6 յուլիսի առաւօտեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Վիեթնամի Ազգային ժողովի նախագահ Նկույեն Թխի Քիմ Նկանի հետ:
Վերջինս բարձր գնահատած է վարչապետի պաշտօնական այցելութիւնը Վիեթնամ եւ նշած, որ անիկա նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն զանազան ոլորտներու մէջ: «Մենք կը հետեւինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, կը շնորհաւորենք ձեզ արձանագրուող յաջողութիւններուն եւ միջազգային ասպարէզին մէջ Հայաստանի դիրքի ամրապնդման առնչութեամբ», ըսած է Վիեթնամի Ազգային ժողովի նախագահը` աւելցնելով, որ անոնք ամէն ձեւով պիտի աջակցին երկկողմանի կապերու զարգացման:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ ունեցած է Վիեթնամի իր գործընկերոջ հետ` ձեռք բերելով յստակ պայմանաւորուածութիւններ: «Աշնան Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք միջկառավարական յանձնախումբի նիստին պիտի քննարկուի հարցերու լայն շրջանակ եւ ընդունուին արդիւնաւէտ որոշումներ` մուտքի արտօնագիրի դրութեան դիւրացման, զբօսաշրջութեան մարզին մէջ կապերու զարգացման, կրկնակի հարկումը բացառող համաձայնագիրի ստորագրման եւ այլ ուղղութիւններով: Պայմանաւորուած ենք նիստի շրջագիծին մէջ կազմակերպել նաեւ պիզնես ֆորում, որ պիտի նպաստէ առեւտրական-տնտեսական կապերու զարգացման եւ ընդլայնման», ըսած է վարչապետը: Վարչապետին համաձայն, Հայաստանին եւ Վիեթնամին կը կապեն աւանդական յարաբերութիւնները: Վարչապետը նշած է նաեւ, որ Վիեթնամի հիմնադիր Հօ Շի Մինի` 1959-ի Հայաստան այցելութենէն մեր ժողովուրդին մօտ մնացած են ջերմ յիշողութիւններ:
Զրուցակիցները ընդգծած են, որ Հայաստանի վարչապետին` Վիեթնամ այցելութեան շնորհիւ երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած է համագործակցութեան բարենպաստ մթնոլորտ եւ կողմերը պէտք է շարունակեն աշխուժ գործակցութիւնը շօշափելի արդիւնքներ արձանագրելու նպատակով:
Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտելով Վիեթնամ իր պաշտօնական այցելութիւնը մեկնեցաւ Սինկափուր, ուր հանդիպում ունեցաւ Սինկափուրի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: