Կազմակերպութեամբ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ համագործակցութեամբ «Արցախ ֆոնտ»-ին, լիբանանահայ 9 աշակերտներ շաբաթ, 20 յուլիսին հասան Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան եւ ուղղուեցան Արցախ` մասնակցելու համար «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարին:
9-րդ տարին ըլլալով կազմակերպուած ճամբարին լիբանանահայ աշակերտները առիթ պիտի ունենան կապ հաստատելու իրենց տարեկից արցախցի եւ հայաստանցի պատանիներու հետ, հետեւելու դաստիարակչական ծրագիրի մը, մասնակցելու զանազան ձեռնարկներու, ծանօթանալու Արցախի պատմական եւ մշակութային արժէքներուն, ինչպէս նաեւ հայ զինուորին առօրեային:
«Ասպետ» ճամբարին մասնակցող երկրորդական վարժարաններու աշակերտներն են.
– Ազգային միացեալ վարժարանէն Վազգէն Այնէճեան
– Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանէն Պարոյր Սթանպուլեան եւ Վարանդ Մաճարեան
– Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն Սերժ Խաչերեան, Կարպիս Տէր Ղազարեան, Սերժ Գազանճեան, Նարեկ Գէթենճեան եւ Կարէն Գազանճեան:
– Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն Արի Աւետիս
«Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարը կը սկսի այսօր` երկուշաբթի, 22 յուլիս 2019-ին եւ կ՛աւարտի կիրակի, 28 յուլիս 2019-ին:
Նշենք, որ «Ասպետ» ճամբարին մասնակիցները նախապէս հանդիպում մը ունեցած էին «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչներուն հետ եւ տեղեկացած ճամբարին մանրամասնութիւններուն մասին:




