Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ

Սեպտեմբեր 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի երէկ հասաւ Ուաշինկթըն: Ամերիկացի օրէնսդիրներ եւ պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին, թէ ան Քոնկրեսի մէջ Սուրիոյ դէմ հաստատուած մնացեալ պատժամիջոցները վերջնականապէս վերցնելու շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարէ:

Ծերակուտական Լինտսի Կրահամ «Աքսիոս» կայքին յայտնած է, որ կը նախատեսէ շարք մը այլ ծերակուտականներու հետ հանդիպում ունենալ Շիպանիի հետ` քննարկելու համար «Սիզըր» պատժամիջոցներու վերջնական ջնջումը:

Ան ըսաւ, թէ որպէսզի ինք այդպիսի քայլի մը զօրակցի, կ՛ուզէ տեսնել, թէ Սուրիան պաշտօնապէս կը միանայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի դաշինքին եւ Իսրայէլի հետ ապահովական նոր համաձայնութեան մը ուղղութեամբ յառաջ կ՛ընթանայ:

Կը նախատեսուի, որ Շիպանի այսօր հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ:

«Աքսիոս» կը գրէ, որ սուրիական դիւանագիտութեան պետը Ուաշինկթըն մեկնած է Լոնտոնէն, ուր բանակցութիւններ վարած է Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմերի հետ` քննարկելով երկու երկիրներուն միջեւ անվտանգութեան նոր համաձայնութեան մը իսրայէլեան առաջարկ մը:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնած են, թէ Շիպանի եւ Տերմեր Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի հովանաւորութեամբ հինգ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցած են` քննարկելու համար Սուրիոյ պատասխանը: Աղբիւրներէն մէկը ըսած է, թէ Լոնտոնի բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջընթաց արձանագրուած է:

Սուրիական կառավարական աղբիւր մը «Ժազիրա»-ին յայտնեց, թէ Շիպանի Տերմերին շեշտած է, թէ շրջանային անվտանգութիւն կրնայ իրագործուիլ միայն յարգելով Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը:

Աղբիւրը նշեց, որ Սուրիան փոխադարձաբար կ՛առաջարկէ, որ Իսրայէլ հեռանայ անցեալ դեկտեմբերին Ասատի վարչակարգի տապալումէն ետք իր գրաւած տարածքներէն, եւ ՄԱԿ-ի հսկողութեան ուժը վերստին տեղակայուի երկու երկիրներուն միջեւ արգելակիչ շրջանին մէջ:

Նշենք, որ Շիպանիի Ուաշինկթըն այցելութիւնը դեկտեմբեր 1999-էն ի վեր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի մը առաջին այցելութիւնն է: Օրին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆարուք Շարհ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու համար Սպիտակ տուն այցելած էր:

Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ յայտնած են, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անակնկալօրէն գործէ արձակած է Սուրիոյ թղթածրարով զբաղող հինգ դիւանագէտներ:

Նախորդը

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի Ապու Տապին Կրնայ Իսրայէլի Հետ Իր Յարաբերութիւններու Մակարդակը Նուազեցնել, Եթէ…

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիան Եւ Փաքիստանը Միացեալ Ռազմավարական Պաշտպանութեան Համաձայնութիւն Կնքեցին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Հոկտեմբեր 11, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?