Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանի Պատժամիջոցներու Վերանայման Մասին» Օրինագիծը Ներկայացուած Է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին

Սեպտեմբեր 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ քոնկրեսականներ Տինա Թիթուս եւ Կուս Պիլիրաքիս ներկայացուցած են «Ազրպէյճանի պատժամիջոցներու վերանայման մասին» երկկուսակցական օրէնսդրական նախաձեռնութիւն մը, որ կը պարտաւորեցնէ Թրամփ-Վենսի վարչակազմին վերանայիլ «Մակնիցքի»-ի աքթով սահմանուած պատժամիջոցներու կիրարկելիութիւնը` Ազրպէյճանի այն պաշտօնեաներուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են ռազմական յանցագործութիւններու, մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ հայ ռազմագերիներու ու քաղաքացիական պատանդներու շարունակուող ապօրինի բանտարկութեան համար: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունած է օրինագիծի ներկայացումը եւ կը սկսի համազգային աշխատանք` ատոր համար երկկուսակցական լայն աջակցութիւն ապահովելու համար:

Օրինագիծի հիմնաւորումներուն մէջ կը ներկայացուին Ազրպէյճանի յանցագործութիւնները` ներառեալ 2020 թուականի պատերազմը, 2023 թուականի ցեղասպանական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ հայ գերիներու ապօրինի պահման, խոշտանգումներու ու կեղծ դատավարութիւններու շարունակուող քաղաքականութիւնը: Հիմնաւորումներուն մէջ կ՛ըսուի. «Ազրպէյճանի կողմէ գերիներու շարունակուող պահպանումը, խոշտանգումները, արտադատական սպանութիւնները եւ մարդու իրաւունքներու այլ ծանր խախտումները լրջօրէն կասկածի տակ կը դնեն անոնց պատրաստակամութիւնը` յարգելու մարդու իրաւունքները եւ բանակցելու արդար ու երկարատեւ խաղաղութեան շուրջ»:

Օրինագիծի ներկայացման առիթով քոնկրեսական Թիթուս յայտարարած է. «Լաչինի միջանցքի ապօրինի, մէկ տարի տեւած շրջափակումէն ետք Ազրպէյճան սնունդը վերածեց զէնքի եւ սովամահ դարձուց Արցախի 120.000 հայերը: Ալիեւի կառավարութիւնը մերժեց միջազգային կոչերը` դուրս գալու եւ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար, եւ յարձակեցաւ Արցախի վրայ: Տարիներով այդ հողերուն մէջ ապրող մարդիկ համակարգուած կերպով դուրս մղուեցան` իբրեւ նախայարձակի զոհեր. երեխաները զրկեցին սնունդէ եւ ջուրէ ու դպրոց երթալու կարելիութենէն, իսկ քրիստոնէական սրբավայրերը պղծուեցան: Ժամանակն է Ալիեւը եւ անոր աջակիցները պատասխանատուութեան ենթարկել` փոխանակ անոնց պարգեւատրելու ռազմական աջակցութեամբ ու ներդրումային պայմանագիրներով»:

Քոնկրեսական Պիլիրաքիս համաձայնած է` նշելով. «Թէեւ անցեալ ամիս Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան հռչակագիրը կրնայ յառաջընթացի նշան ըլլալ, շրջանին մէջ կը շարունակուի քաղաքական եւ մարդասիրական ճգնաժամը` պայմանաւորուած Ազրպէյճանի նախայարձակումով»: Ան աւելցուցած է. «Հպարտ եմ, որ կը վերաներկայացնեմ օրինագիծ մը, որ պիտի պարտաւորեցնէ նախագահը որոշել` արդեօք Մակնիցքիի պատժամիջոցները պէ՞տք է կիրարկուին Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են Արցախի հայերու ցեղային զտման եւ երկրի ներսը քաղաքական ընդդիմութեան նկատմամբ ճնշումներու համար: Ամերիկացի հարկատուներու գումարները պէտք չէ օգտագործուին դաժան վարչակարգին աջակցելու համար, յատկապէս երբ այդ միջոցները կրնան ծախսուիլ ներքին հրատապ խնդիրներու լուծման համար»:

Օրինագիծը կը պարտաւորեցնէ նախագահին 180 օրուան ընթացքին որոշել` արդեօք աւելի քան 50 ազրպէյճանցի պաշտօնեաներ` բարձրաստիճան զինուորականներ, անվտանգութեան մարմիններու ղեկավարներ, դատախազներ եւ դատաւորներ, կը համապատասխանե՞ն «Մակնիցքի»-ի օրէնքի կամ արտաքին գործոց նախարարութեան ֆինանսաւորման մասին օրէնքի 7031(c) յօդուածի պատժամիջոցներու չափանիշներուն:

Քանի որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները չեն ապահոված արդարութիւն կամ հայ գերիներու ազատ արձակում, այս օրինագիծը կարեւոր քայլ է` Ալիեւը եւ անոր համախոհները Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան ներքեւ պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, Լիվըրփուլ, Պայերն Եւ Ինթեր Յաղթանակներով Սկսան

Յաջորդը

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի Ապու Տապին Կրնայ Իսրայէլի Հետ Իր Յարաբերութիւններու Մակարդակը Նուազեցնել, Եթէ…

RelatedPosts

Խմբագրական.  Իրական Անկախութեան Ընտրարշաւ  Եւ Վերանկախացման Խորհուրդը  Պահելու Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Իրական Անկախութեան Ընտրարշաւ Եւ Վերանկախացման Խորհուրդը Պահելու Հրամայականը

Սեպտեմբեր 20, 2025
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սեպտեմբերի 19-ը` Արցախի Հանրապետութեան Ժողովուրդի Բռնի Տեղահանութեան Օր

Սեպտեմբեր 20, 2025
Սոպհանի. «Իրան Կ՛աջակցի Խաղաղութեան  Հաստատման Ուղղութեամբ Հայաստանի  Հանրապետութեան Ջանքերուն»
Հայկական

Սոպհանի. «Իրան Կ՛աջակցի Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ջանքերուն»

Սեպտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?