Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 24 յունիսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որ շնորհաւորեց Փաշինեանը` Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու կայացման եւ անոր արձանագրած յաղթանակին համար:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմանի յայտարարութիւններու դրոյթներու իրականացման ընթացքին:
Այս պարունակին մէջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարին կողմէ ընդգծուեցաւ ռազմագերիներու վերադարձի առաջնահերթութիւնը:



