«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլի շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ապագայ լրագրողներուն ընթացիկ հանդիպումը:
Լրագրական վարժողական ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան ներկայացուց լուրին կառոյցը եւ լուր մը գրելու յատկանիշները:
Հանդիպումը եղաւ ներգործօն եւ աշխատանքային` լուր մը գրելու իմաստով:
Յայտնենք, որ Ապագայ լրագրողները ամառնային դադարէ մը ետք պիտի վերադառնան ամբողջացնելու` պատրաստուած լրագրողներու վարժողական ծրագիրը: