Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդակցութիւններու Ծրագիրի Ստորագրում` Արցախի Ու Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

Յուլիս 6, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Մասիս Մայիլեանն ու Զոհրապ Մնացականեան երէկ` 5 յուլիսին, ստորագրած են երկու նախարարութիւններուն միջեւ 2019-2020-ի խորհրդակցութիւններու ծրագիրը:

Պատասխանելով երկու հայկական հանրապետութիւններու  նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած յուշագիրի կարեւորութեան մասին հարցումին` Մասիս Մայիլեան նշած է, որ առաջին անգամ ըլլալով ստորագրուած խորհրդատուութիւններու ծրագիրը հիմնուած է երկու նախարարութիւններու համագործակցութեան հռչակագիրին հիման վրայ:

«Ասիկա կարեւոր փաստաթուղթ է, որ կը բարձրացնէ երկու նախարարութիւններու յարաբերութիւններու մակարդակը` հաստատութենական բնոյթ տալով յարաբերութիւններուն: Այս փաստաթուղթի հիման վրայ պիտի շարունակենք աշխուժ համագործակցիլ ո՛չ միայն նախարարներու, այլեւ փոխնախարարներու եւ տարբեր ստորաբաժանումներու մակարդակով», ըսած է Մայիլեան եւ նշած, որ Արցախի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը շատ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներգրաւուած ըլլալով եւ աշխատելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ` չի կրնար ընել գործողութիւններ, որոնք համակարգուած չեն Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ: Այդ իսկ պատճառով մեզի համար անհրաժեշտ է պահպանել բաւական աշխուժ խորհրդակցութիւններու մակարդակ», իր կարգին ըսած է Զոհրապ Մնացականեան:

Մայիլեան. «Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ Հայաստանի Մօտեցումները Կը Համընկնին Արցախի Դիրքորոշման Հետ»

Երէկ` ուրբաթ, 5 յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարներ Մասիս Մայիլեանն ու Զոհրապ Մնացականեանը արտաքին գործոց նախարարութիւններուն  միջեւ 2019-2020-ի խորհրդակցութիւններու ծրագիրի ստորագրութենէն ետք զրոյց մը ունեցած են լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն  հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ներկայացուցած է բանակցային հոլովոյթին մէջ Հայաստանի դիրքորոշումը:

«Լեռնային Ղարաբաղի լիարժէք մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն շատ կարեւոր եւ գործնական հարցերէն է, որովհետեւ հոլովոյթին մասնակից գործօններէն մէկուն բացակայութիւնը կը բարդացնէ խաղաղ լուծման հոլովոյթի արդիւնաւէտ յառաջընթացը: Լեռնային Ղարաբաղը քաղաքական միաւոր է, որ ունի բնակչութեան կողմէ ընտրուած իշխանութիւն, որ եւ պէտք է լիարժէքօրէն ներգրաւուի բանակցութիւններուն մէջ: Սեփականութեան զգացումի ամրապնդումը բանակցային խաղաղ հոլովոյթի ծիրին մէջ բոլորիս համար կարեւոր հարց է», ըսած է Մնացականեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ բանակցութիւններու համապատասխան միջավայրի անհրաժեշտութիւնը:  Նախարարին համաձայն, «մէկ ձեռքով կրակել, միւս ձեռքով բանակցիլ» իրավիճակին մէջ կարելի չէ աշխատիլ:

«Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ հոլովոյթին կողմ հանդիսացող Հայաստանն ու Արցախը ունին պաշտպանուելու բաւարար ներուժ, եւ որ սպառանալիքը գործնական չէ», շեշտած է նախարարը:

Իսկ անդրադառնալով Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան հարցին` Մնացականեան նշած է, որ արցախցիներու ֆիզիքական անվտանգութեան հարցը համայն հայութեան ինքնութեան պաշտպանութեան խնդիր է:

 

 

Նախորդը

10 Յուլիսին Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ Ֆրանս-Ազրպէյճանական Համագործակցութեան

Յաջորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպում Ունեցած Է Վիեթնամի Վարչապետին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?