Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական սըր Ճոն Լորիմըրը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի շրջակայքը ընթացող պատերազմներն ու անոնց հետեւանքները կը ճնշեն երկրին վրայ, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն եւ պաղեստինցի գաղթականներուն ստեղծած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կը զօրակցի այն նախաձեռնութիւններուն, որոնց նպատակն է երկրին մէջ ապահովական կայունութիւն իրականացնել, որովհետեւ ապահովութեան հաստատումով Լիբանանի բեռը կը թեթեւնայ, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառած ծանր բեռը: «Ի յայտ եկած է, որ հակառակ 318 հազար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին, տեղահանուածներուն թիւը Լիբանանի մէջ տակաւին մէկ միլիոն վեց հարիւր հազար է», ըսաւ նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ կը յուսայ, որ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները, որոնց շարքին նաեւ Բրիտանիան եւ բարեկամ երկիրներ, օժանդակեն Պէյրութին, որպէսզի Իսրայէլ վերջ տայ Լիբանանի դէմ իր գործած ցամաքային եւ ծովային ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հողերու բռնագրաւումին:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը` լիբանանեան բանակին տրամադրած զինուորական վարժութիւններուն, սահմանային հսկողութեան համար տրամադրած աշտարակներուն, ինչպէս նաեւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին Բրիտանիոյ մասնակցութեան համար` Լիբանանի տնտեսութեան զօրակցութեան նպատակով:
Սըր Լորիմըր շեշտեց, որ Բրիտանիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ հսկողութեան աշտարակներ տրամադրել, ինչպէս նաեւ օժանդակել երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւման:
Ան նշեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը մաս կը կազմէ դէպի շրջանի երկիրներ իր շրջապտոյտին, որուն նպատակն է արժեւորել արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններն ու հարցերը լուծելու միջոցները:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց սըր Ճոն Լորիմըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Սըր Ճոն Լորիմըր այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները, յատկապէս զինուորական մակարդակի վրայ:
Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ իր կարգին ընդունեց սըր Լորիմըրը, որուն հետ քննարկեց վերջերս Լոնտոն կատարած իր պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները:
Պու Սաապ եւ Լորիմըր ընդգծեցին ցամաքային սահմաններու հսկողութեան մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Սըր Ճոն Լորիմըր այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի:
Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային ապահովական եւ քաղաքական իրադարձութիւնները:



