Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այս Իշխանութեան Վերարտադրութիւնը Վտանգ Է Մեր Պետականութեան Համար»

June 23, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 22 յունիսին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան, անդրադառնալով «Հայաստան» դաշինքի անդամ Արմէն Չարչեանը կալանաւորելու վերաբերեալ միջնորդութեան քննութեան, ըսաւ. «Այսպիսով կ՛ուզեն վախցնել»:

«Նպատակը Նիկոլի բռնապետութիւն հաստատելն է երկրին մէջ, մէկ անձի բռնապետութիւն հաստատելն է, որ մենք պիտի չարտօնենք», ըսաւ ան եւ  նշեց, որ բոլոր կարելի միջոցներով պիտի պայքարին:

«Այս իշխանութեան վերարտադրութիւնը վտանգ է մեր պետականութեան համար», ըսաւ Սաղաթէլեան եւ ակնյայտօրէն նկատեց, որ ճնշումներ կը  գործադրուին դատարանին նկատմամբ:

«Անընդհատ ժողովրդավարութեան մասին խօսող անձը ժողովրդավարութեան կամ ժողովուրդին հետ կապ չունի: Ինք պիտի փորձէ բռնապետութիւն հաստատել, մեր առաքելութիւնն է` թոյլ չտալ եւ  կանխել: Ասիկա սկիզբն է, ան պիտի փորձէ լրատուամիջոցները, ընդդիմադիրները, այն համայնքապետները, գործարարները, որոնք իրեն հետ չեն, լռեցնել: Ինք պիտի փորձէ բոլորին լռեցնել, իր ձեռքը եթէ ճար ըլլայ, այս 270 հազար մարդոց, որ մեզի քուէ տուած են, բոլորին կալանաւորել: Այս է այս մարդը», ըսաւ Սաղաթէլեան եւ նշեց, որ իրենք այս գործելակերպը պիտի չարտօնեն:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքը Կ՛անդրադառնայ Երկրին Մէջ Սկսած Քաղաքական Բռնաճնշումներուն

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Առաջնորդներու Մամլոյ Ասուլիսը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.