Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ջանքերով ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Բանաձեւէն Վերցուած Են Հակահայկական Ձեւակերպումները

July 8, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնախումբը որդեգրած է ֆրանսացի պատուիրակի մը կողմէ առաջարկուած կէտ մը, որով կ՛արձանագրուի, թէ Արցախի հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի բացառապէս Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափին մէջ` երեք հաւասարազօր սկզբունքներու հիմամբ` ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման:

Հայաստան կրցած է կանխարգիլել նաեւ բանաձեւերէն մէկուն մէջ հակահայկական ձեւակերպումներու ընդգրկումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Դիմատետրի ուղիղ սփռումով յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան:

«Մեզի համար ամէնէն հիմնական հարցը այն էր, որ երէկ եւ այսօր Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական յանձնախումբը կը քննարկէր Իրլանտացի երեսփոխանի մը կողմէ առաջարկուած բանաձեւ մը, ուր տարբեր պատճառներով տեղ գտած էին որոշ հայկական կէտեր: Եւ ատիկա պէտք է քննարկուէր յանձնախումբին մէջ ու քուէարկուէր: Բնականաբար մենք կը հասկնանք, որ այս ամէնը կրնար տեղի ունենալ ոչ առանց ազրպէյճանցիներու աշխուժ միջամտութեան: Այն պահէն, երբ տեղեկացանք, որ այդպիսի բան կայ, սկսանք խորհրդարանական դիւանագիտութեան բոլոր խողովակներով աշխատիլ, որպէսզի կանխարգիլենք բոլոր հակահայկական ձեւակերպումները: Մասնաւորաբար բանաձեւին մէջ կար ձեւակերպում` այսպէս կոչուած «Ազրպէյճանի 7 շրջաններու վերաբերեալ»: Եւ մեր պատուիրակութիւնը իր աշխուժ ջանքերով կրցաւ այնպէս ընել, որ այդ անհեթեթ ձեւակերպումը դուրս եկաւ, եւ պիտի չըլլայ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի բանաձեւին մէջ», ըսաւ Հայկ Կոնջորեան:

Ան կարեւոր նկատեց նաեւ որդեգրումը երկու կարեւոր փոփոխութիւններու, որոնցմէ մէկը ներկայացուցած էր ֆրանսացի պատուիրակը, միւսը` պատուիրակութեան ղեկավարը: «Այդ երկու կէտերը կ՛արձանագրէին, որ բանակցութիւններով կայ հսկայ յառաջընթաց, եւ որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի բացառապէս Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափին մէջ եւ երեք հաւասարազօր սկզբունքներու հիմամբ` ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրարկումը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ազգերու ինքնորոշումը», ըսաւ Կոնջորեան եւ կարեւոր նկատեց, որ ատիկա արձանագրուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնախումբին մէջ:

Ան նշեց, որ Ազրպէյճան անընդհատ կը փորձէ բանակցային հոլովոյթը դուրս բերել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափէն, եւ կը փորձէ օգտագործել բոլոր հարթակները, որպէսզի իր խայտառակ միակողմանի բառապաշարը միջազգային ընտանիքի մօտ դարձնէ քննարկման առարկայ: Այս առումով ան շատ կարեւոր նկատեց, որ կարելի եղաւ Խորհրդարանական վեհաժողովին մակարդակով հաստատել, որ ղարաբաղեան հարցով զբաղող միակ օրինական կառոյցը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնն է, եւ որ խնդիրը պէտք է լուծուի Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի հաւասար սկզբունքներուն հիման վրայ:

 

Նախորդը

Ըստ Թուրքիոյ Մէջ Կատարուած Հարցախոյզի Մը. Հայաստանը Թուրքիոյ Համար Ամէնէն Շատ Վտանգ Ներկայացնող Երկիրներու Շարքին Է

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբը Ողջունած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հոլովոյթը

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.