Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Տապալեց Ապահովութեան Խորհուրդի` Կազայի Մէջ Անյապաղ Զինադադարի Եւ Մարդասիրական Օգնութեան Տրամադրման Կոչ Ուղղող Բանաձեւի Որդեգրումը

September 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ հինգշաբթի գիշեր վեթոյի ենթարկեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագիծը, որ Կազայի մէջ անյապաղ զինադադարի հաստատման կոչ կ՛ուղղէր: Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներէն 14-ը նախագիծին թեր քուէարկեցին, սակայն ամերիկեան վեթոն զայն տապալեց:

Ապահովութեան խորհուրդի ոչ տեւական 10 անդամներուն կողմէ ներկայացուած ծրագիրը կոչ կ՛ուղղէ` անմիջապէս ու առանց նախապայմանի զինադադար հաստատելու եւ կալանաւորուածները ազատ արձակելու:

Նախագիծը մտահոգութիւն կը յայտնէ սովի տարածման եւ Կազա քաղաքին մէջ իսրայէլեան յարձակումի ընդլայնման լոյսին տակ քաղաքայիններու տառապանքին վատթարացման նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղէ` վերցնելու Կազա օժանդակութիւններ հասցնելու դէմ իր հաստատած բոլոր արգելքները:

Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Մորկըն Օրթէյկըս յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ նախագիծը, որ Իսրայէլն ու Համաս շարժումը իրարու հաւասար կը դասէ եւ չի ճանչնար գետնի վրայ իրողութիւնը:

Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ ընդունեց պատերազմին վերջ տալու պայմանները, եւ Համասն է, որ զայն մերժեց` աւելցնելով, որ Համաս պէտք է ազատ արձակէ իր մօտ կալանաւորուածները եւ «անմիջապէս անձնատուր ըլլայ»:

Օրթէյկըսի համաձայն, Կազայի մէջ կարիքաւորներուն օժանդակութիւններ չհասնելու պատասխանատուն Համասն է, որ քաղաքայինները կ՛օգտագործէ իբրեւ իր նպատակներու իրագործման գործիք:

Ռուսիան եւ այլ երկիրներ քննադատեցին ամերիկեան վեթոն` նշելով, որ որոշումը կրնար Կազայի մէջ ողբերգութիւնը կանգնեցնել:

Պաղեստինեան իշխանութիւնը ցաւ ու զարմանք յայտնեց ամերիկեան վարչակազմին կողմէ որոշումին արգելակման նկատմամբ` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի կողմէ վեթոյի կիրարկումը Իսրայէլը կը քաջալերէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իր ոճիրները շարունակելու:

Համաս իր կարգին նշեց, թէ Ուաշինկթընի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը վիժեցնելը Կազայի մէջ «ցեղասպանութեան ոճիրին բացայայտ մեղսակցութիւն է»:

Ասիկա 6-րդ անգամն է, որ երկու տարի առաջ Կազայի մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Միացեալ Նահանգներ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի իր իրաւունքը կը կիրարկէ որոշումներ տապալելու համար:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ծերակոյտին Ներկայացուած Է Պաղեստինը Ճանչնաելու Կոչ Ուղղող Բանաձեւ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ Ունեցաւ Քիրիլ Պատրիարքին Եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Ներկայացուցիչին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.