Հայաստանի Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ ընտրուած է Ռուբէն Վարդազարեանը: Խորհուրդի մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու ծառայութենէն յայտնած են, որ` ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 174-րդ յօդուածի, «Հայաստանի Հանրապետութեան դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 84-րդ յօդուածի պահանջներով, 19 յուլիսին կայացած է խորհուրդի նախագահի ընտրութիւնը: Օրէնքով սահմանուած կարգով, խորհուրդը գաղտնի քուէարկութեամբ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ ընտրած է Ռուբէն Վարդազարեանը:



