Ժառանգութիւն կուսակցութեան գրասենեակին մէջ 3 յուլիսին տեղի ունեցած է ՀՅԴ-ի նախաձեռնած քաղաքական հանդիպումը:
Դաշնակցութեան կողմէ մասնակցած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան եւ Արմենուհի Կիւրեղեան, Ժառանգութիւն կուսակցութենէն` նախագահ Անդրանիկ Գրիգորեան, փոխնախագահ Նարինէ Դիլբարեան, Գործադիր մարմնի անդամներ Հայկ Գասպարեան եւ Գագիկ Մարգարեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են միացեալ գործունէութիւն տանելու հաւանական ուղղութիւնները, իբրեւ համագործակցութեան եզրեր ընտրուած են դատաիրաւական բարեփոխումները, Ընտրական օրէնսգիրքի եւ «Կուսակցութիւններու մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները:
Նշուած է, որ Արցախի եւ Հայաստանի հետագայ առաւել սերտ գործակցութեան հարցին մէջ երկու կուսակցութիւններու դիրքորոշումները ընդհանուր են, եւ քաղաքական անցեալին վերադարձ չի կրնար կատարուիլ այլեւս: