Հայաստան հաստատած 29 սեպտեմբերին Մինսքի մէջ կայանալիք ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին իր մասնակցութիւնը, սակայն մասնակցութեան ձեւաչափի հարցը տակաւին կը մշակուի: Այս մասին յայտարարած է ԱՊՀ-ի ընդհանուր քարտուղարի առաջին տեղակալ Իկոր Փեթրիշենքոն:
«Հայաստան նոյնպէս հաստատած է իր մասնակցութիւնը: Այս հարցը ներկայիս կը մշակուի:
«Ասիկա այն հարցն է, որուն վերաբերեալ հայկական կողմը պէտք է որոշում տայ` իր մասնակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ տեսնելու համար: Հետեւաբար, անոնք պիտի տան որոշումը», ըսած է Փեթրիշենքօ: