Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

July 22, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումին շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յ. Բագրատունի արտասանեց իր խօսքը` իբրեւ լիբանանցի քաղաքական գործիչ, որ ապրած է լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներուն տեսած դժուարութիւնները:

Ստորեւ` անոր արտասանած խօսքին  ամբողջութիւնը.

«Ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ տեսակի հարցի լուծման բանալին հաղորդակցութիւնն է, իսկ օրինակելի ու կատարեալ աշխարհին մէջ խորհրդարանները, Ազգային ժողովները եւ քոնկրեսները կը կազմեն հաղորդակցութեան այն կերպերը, որոնցմով կարելի կ՛ըլլայ լաւագոյն եւ բարւոք լուծումներ ապահովել:

Սակայն մեր ապրած ոչ կատարեալ աշխարհին մէջ, ուր ազգային մակարդակի վրայ սուր լարուածութիւն կայ, եւ հաղորդակցութիւնը տրամաբանական զրոյց մը ըլլալէ աւելի յաճախ կրքոտ ու ամբոխահաճ է, քաղաքական ուժերուն միջեւ յարաբերութիւններն ու երկխօսութիւնները անհրաժեշտ են` յանգելու համար այնպիսի լուծումներու, որոնք կարելի կը դարձնեն  ժողովուրդին բարօրութիւնը:

Ուղղակի մարտահրաւէր մըն է հասկնալ, թէ գաղափարական, աշխարհագրական եւ տնտեսական տարբեր ենթահողեր ունեցող քաղաքական ուժեր ի՛նչ տեսակէտ կը բաժնեն եւ ի՛նչ կեցուածք որդեգրած են, երբ հարցը կը վերաբերի ազգային շահերուն: Դժուար է հաստատել, թէ ինչո՛ւ քաղաքական որոշ ուժեր խորհրդարանին մէջ կամ անկէ դուրս յայտարարութիւններ կը կատարեն` ընտրական հաւաքներու ընթացքին, կամ ընտրարշաւի ընթացքին տրուած խոստումներուն ընդմէջէն, կամ այլոց դէմ սադրանքներ նախապատրաստելով եւ քաղաքական դէմքեր սպանութեան թիրախ դարձնելով:

Այս մարտահրաւէրը կարելի է շրջանցել քաղաքական ուժերուն միջեւ հաղորդակցութեան խողովակներ հաստատելով, այնպիսի խումբերու կամ յանձնախումբերու կողմէ, որոնք կուսակցութիւններուն միջեւ բեւեռացումէն շահեր չեն ապահոված:

Հանրային կապի յանձնախումբերու, բանակցող խմբակներու, միջնորդներու եւ երրորդ կողմերու դրութեան ընդմէջէն հաղորդակցութեան խողովակները բաց ձգելը այն ձեւերէն մէկն է, ուր ազգային շահերուն վերաբերող հարցեր կրնան քննարկուիլ լուսարձակներէ եւ բեւեռացումի միջավայրերէ հեռու:

Բանակցութիւններու հոլովոյթը կրնայ ներառել անձնական յարաբերութիւններ, յստակ բացատրութիւններ եւ ըմբռնում` քաղաքական կուսակցութեան եւ անոր ղեկավարութեան վստահութիւն ու համագործակցութիւն ներշնչելու համար:

Խնդրայարոյց եւ բեւեռացում յառաջացնող հարցի մը մասին տարակարծիք քաղաքական ուժերու կողմէ երրորդ կողմի մը նկատմամբ վստահութիւնը յաճախ լաւագոյն ընտրանքն է` լուծելու համար խնդիր մը: Քաղաքական ուժ մը, որ իր կացութիւնը բարելաւելու կամք ունի եւ քաղաքական կեանքին մէջ իր վարկը բարձրացնելու ճիգ կը թափէ, միշտ ալ պիտի փափաքի, որ քաղաքական միջավայրը կայուն եւ լաւ վիճակի մէջ գտնուի: Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ երրորդ ուժի մը միջամտութիւնը միշտ առկայ է, ըլլայ ան նախագահական ընտրութիւններուն, աշխատաւորներու իրաւունքներուն եւ որեւէ այլ հարցի պարագային:

Նրբանցքի քաղաքականութիւնը եւ անձնական յարաբերութիւնները իրենց կարգին կրնան գլխաւոր դերակատարութիւն ունենալ տագնապներու լուծման նպատակով: Անձնական վստահութիւնը եւ ուրիշին բարոյական արժէքները իմանալը անհրաժեշտ են` ըմբռնելու համար հարցի մը դրդապատճառները, կացութեան մը ետին գտնուող քողարկուած ճշմարտութիւնը: Հետեւաբար, շարժառիթներու եւ դրդապատճառներու բացայայտումը հարցը արդէն իսկ կիսով կը լուծէ:

Այնուամենայնիւ կայ հիմնական ճշմարտութիւն մը, որուն համաձայն,  քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ հաղորդակցութեան ապահովումը կամենալու հարց է: Այս պատճառով է, որ հաղորդակցութեան մնայուն խողովակներ պէտք է առկայ ըլլան, հաղորդակցութիւնը մնայուն պէտք է ըլլայ, որովհետեւ եթէ հակառակորդ քաղաքական ուժերու միջեւ տարակարծութիւն մը կամ տագնապ մը արձանագրուի, ապա շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ զանոնք նոյն սեղանին վրայ երկխօսութեան հրաւիրել, եւ կամ հարցերուն լուծում գտնել, երբ անոնց արիւնը կ՛եռայ:

Քաղաքական անձնաւորութիւնները մարդ արարածներ են եւ մարդ արարածները հանրութեան մէջ տարբեր կերպով կը վարուին` նկատի ունենալով, որ անոնք կը գտնուին զիրենք ընտրողներուն դիմաց, կ՛առաջնորդուին իրենց ներկայացուցած շերտին բարոյական արժէքներով եւ համակարգով, ի մտի կ՛ունենան  քաղաքական ճիշդ մշակոյթ մը ստեղծելու արդի կանոնները, կը մտահոգուին թիւրիմացութենէ եւ անոր հետեւանքներէն, որոնք մեղադրանքի եւ ամբաստանութեան դռներ կը բանան, հետեւաբար սխալ մեկնաբանութենէ խուսափելու նպատակով անոնք կ՛ընտրեն իրենց բառերը եւ երկարաշունչ ճառերը` հանրութեան դիմաց:

Կ՛արժէ ըսել նաեւ, որ քաղաքական այս նոյն անձնաւորութիւնները, ինչպէս բոլոր մարդ արարածները, տարբեր են, եթէ ճանչնաս զանոնք: Ուրեմն, անձնական յարաբերութիւնները, յատկապէս քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն, անդամներուն կամ ներկայացուցիչներուն միջեւ, կ՛օժանդակեն, որ տարբեր կուսակցութիւններուն միջեւ տագնապները լուծման կամ աւելի հանգիստ իրավիճակի մը յանգին դռնփակ հանդիպումներու ընթացքին:

Տարակարծիք քաղաքական ուժերուն միջեւ հարցերուն շուրջ դէմ առ դէմ եւ թափանցիկ հաղորդակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնը` հանրութեան աչքերէն հեռու, կրնան փարատել խոչընդոտները, մեղմացնել կարծր կեցուածքները, քննարկել հարցի լուծման նախաձեռնութիւնները, եւ այսպիսով հորիզոնին վրայ կը սկսի երեւիլ  համաձայնութիւն մը գոյացնելու կարելիութիւնը:

Անձնական, յանձնախմբային եւ հանրային յարաբերութիւններու ընդմէջէն հաղորդակցութեան մնայուն կապերու պահպանումը ո՛չ միայն պիտի օժանդակէ հարցերու լուծման եւ արագ ըմբռնումին, այլ` պիտի վերածուի քաղաքական մնայուն ժողովի մը, ուր հարցերն ու կացութիւնները կրնան քննարկուիլ` խորհրդարանական կարծր քաղաքականութենէ եւ լոպիինկի ծանրակշիռ ազդեցութենէ հեռու:

Քաղաքական այս մնայուն ժողովին պարագային կուսակցութիւնները կրնան քննարկել այնպիսի հարցեր, որոնք ուղղակի գաղափարական տարբերութիւններու չեն անդրադառնար, եւ ինքնաբերաբար այս խորհրդակցութիւններն ու զրոյցները կրնան համագործակցութեան կարելիութիւն ստեղծել, որուն շնորհիւ քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ հեռաւորութիւններու կրճատումը անխուսափելի կը դառնայ:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց Տնտեսական Յեղափոխութեան Հայեցակարգային Դրոյթները

Յաջորդը

Հոլանտայի Գերագոյն Դատարանը Վճռած Է, Որ Երկիրը Մասնակիօրէն Պատասխանատու Է Սրեպրենիցայի Կոտորածին Համար

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.