Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Դաշինքի Առաջնորդներու Մամլոյ Ասուլիսը

Յունիս 23, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 22 յունիսին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդներու մամլոյ ասուլիսը: Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ անոնք անդրադարձան ընտրութիւններու արդիւնքներուն, յետընտրական զարգացումներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն:

Խօսելով ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին, Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածու Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ. «Այն լիազօրութիւնը, որ ստացած է այս իշխանութիւնը, համոզուած եմ, որ վստահութեան լիազօրութիւն չէ, մեր բոլոր հանդիպումները եղած են աւելի մարդաշատ, քան իշխանութեան ներկայացուցիչներու հանդիպումները, կարծիքովս` այստեղ ազդեց նախկին իշխանութիւններու վերադարձի գործօնը»:

«Այդ գործօնը էապէս զօրացուց այն հանգամանքը, որ երեք նախկին նախագահները աշխուժ կը մասնակցէին ընտրութիւններուն, երկուքը` ընտրացուցակներ գլխաւորելով, երրորդը` քարոզարշաւներուն շատ աշխուժ մասնակցելով: Մենք չկրցանք կոտրել այդ հանգամանքը, քանի որ քարոզարշաւը շատ կարճ էր, չէինք հասցներ եւ յատկապէս գիւղական համայնքներուն մէջ քիչ հանդիպումներ ունեցած ենք, եւ եթէ նկատած էք` իշխանութիւնը շատ աւելի մեծ արդիւնքներ արձանագրած է գիւղական համայնքներուն մէջ: Ասիկա, տպաւորութեամբս, ազդեց այնպէս, որ մարդիկ ամէն պարագայի վերջին պահուն մտահոգութիւն ունեցան այդ տեսանկիւնէն եւ գացին քուէարկեցին ներկայ իշխանութիւններու օգտին: Ասիկա կ՛երեւի յեղափոխութեան վերջին փամփուշտն էր, բայց չեմ կարծեր, որ իշխանութիւնը ճիշդ կը գնահատէ իրավիճակը եւ հաստատ կը մտածեն, որ ասիկա նոր լիազօրութիւն է, բայց կը կրկնեմ, որ ասիկա հակառակ կողմէն եկող լիազօրութիւն էր», մեկնաբանեց Քոչարեան:

Ան նշեց, որ չ՛ընդունիր այն կարծիքը, թէ իրենք պարտուած են, քանի որ ասիկա խորհրդարանական ընտրութիւն էր, եւ կը պարտուին անոնք, որոնք չեն անցնիր խորհրդարան: «Միւս քննարկուող հարցը խորհրդարանական աթոռներու հարցն է. ստանձնել, թէ չստանձնել աթոռները, մենք դաշինքին մէջ այս հարցի վերջնական որոշումը դեռ չունինք, ես կրնամ իմ անձնական կարծիքս ըսել, որ մենք ստացած ենք մեր պայքարը շարունակելու շատ լուրջ, նոր կարելիութիւն, պիտի շարունակենք մեր պայքարը, խորհրդարանական պայքարը կրնայ հզօրացնել, այլ ոչ միայն փոխարինել փողոցային պայքարը, եւ այս համատեղումը միայն կը զօրացնէ մեր կարելիութիւնները»:

Երկրորդ նախագահին դիտարկումով` իշխանութեան կազմակերպած նախանցեալ օրուան հանրահաւաքը ցոյց տուաւ, որ վերջիններս պիտի շարունակեն նոյն ոճով աշխատիլ, եւ ոչինչ փոխուած է  անոնց մարտավարութեան մէջ:

Ընտրութիւններու նման արդիւնքի մասին խօսելով` Քոչարեան խոստովանեցաւ, որ արդիւնքները իրենց համար անսպասելի էին: «Կը կարծեմ` անսպասելի էին նաեւ շատերու համար, նախ եւ առաջ այն պատճառով, որ բոլոր հարցախոյզները ցոյց կու տային այլ պատկեր, վստահաբար, մենք պէտք է փորձենք գտնել բացատրութիւն, եւ մենք կ՛ենթադրենք, որ եղած են զանգուածային խախտումներ: Մենք ակնյայտ տեսած ենք վարչական լծակներու կիրարկում եւ այդ պատճառով պիտի դիմենք Սահմանադրական դատարան` ընտրութիւններուն արդիւնքները քննարկելու»:

«Ես գործադիր իշխանութեան մարդ եմ: Ինքզինքս դժուար կը  պատկերացնեմ օրէնսդիր մարմինին մէջ: Խումբիս մէկ մասը կը կարծէ, որ ես պէտք է ըլլամ խորհրդարանին մէջ, օգտագործեմ այդ ամպիոնը քաղաքական պայքարի համար: Միւս մասը կը կարծէ, որ պէտք չէ: Ես նման ցանկութիւն չունիմ: Դեռ վերջնական չեմ որոշած: Պէտք է որոշում կայացնել սառնասիրտ, առանց զգացականութեան: Ես ինքզինքս դժուար կը պատկերացնեմ խորհրդարանին մէջ», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան:

Ռոպերթ Քոչարեան նաեւ յայտնեց, որ իրենց պայքարը շատ աւելի ուժգին պիտի դառնայ, խորհրդարանական լծակները կարելիութիւն պիտի տան աւելի աշխուժ ըլլալ շարք մը ուղղութիւններով:

«Ես չեմ նկատած հաշտութեան ձեռք: Այս իշխանութիւնը այնքան ստած է, որ հաւատալ այլեւս կարելի չէ: 44 օր ստած իշխանութիւնը հիմա նոր բաներ կ՛ըսէ, եւ անմիջապէս իրմէ ետք եկածը լրիւ ուրիշ բաներ կ՛ըսէ: Ասիկա ոճ է, ես կը կարծեմ` դիտորդներուն կամ ինչ որ մէկուն ինչ որ բան ցոյց տալու համար: Աւելի շատ` դուրսի աշխարհին», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան` պատասխանելով այն դիտարկումին, որ Փաշինեանը երէկ յայտարարած է, թէ հաշտութեան ձեռք կ՛երկարէ ընդդիմադիր ուժերուն:

Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ, որ եթէ անոնք հաշտութեան ցանկութիւն ունին, ապա գոնէ 6 ամիս պէտք է այնպէս մը վարուէին, որ կարենան հաւատք ներշնչել:

«Չեմ կրնար հաւատալ այն պարագային, երբ յայտնի բժիշկ Արմէն Չարչեանին կ՛ուզեն տանիլ կալանքի` անհեթեթ մեղադրանքով մը: 5000 զոհի մեղաւոր եւ պատասխանատու դարձած անձեր կը փորձեն կալանաւորել բժիշկ մը, որ հազարաւոր կեանքեր փրկած է: Ասիկա այս իշխանութեան իրական դէմքն է: Եթէ իրենք այդպէս կ՛ուզեն, յստակ գործերով ու քայլերով պէտք է ցոյց տան, որ իրենց մտադրութիւնը ասիկա է: Իրենց կոչերը ունին զերոյական արժէք: Կը կարծեմ` ո՛չ միայն մեզի  համար, այլեւ ձեզի համար», ի պատասխան լրագրողի հարցումին` նշեց Ռոպերթ Քոչարեան:

Ան ըսաւ, որ այսօրուան իշխանութիւնը 2018-ին կարելիութիւն ունեցած է Հայաստանին տալու զարգացման այլ ուղղութիւն:

«Ես եկած եմ Հայաստան, եւ յաջորդ օրը ինծի կալանաւորած են: Զանգուածային հետապնդումներ սկսած են անոնց դէմ, որոնք, ըստ իրենց, ունին որոշակի հեղինակութիւն, պաշար, փորձառութիւն, ազդեցութիւն: Հիմա նոյնը պիտի շարունակեն ընել: Ես պիտի պայքարիմ. այն, ինչ որ կ՛ընեմ հիմա: Մենք պիտի պայքարինք, եւ անոր համար ստացած ենք լրացուցիչ շատ էական լծակներ, կարելիութիւններ», յայտարարեց «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդը:

Ի՞նչ պիտի ընէ դաշինքը խորհրդարանին մէջ` հարցուցին լրագրողները: Խորհրդարանական աթոռներու քանակը կրնա՞յ որեւէ ազդեցութիւն ունենալ օրէնքներու փոփոխութեան ու նախագիծերու ընդունման վրայ:

«Խորհրդարանական խմբակցութիւնը ունի բազմաթիւ կարելիութիւններ` ընդհուպ յանձնախումբեր ձեւաւորելու, ինչ որ հարցեր ուսումնասիրելու, կառավարութենէն պահանջելու որոշակի փաստաթուղթեր որոշակի գործառոյթներու վերաբերեալ, օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու, դիմելու Սահմանադրական դատարան: Մենք պիտի չմոռնանք պայքարի միւս ձեւերը եւ պիտի զբաղինք այս հարցերով, այս լծակները համակարգուած, իրարու հետ պիտի կիրարկուին այս իշխանութեան դէմ պայքարին համար: Իրենց որակն է, նախնականութիւնը` խանգարելու ընտրական գործընթացը: Մենք ունինք բազմաթիւ տուեալներ, որ պարգեւավճարներ բաժնուած են նաեւ ուժային կառոյցներուն մէջ, մենք հրապարակային օրինական թուղթերով պիտի բացայայտենք եւ ցոյց տանք: Օրինակ` Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը մեծ պարգեւավճարներ ստացած է` ամբողջ սպայական կազմը: Ես դէմ չեմ, որ ստանան, բայց կրնային քանի մը օր սպասել, յետոյ տալ, չկապել ընտրական գործընթացներուն հետ», նշեց Ռոպերթ Քոչարեան:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այս Իշխանութեան Վերարտադրութիւնը Վտանգ Է Մեր Պետականութեան Համար»

Յաջորդը

ԸԵՄՄ-ն (IUSY) Ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը. ՀՅԴ Անդամ Սարինէ Աբրահամեան Ընտրուեցաւ Կազմակերպութեան Փոխանախագահ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?