«Մարդու Իրաւունքները Եւ Կիները Հայաստանի Զինուած Ուժերուն Մէջ» Ծրագիրի Քննարկում
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Ճուտիթ Մարկրեթ Ֆարնուորթը եւ Երեւանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակի ղեկավար Նաթալիա Վութովան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Բրիտանիոյ կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող եւ Երեւանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակին կողմէ իրականացուող նոր` «Մարդու իրաւունքները եւ կիները Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ» ծրագիրի մեկնարկին ու իրականացման առնչուող հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատած են ծրագիրի շարունակականութեան...



















