Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անթիլիասի Մամլոյ Համահայկական Համագումարը Պէտք Է Վերածուի Մնայուն Գործընթացի» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

July 22, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 20 յուլիս 2019-ին, Ուրուկուէյի հայկական ռատիոժամին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին վեհափառ հայրապետը, անդրադառնալով վերջերս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ մամուլի համահայկական համագումարին, կոչ ուղղեց մամլոյ մշակներուն համագումարը վերածելու մնայուն գործընթացի: Ան ըսաւ, թէ որեւէ համագումար (ինչպէս որեւէ յեղափոխութիւն) իր լիառատ իմաստը կը ստանայ ու նպատակը կ՛իրագործէ, երբ վերածուի գործընթացի: Այլ խօսքով, յստակ ծրագիրներ մշակելու ու նպատակներ իրագործելու հաւաքական աշխատանքին: «Այս կոչը ուղղեցինք մենք համագումարի մասնակիցներուն: Նոյնը կը կրկնենք այսօր», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը` վեր առնելով  համագումարին համահայկական բնոյթ ունենալու նշանակութիւնը: «Մեր մտածումներուն, գործերուն, ծրագիրներուն մղիչ ուժն ու նպատակը պէտք է դառնայ համահայկականը` մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Սա լոզունգ չէ, այլ մարտահրաւէր է` ուղղուած բոլոր պատասխանատուներուն ու կառոյցներուն: Այսպէս, անջատ-անջատ պիտի ծրագրենք ու գործենք, եւ այս մօտեցումը պիտի ջլատէ մեր ազգին ներուժը»:

Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ հայ մամուլը առաքելութիւն է եւ ան կոչուած է վճռական դերակատարութեան մեր կեանքին մէջ: «Այս նախանձախնդրութենէն ու սպասումէն մեկնած մենք կազմակերպեցինք Հայ մամուլի համահայկական համագումարը: Ճիշդ է, մօտեցումներու տարբերութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ ակներեւ էր, սակայն տարբերութիւնը անհրաժեշտ է ներդաշնակել ի խնդիր համահայկական արժէքներուն ու ձգտումներուն»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, ուր համացանցը դարձած է տիրական ներկայութիւն` բոլոր բնագաւառներուն մէջ, համահայկական լրատուութեան ցանցի մը ստեղծումը աւելի քան հրամայական է:

 

Նախորդը

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Աթալլա. «Գաղթականներու Թղթածրարը Ազգային Եւ Մարդասիրական Թղթածրար Է, Իսկ Մեր Նպատակն Է Պէտք Եղած Գումարը Ապահովել` Փակելու Համար Այս Նախարարութիւնը»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.