Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ Ունեցաւ Քիրիլ Պատրիարքին Եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Ներկայացուցիչին Հետ

September 20, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական միջազգային վեհաժողովին պետութեան հրաւէրով իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ բացման նիստին խօսքեր արտասանեցին Ռուսիոյ Քիրիլի պատրիարքը եւ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Այս առիթով անոնք առանձին հանդիպում ունեցան: Երկու հոգեւոր պետերը լայնօրէն քննարկեցին հայ եւ ռուս եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնը աւելի զարգացնելու կարելիութիւնները:

Կրօնական հարցերու առընթեր, արծարծուեցան նաեւ հարցեր ու մտահոգութիւններ` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութեան, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւման, եկեղեցիներու ու պատմական-մշակութային կոթողներու նկատմամբ Ազրպէյճանի իշխանութեան վերաբերումին, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ պատանդ պահուող Արցախի քաղաքական ու ազգային դէմքերու բանտարկութեան մասին: Յիշեալ հարցերուն գծով տեսակէտներու ու մօտեցումներու անկեղծ փոխանակում տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը մեծապէս երախտապարտ պիտի ըլլայ Արցախի կրօնական ու պատմական-մշակութային կառոյցներու պահպանման եւ հայ բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակման գծով, եթէ նախագահ Փութին եւ Քիրիլ պատրիարք իրենց անհրաժեշտ միջամտութիւնը կատարեն Ազրպէյճանի իշխանութեանց մօտ:

Յայտնենք, որ Քիրիլ պատրիարքին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին միջեւ սերտ բարեկամութիւն գոյութիւն ունի` շուրջ յիսուն տարիներու վրայ տարածուած: Անոնք իրենց երիտասարդութեան օրերէն սկսեալ միշտ միասին մասնակցած են միջեկեղեցական ժողովներու եւ սերտօրէն գործակցած:

Միւս կողմէ, հինգշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2025-ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուած վեհաժողովին առընթեր, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. պապին անձնական ներկայացուցիչին` կարտինալ Ճորճ Ժաքոպ Քուվաքատին հետ, որ միաժամանակ Վատիկանի միջկրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահն է:

Հանդիպման ընթացքին, բնականաբար, քննարկուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ շարունակուող սերտ գործակցութիւնը: Շեշտուեցաւ նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու կողքին միջկրօնական յարաբերութեանց ծիրը ընդլայնելու կարելիութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Վատիկանի ու Ազրպէյճանի միջեւ զարգացող յարաբերութեան եւ այդ ծիրին մէջ Արցախի մեր ժողովուրդին եւ անոր պատկանող եկեղեցիներուն ու պատմական-մշակութային կառոյցներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի մօտեցումներուն ու քայլերուն, որոնք երբե՛ք չեն համապատասխաներ թէ՛ պատմական եւ թէ՛ այժմու իրականութեան: Վեհափառ հայրապետը այս ուղղութեամբ յիշեցուց ամիսներ առաջ Հռոմի Գրիգորեան համալսարանին մէջ կայացած համագումարը, որուն ընթացքին, դժբախտաբար, Արցախի մէջ հայութեան ներկայութիւնը ներկայացուած էր պատմական իրականութիւններէ հեռու տուեալներով:

Յիշեալ հարցերուն եւ մանաւանդ Վատիկան-Ազրպէյճան յարաբերութեանց գծով կարտինալ Քուվաքատ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին, միաժամանակ որոշ հարցերու ուղղութեամբ տալով յստակ լուսաբանութիւններ:

Ապա, վեհափառ հայրապետը երկու առաջարկ ներկայացուց Վատիկանի ներկայացուցիչին.

ա) Մեծապէս գոհ պիտի մնանք, եթէ Վատիկան շարունակէ միշտ յիշեցնել Ազրպէյճանին ու միջազգային համայնքին` հայ եկեղեցիներու ու պատմական-մշակութային կոթողներու անվթար պահպանման կենսական կարեւորութիւնը` միջազգային օրէնքին համաձայն:

բ) Կարելի բոլոր միջոցներով հետապնդել Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի իշխանութեան կողմէ կալանաւորուած Արցախի քաղաքական ու ազգային ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակման հրամայականը:

Հանդիպման աւարտին վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Լեւոն ԺԴ. պապը շուտով պիտի այցելէ Լիբանան եւ այդ ընթացքին, բնականաբար, առիթ կ՛ունենայ պապին հետ արծարծելու յիշեալ հարցերը:

Յայտնենք, որ զոյգ հանդիպումներուն ներկայ էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Տապալեց Ապահովութեան Խորհուրդի` Կազայի Մէջ Անյապաղ Զինադադարի Եւ Մարդասիրական Օգնութեան Տրամադրման Կոչ Ուղղող Բանաձեւի Որդեգրումը

Յաջորդը

Սոպհանի. «Իրան Կ՛աջակցի Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ջանքերուն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.