Մեր Կորուստները. Մահացած Է Դեսպան Արման Կիրակոսեան
63 տարեկանին մահացած է Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Ան առաջին իսկ օրէն կանգնած եղած է նորանկախ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան կայացման ակունքներուն եւ իր անգնահատելի ներդրումը ունեցած է այդ գործին մէջ:
Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Կիրակոսեաններու ընտանիքին եւ հարազատներուն, բոլոր անոնց, որոնք կը սգան անոր կորուստը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Share This Article