Կիպրոս ամբողջութեամբ աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան:
«Կիպրոս ամբողջութեամբ աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը եւ այդ մասին 19 յուլիսին տեղեկացուցած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդին», գրած է ան:
Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է 24 նոյեմբեր 2017-ին, Պրիւքսելի մէջ:
Համաձայնագիրը մինչեւ հիմա վաւերացուցած են Պուլկարիան, Դանիան, Էսթոնիան, Բրիտանիան, Լիթուանիան, Լաթվիան, Լիւքսամպուրկը, Մալթան, Լեհաստանը, Ռումանիան, Գերմանիան, Ֆինլանտան, Հունգարիան, Շուէտը, Սլովաքիան: Համաձայնագիրը վաւերացուցած է նաեւ Հայաստանը:
Կիպրոսի խորհրդարանը Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը վաւերացուցած է 28 յունիս 2019-ին: