Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիան Եւ Փաքիստանը Միացեալ Ռազմավարական Պաշտպանութեան Համաձայնութիւն Կնքեցին

September 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանն ու Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ միացեալ ռազմավարական պաշտպանութեան համաձայնութիւն կնքեցին: Այս մասին հաղորդեց սէուտական պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը:

Նախքան այդ, երկու ղեկավարները Ռիատի Եամամա թագաւորական պալատին մէջ ունեցան պաշտօնական հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի սերտ յարաբերութիւնները եւ «երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ ռազմավարական գործընկերութեան» տարբեր երեսները ամրապնդելու համակարգումի ջանքերը:

Քննարկուած են շրջանային ու միջազգային կացութիւնները, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերն ու անոնց վերաբերեալ թափուող ջանքերը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ համաձայնագիրը կը նախատեսէ որեւէ նախայարձակումի փոխադարձ արձագանգ, զինուորական գործողութիւններու միացեալ ծրագրաւորում եւ պաշտպանական համագործակցութեան ընդլայնում, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգրկէ բոլոր տեսակի զինուորական կարողութիւնները, ներառեալ Փաքիստանի հիւլէական կարելիութիւնները:

Փաստաթուղթը կ՛ամրապնդէ երկու երկիրներու երկարատեւ ռազմավարական անվտանգութեան գործընկերութիւնը` Միջին Արեւելքի մէջ կտրուկ աճող լարուածութեան պայմաններուն մէջ:

«Ռոյթըրզ» կը նշէ, թէ մասնագէտներու կարծիքով, այս դաշինքը կրնայ զգալիօրէն ազդել շրջանային անվտանգութեան վրայ եւ փոխել Արաբական ծոցի երկիրներու ռազմավարական հաշուարկները:

Համաձայնագիրին համաձայն, երկու պետութիւններէն մէկուն դէմ որեւէ նախայարձակում պիտի նկատուի յարձակում երկուքին վրայ: Ասիկա կը նշանակէ, թէ Փաքիստանը կը պարտաւորուի Սէուտական Արաբիոյ տրամադրել ամբողջական զինուորական աջակցութիւն, ներառեալ հիւլէական զսպիչ ուժը:

Սէուտցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է. «Այս համաձայնագիրը տարիներու քննարկումներու պսակումն է: Անիկա ուղղուած չէ որոշ երկիրներու դէմ, այլ կը պաշտօնականացնէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ խոր գործընկերութիւնը»:

Սէուտական Արաբիան միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ հակառակ Փաքիստանի հետ մերձեցման, թագաւորութիւնը պիտի շարունակէ ամրապնդել Իսլամապատի հիւլէական մրցակից Հնդկաստանի հետ յարաբերութիւնները:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Ղազախստանի Միջկրօնական Վեհաժողովին` «Միջկրօնական Երկխօսութիւնը Անհրաժեշտ Է Վերածել Գործակցութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.