Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ կէսօրէ ետք հարաւային Լիբանանի բնակչութեան զգուշացում մը յղելով յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը «քիչ ժամանակ ետք հարաւային Լիբանանի շրջաններուն մէջ Հըզպալլայի զինուորական ենթակառոյցներու վրայ յարձակումներ պիտի գործէ` դէմ դնելու համար շրջանին մէջ իր գործունէութիւնը վերականգնելու անոր արգիլուած փորձերուն»:
Ատրահի զգուշացուց Մէյս Ժապալ, Քֆարթպնիթ եւ Տպպին գիւղերուն մէջ կարգ մը շէնքերու եւ մօտակայ կառոյցներու բնակիչները` նշելով. «Դուք կը գտնուիք Հըզպալլայի կողմէ օգտագործուող շէնքերու մէջ: Ստիպուած էք անմիջապէս դատարկել այդ շէնքերն ու մերձակայ կառոյցները, եւ ոչ նուազ քան 500 մեթրով անոնցմէ հեռանալ»:
Իսրայէլեան բանակի սպառնալիքէն ետք բազմաթիւ քաղաքացիներ հեռացան նշեալ երեք գիւղերէն:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլեան օդուժը կը պատրաստուի Լիբանանի դէմ իրերայաջորդ յարձակումներ գործելու»:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ արձագանգելով իսրայէլեան բանակին սպառնալիքներուն յայտնեց. «Միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղեմ` Իսրայէլի վրայ առաւելագոյն ճնշումներ բանեցնելու, որպէսզի անմիջապէս դադրեցնէ իր յարձակումները»:
Շուրջ կէս ժամ ետք, իսրայէլեան օդուժը շղթայազերծեց իր իրերայաջորդ յարձակումները` հարուածելով հարաւային Լիբանանի Մէյս Ժապալ, Քֆարթպնիթ եւ Տպպին գիւղերուն մէջ տուներ:
Մէյս Ժապալի մէջ քաղաքացի մը վիրաւորուեցաւ:
Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ զգուշացուց, թէ Թայր Զապնայի եւ Պըրժ Քալաուէյհի մէջ եւս շէնքեր յարձակումի պիտի ենթարկէ, ապա շղթայազերծեց իր օդային յարձակումները: