Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյց Դատախազութեան Դիմաց` Ի Զօրակցութիւն Փրոֆ. Արմէն Չարչեանի

Յունիս 25, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 24 յունիսին, Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց: Քաղաքացիները կը պահանջէին Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանէն` գործադրել իր հայեցողական լիազօրութիւնը եւ վերացնել «Հայաստան» դաշինքի անդամ, «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Արմէն Չարչեանի խափանման միջոց կալանաւորումը:

«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդներէն Վահէ Յակոբեան ըսաւ. «Չեմ հասկնար` ինչո՞ւ Չարչեանը: Չարչեանը մտաւորական է, վաստակաշատ բժիշկ, այսօր իրմէ շատ կեանքեր կախեալ են, թէ ինչո՞ւ այս քայլին կը դիմեն` ինծի համար անհասկնալի է, բայց քաղաքական առումով հասկնալի է, որ պետական համակարգը կ՛ուզէ քաղաքական ահաբեկչութիւն կատարել»:

«Անոնք կ՛ուզեն վախցնել մեր համակիրները եւ այն մարդիկը, որոնք մեզի ձայն տուած են», ըսաւ Վահէ Յակոբեան եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք «Հայաստան» դաշինքի ղեկավարը պատրա՞ստ է բողոքի ցոյցերուն մասնակցելու, ան ըսաւ, եթէ անոր կարիքը ըլլայ, Ռոպերթ Քոչարեան կը միանայ եւ չի խուսափիր:

«Մենք այդպէս որոշած ենք, որ տակաւին այդ կարիքը չկայ», ըսաւ Յակոբեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ Տարօն Տօնոյեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր այստեղ հաւաքուած ենք ոչ թէ անոնցմէ հայցելու ներողամտութիւն, մեծահոգութիւն, մենք այստեղ հաւաքուած ենք` պահանջելու արդարադատութիւն իրականացնել: Եթէ դուք արդարադատութիւն կ՛իրականացնէք, ապա ո՞ւր են ձեր մարզպետները, որոնք գիւղապետները կը կանչեն եւ կ՛ըսեն` դիմում գրեցէ՛ք եւ հեռացէ՛ք, ո՞ւր են ձեր նախարարներն ու փոխնախարարները, որոնք նոյնիսկ քաղաքացիական ծառայողները կը կանչեն եւ կ՛ըսեն` դիմում գրեցէ՛ք եւ հեռացէ՛ք: Կ՛ըսեն` տեղական ինքնակառավարման նոր ընտրութիւններուն մնացած է 2 ամիս, կ՛ըսեն` ո՛չ, հիմա պէտք է ընէք», ընդգծեց Տօնոյեան` աւելցնելով, որ ասիկա ուժի ցուցադրութիւն է, ասիկա «երկաթեայ մանդատի»` իբրեւ թէ բռնատիրութիւն, ցուցադրութիւն է:

«Ասիկա հերթական ցուցադրութիւնն է, պիտի ձախողին, բայց, ցաւօք սրտի, անոնց ձախողութիւնը նաեւ մեր երկրի ձախողութիւնն է: Անոնք կ՛ուզեն մեր ողնաշարը վերջնականօրէն կոտրել. պիտի հաստատ ըսենք` պիտի չըլլայ», ըսաւ Տարօն Տօնոյեան:

Ան նշեց, որ իշխող ուժը ազգի դիմադրողականութիւնը կ՛ուզէ կոտրել, որ վաղը-միւս օրը խորհրդարան բերէ հայ-թրքական համաձայնագիրը, բայց պիտի չյաջողին, պիտի չըլլայ: «Արմէն Չարչեանը մեզի համար խորհրդանիշ է»:

ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեանն բողոքի ցոյցին ներկայացաւ 1930-ականներուն Խորհրդային Հայաստանի դատախազ Վիշինսկիի լուսանկարը ձեռքին:

«Աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն շատերը այս մարդուն լուսանկարը տեսնելով կը սարսռան, որովհետեւ Խորհրդային Միութեան մէջ բազմաթիւ մարդիկ 30-ական թուականներուն աքսորուած են, գնդակահարուած են այդ ժամանակուան դատախազ Վիշինսկիի որոշումներով», ընդհանուր դատախազութեան դիմաց տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին յայտարարեց Գ. Մանուկեան:

Ան ընդգծեց, որ եթէ Վիշինսկիի գլխուն կանգնած էր բռնապետ, բայց նաեւ պատերազմ յաղթած Ստալինը, ապա Հայաստանի մէջ ընդհանուր դատախազութեան գլխուն կանգնած է մէկը, որ պատերազմին կրած է խայտառակ պարտութիւն, որմէ 9 ամիս ետք բոլորը մեղաւոր կը  կարգէ, բացի իրմէ:

«Երկուքն ալ ունին բռնապետական յատկանիշներ, որուն պատճառով քաղաքական այլ հայեացքներ ունեցող մարդիկ կը յայտնուին ճաղերուն ետեւ: Վիշինսկիի ոգիով ձեւաւորուած խորհրդային դատախազութիւնը 1953 թուականին հասաւ բժիշկներուն, երբ բազմաթիւ բժիշկներ յայտնուեցան ճաղերու ետին: Այսօր մեր երկրին մէջ տեսանք բան մը, որ չէինք տեսած անցնող 30 տարիներուն ընթացքին», յայտարարեց Գեղամ Մանուկեան:

Ան յայտնեց, որ Չարչեանի առողջական վիճակին վատանալէն ետք փաստաբանները դիմած են դատախազութեան, սակայն մօտ մէկ օր ետք դատախազութենէն արձագանգ չկայ:

«Ես չեմ խօսիր բոլոր զաւեշտալի մեղադրանքներուն մասին: Միայն նկատի առնելով անոր առողջական վիճակը` ընդհանուր դատախազը պէտք է անյապաղ քայլերու ձեռնարկէր փրոֆեսէօր Չարչեանի խափանման միջոցը փոխելու համար: Պահանջը մէկ է ու յստակ, Հայաստանի ընդհանուր դատախազութիւնը պէտք է կատարէ իր օրէնսդրական պարտականութիւնը եւ անյապաղ փոխէ փրոֆեսէօր Չարչեանի խափանման միջոցը», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան:

Մանուկեան նաեւ ընդգծեց, որ պատերազմի ժամանակ Չարչեանը փրկած է բազմաթիւ վիրաւոր զինուորներու կեանքեր:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Հայաստանի Հետ Սահմանին Վրայ Նոր Զօրամաս Բացած Է

Յաջորդը

«Ուաշինկթընի Հետ Նոր Փուլ Պիտի Թեւակոխենք Եւ Խնդիրներու Շրջանցման Կարեւորութեան Շուրջ Փոխհասկացողութիւններ Գոյացուցինք» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

«Մեր Տունը» Հատորին Ներկայացումը`  Լիբանանահայ Գրասէր Խաւի Լսարանին
Գաղութային

«Մեր Տունը» Հատորին Ներկայացումը` Լիբանանահայ Գրասէր Խաւի Լսարանին

Դեկտեմբեր 7, 2025
Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են  Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ս. Էջմիածինի Դիւանապետ  Արշակ Արք. Խաչատրեան  Կալանաւորուեցաւ 2 Ամիսով
Հայկական

Ս. Էջմիածինի Դիւանապետ Արշակ Արք. Խաչատրեան Կալանաւորուեցաւ 2 Ամիսով

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?