Սոյն թուականի 18-ին եւ 19-ին տեղի ունեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան առցանց ձեւաչափով բարձրագոյն ժողովը (IUSY World Congress), որ կը գումարուի 2 տարին մէկ անգամ: Ժողովին մասնակցած էին շուրջ 60 երկիրներու կազմակերպութիւններու պատուիրարկութիւններ: Բարձրագոյն ժողովի ընթացքին ղեկավար մարմինը կը ներկայացնէ իր աշխատանքային զեկոյցը,կը ճշտուի կազմակերպութեան ապագայ ընելիքները, կ’ընտրուի նաեւ նոր ղեկավար մարմին: ՀՅԴ Երիտասարդականի կողմէն մասնակցած էին` Արշակ Մեսրոպեան, Մելինէ Մաթոսեան եւ Սարինէ Աբրահամեան: Ժողովի ընթացքին կարեւոր տեղ գրաւած է տարբեր բանաձեւերու ներկայացումն ու որդեգրումը: ՀՅԴ Երիտասարդականի ջանքերով ընդունուեցաւ Արցախը միջազգայնօրէն ճանչնալու բանաձեւ, որուն հայերէն թարգմանութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ:
Հարկ կը համարենք յայտնել, որ բանաձեւին քուէարկեցին 82 կողմ, 18 ձեռնպահ եւ չեղաւ որեւէ կազմակերպութիւն որ դէմ քուէարկեց բանաձեւին: Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ նոր նախագահութեան ընտրութիւն, որուն հետեւանքով ՀՅԴ Երիտասարդականի թեկնածու` Սարինէ Աբրահամեան ընտրուեցաւ միջազգային կազմակերպութեան փոխնախագահ: Յիշեցնենք, որ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան կ’անդամակցին մօտ 145 ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կազմակերպութիւններ, աւելի քան 100 երկրէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը միջազգային միութեան լիիրաւ անդամ է: 27 Սեպտեմբերին Ատրպէյճան լայնածաւալ ու անառարկելի պատերազմ սանձազեռծեց Արցախի եւ Հայաստանին դէմ:
Ատրպէյճան պատերազմ սկսաւ անկախ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարի կոչին` հաստատելու համաշխարհային զինադադար համաճարակի ընթացքին: Այս յարձակումները ուղղակիօրէն խախտած են 1994 թուականին Հայաստանի, Արցախի, Ատրպէյճանի կողմէն ստորագրուած հրադադարի դրութիւնը: Թուրքիոյ աջակցութեամբ պատերազմը շարունակեց թէժանալ քաղաքացիական բնակավայրերու անխնայ ռմբակոծութիւններով յարձակելով դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ եկեղեցիներու վրայ: Թուրքիան հրապարակաւ յայտարարած է իր աջակցութեան մասին եւ կը շարունակէ ռազմական օգնութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին: Տարածաշրջանանը անկայունացնելու տագնապային իրավիճակ ստեղծելով Թուրքիան նաեւ կազմակերպած է Սուրիայէն վարձկաններու մասնակցութիւնը եւ իր յատուկ ջոկատայիններուն, միանալու Արցախի դէմ պատերազմին: ՀԵտեւաբար կան հազարաւոր զոհեր`բազմաթիւ խաղաղ բնակիչներ: Արցախի բնակչութեան գրեթէ կէսը տեղահանուած է եւ ճամբայ բռնած դէպի Հայաստան ` ապաստան գտնելու համար: Հայ գերավարուածները դաժանօրէն տանջահարած են եւ սպանած են: 9 Նոյեմբերին ստորագրուեցաւ եռակողմ համաձայնագիր Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ամբողջովին անտեսելով Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները եւ նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ` որպէս օրինական մարմինը, որ իրաւասու է կարգաւորելու հակամարտութիւնը: Այս անարդար համաձայնագիրը ոչ միայն անտեսած է Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, այլ նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ` որպէս օրինական հարթակ, որ իրաւասու մարմինն է լուծելու հակամարտութիւնը:
Նկատիի առնելով, – որ այս համաձայնագիրը չ’ապահովեր Արցախի ժողովրդի իրաւունքները, – չ’ապահովեր Արցախի Հանրապետութեան իրաւական կարգավիճակը, – չ’առաջարկեր հակամարտութեան կայուն լուծում, – որ Եւրոպայի խորհուրդի ռասիզմի եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնաժողովի (ՌԱԵՀ) եւ ՄԱԿ-ի ռասայական խտրականութեան վերացման կոմիտէի (CERD) զեկոյցները կը վկայեն Ատրպէյճանի հայ բնակչութեան ազատ ապրելու անհնարինութեան մասին, – որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու ազատութիւնը չ’երաշխաւորեր Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէն, – որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ աննախադէպ յարձակումը անդադար սպառնալիք կը հանդիսանայ Արցախի հայ բնակչութեան ինքորոշման իրաւունքի իւրացման, – որ Ատրպէյճանը կը ցուցադրէ ծայրայեղ հայատիացութեան վերաբերմունք կառուցելով ցուցահանդէս, ուր երիտասարդութեան ծաղրանքով կը ներկայացուի հայութեան տառապանքները: ԸԵՄՄ-ը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումը եւ անառարկելի յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ կատարուած ռազմական յանցագործութիւնները խաղաղ բնակիչներու, զինուորներու եւ ռազմագերիներու դէմ: ԸԵՄՄ-ը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը Արցախի հակամարտութեան: ԸԵՄՄ-ը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ կողմէն պատերազմին մասնակից դարձած Սուրիոյ վարձկանները: ԸԵՄՄ-ը կոչ կ’ուղղէ միջազգայնօրէն ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Որպէս միջազգայնօրէն ճանչցուած յառաջադիմական կազմակերպութիւն, որ կ’արժեւորէ մարդու իրաւունքներն ու դէմ է մարդկութեան դէմ բոլոր տեսակի յանձագործութիւններուն, մենք կարեւոր կը համարենք որ ԸԵՄՄ-ը հաւատարիմ մնալով իր որդեգրած արժէքներուն յստակ քայլեր ձեռնարկէ: Այդ իսկ պատճառով մենք կոչ կ’ուղղենք ԸԵՄՄ-ին, որ Նամակ յղէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին ` որպէս միակ օրինական մարմինը, որ կրնայ վերահաստատել Արցախի հակամարտութեան խաղաղ բանակցութիւնները: Նամակ յղէ ՄԱԿ-ին յորդորելով Ատրպէյճանին ազատ արձակելու հայ ռազմագերիներն ու պատանդները հրադադարի պայմանագիրին համաձայն: Նամակ յղէ UNESCO-յին յորդորելով անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկեն պահպանելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ: