Մաքրոն Շարհին Կոչ Կ՛ուղղէ` Սուրիոյ Մէջ Բռնարարքները Զսպելու Եւ Մեղսակիցները Դատելու
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ ետք շաբաթ օր շեշտեց. «Անհրաժեշտ է բռնարարքներու կրկնութենէն խուսափիլ», եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած բռնարարքներու պատասխանատուները դատելու: Մաքրոն «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ վերջին բռնարարքները կ՛արտացոլացնեն այն խիստ փխրունութիւնը, որմէ կը տառապի փոխանցման հոլովոյթը: Պէտք է քաղաքայինները պաշտպանել»: Ան կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ...




















