ներկայացնել մերժելու նման ծրագիր:

Երրորդ քայլը առնուեցաւ չորեքշաբթի, երբ կամաւորներու  եւ քաղաքացիներու նոյն կազմերը այցելեցին նախ Պուրճ Համուտի թափօններու  զտման վայրը, ապա Քարանթինայի եւ Քորալի գործարանները` մօտէն ծանօթանալու աղբերու զտման ու տեսակաւորման աշխատանքին: Շաքեր Նուն յայտնեց նաեւ, թէ կենսոլորտի նախարարութիւնը կազմած է «Կենսոլորտային բանակ» մը, որուն անդամները տեղական զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կամաւորներ են: Ան յայտնեց, որ առաջնահերթութիւն տրուած է աղբերու հարցին` նկատի ունենալով անոր կարեւորութիւնը կենսոլորտի մաքրութեան առումով, առ այդ` մնայուն կապի մէջ եղած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ, որ ընդառաջած է գործակցելու ու նպաստելու աղբերու հարցի լուծման միտող այս ծրագիրին: Կենսոլորտի նախարարին խորհրդականը նաեւ յիշեցուց նախարարութեան մէկ շրջաբերականը, որ «Ռամքօ» եւ «Սիթի Պլու» ընկերութիւններուն կը յանձնարարէր, որ իւրաքանչիւրը ստանձնեն տասը մեծ քաղաքապետութիւններ:

Այս մասին Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գրիգոր Թերզեան անհրաժեշտ նկատեց ժողովուրդին մասնակցութիւնը աղբերու հարցին լուծման ճիգերուն` դիտել տալով, որ այդ մէկը մէկ-երկու օրուան մէջ լուծուելիք հարց չէ: Թերզեան կարեւոր նկատեց նաեւ, որ ապագայ սերունդը կանուխ տարիքէն վարժուի եւ ընտելանայ աղբերու տեսակաւորման աշխատանքի գործընթացին: «Պէտք է ժողովուրը հասկնայ ու անդրադառնայ այս իրողութեան, եւ նախ եւ առաջ պէտք է տուներէն եւ ճաշարաններէն սկսինք տեսակաւորել աղբերը», շեշտեց Թերզեան: Կենսոլորտի նախարարութեան այս նախաձեռնութեան անդրադառնալով` Թերզեան զայն դրական քայլ նկատեց` շեշտելով, որ քաղաքապետութիւնը եւս ձեռնածալ պիտի չմնայ եւ պիտի գործակցի, «որովհետեւ նախարարութեան յաջողութիւնը նաեւ մե՛ր յաջողութիւնն է»:

Նմանապէս, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յովիկ Գարապաճաքեան յայտնեց, թէ նախարարութիւնը իր այս քայլով կը ձգտի թաղային յանձնախումբեր յառաջացնել շրջաններուն մէջ եւ անոնց ճամբով իր առաքելութիւնն ու պատգամը փոխանցել: Պիւտճէի գծով  «Ազդակ»-ի մէկ հարցումին պատասխանելով` Գարապաճաքեան յայտնեց, որ վստահաբար պիւտճէի հարց կայ, որովհետեւ առանց պիւտճէի որեւէ հարց կարելի չէ լուծել, «եւ այս գծով պիտի փորձենք յարմարագոյն ձեւը որդեգրել»:

Աւարտին կամաւորները եւ ներկաները համախմբուեցան Պուրճ Համուտի «Մար Եուսեֆ» եկեղեցւոյ սրահը, ուր Շաքեր Նուն կամաւորներուն, ինչպէս նաեւ շրջանի բնակիչներէն մասնակցելու եկած ներկաներուն մանրամասնութիւններ տուաւ նախարարութեան  նշեալ ծրագիրի գործադրութեան մասին: Իրենց կարգին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ճորճ Գրիգորեան, Գրիգոր Թերզեան եւ Յովիկ Գարապաճաքեան ներկայացուցին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (4 Յուլիս 2019)

Յաջորդը

Հայ Մամուլին Նուիրուած Համահայկական Համագումարը Շարունակեց Իր Աշխատանքները

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?