Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Կարելի Չէ Համաձայնութիւն Գոյացնել,  Այնքան Ատեն Որ Թրամփ Իւրանիոմի Հարստացումը  Դադրեցնելու Մեր Համաձայնութիւնը Կը Պահանջէ»

Արաղչի. «Կարելի Չէ Համաձայնութիւն Գոյացնել, Այնքան Ատեն Որ Թրամփ Իւրանիոմի Հարստացումը Դադրեցնելու Մեր Համաձայնութիւնը Կը Պահանջէ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու ձեռնարկելէ առաջ Ամերիկան պէտք է մեզի փոխհատուցում կատարէ»: Ան այս մասին յայտնեց «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: «Պատերազմի (Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ, «Ա.») ընթացքին եւ անոր աւարտէն ետք ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ նամակներու փոխանակում կատարեցի», ըսաւ Արաղչի: «Թեհրան պիտի չհամաձայնի Իսրայէլի հետ պատերազմէն ետք բնական կացութեան վերադառնալ», յայտնեց...

Ակնարկ.  Զէնքի Մենաշնորհում Եւ Սէուտական Համակարգումներ

Ակնարկ. Զէնքի Մենաշնորհում Եւ Սէուտական Համակարգումներ

Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակին յայտարարութիւնը առ այն, որ այնքան ատեն որ Հըզպալլան զէնքը կը պահէ, խօսքերը բաւարար չեն հարցերու լուծման եւ թէ կառավարութիւնն ու Հըզպալլան լիարժէք կերպով յանձնառու պէտք է ըլլան եւ անմիջապէս քայլեր կատարեն, որպէսզի լիբանանցի ժողովուրդը սառեցուած եւ անելանելի կացութեան չդատապարտուի, միեւնոյն դիրքորոշումին տարբեր ձեւակերպումն է: Այլ խօսքով, յայտարարութիւններուն եւ խոստումներուն  կամ նոնյիսկ յանձնառութիւններուն դիմաց չեն կատարուիր երկիրը...

Ալճերիա-Լիբանան Վեհաժողով  Եւ Ընդլայնուած Բանակցութիւններ

Ալճերիա-Լիբանան Վեհաժողով Եւ Ընդլայնուած Բանակցութիւններ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երեքշաբթի օր երկօրեայ այցելութեամբ հասաւ Ալճերիա, ուր երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ վեհաժողով մը, որուն ընթացքին ստորագրուեցաւ փոխհասկացողութեան արձանագրութիւն մը, որ կը վերաբերէր տեղեկատուութեան մարզին եւ քաղաքական երկխօսութեան գործիքակազմի վերականգնման, որ 2002 թուականին հիմնուելէն ի վեր միայն մէկ անգամ ժողով գումարած է, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան վերականգնման: Նախագահ Աուն Ալճերիոյ...

Պաքուի Բանտին Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու  Հարազատներուն Ըսուած Է, Թէ Կարմիր Խաչը  Այլեւս Պիտի Չայցելէ Անոնց

Պաքուի Բանտին Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Հարազատներուն Ըսուած Է, Թէ Կարմիր Խաչը Այլեւս Պիտի Չայցելէ Անոնց

Պաքուի բանտին մէջ պահուող հայ գերիներու ընտանիքներուն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէէն  փոխանցած են, թէ այլեւս Կարմիր խաչը պիտի չայցելէ գերիներուն: «Մեզի` ընդհանուր բոլոր գերիներու հարազատներուն, ըսած են, որ Կարմիր խաչը ընդհանրապէս պիտի չայցելէ, այլեւս յարաբերութիւն չունի գերիներուն հետ», ըսաւ գերիներէն մէկուն հարազատը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ գերիներու հարազատներուն մօտ այս լուրը լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է, քանի որ Կարմիր...

Թրամփ. «Ռուսիոյ Զինադադար Հաստատելու,  Կամ Անոր Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատելու  Մեր Պայմանաժամը 10 Օր Է` Սկսելով Այսօրուընէ»

Թրամփ. «Ռուսիոյ Զինադադար Հաստատելու, Կամ Անոր Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատելու Մեր Պայմանաժամը 10 Օր Է` Սկսելով Այսօրուընէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ երկու օր առաջ զրուցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ, եւ ընդգծած այն փափաքը, որ սննդեղէնի Կազա մուտքը «յարմար ձեւով» կատարուի: «Նեթանիահուն կ՛ուզէ ատիկա կատարել», աւելցուց ան` նշելով. «Կազայի մէջ ճաշի կեդրոնները մօտ օրէն պիտի սկսին իրենց աշխատանքին»: Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ իր կինը` Մելանիան տեսած է Կազայի մէջ ահաւոր պատկերները: «Այդտեղ...

Սթարմըր. «Բրիտանիան Սեպտեմբերին Պիտի Ճանչնայ  Պաղեստինը, Եթէ Իսրայէլ Վերջ Չտայ  Կազայի Մէջ Ահաւոր Կացութեան»

Սթարմըր. «Բրիտանիան Սեպտեմբերին Պիտի Ճանչնայ Պաղեստինը, Եթէ Իսրայէլ Վերջ Չտայ Կազայի Մէջ Ահաւոր Կացութեան»

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտարարեց. «Բրիտանիան սեպտեմբերին Պաղեստինի պետութիւնը պիտի ճանչնայ, եթէ իսրայէլեան կառավարութիւնը Կազայի մէջ ահաւոր կացութեան վերջ տալու խորքային քայլեր չառնէ եւ այլ պայմաններ չամբողջացնէ»: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը մերժէ Բրիտանիոյ վարչապետին հրապարակած հաղորդագրութիւնը: Նախարարութիւնը նշեց. «Այդպիսի քայլ մը Համաս շարժումին վարձատրութիւն է եւ կը վնասէ Կազայի մէջ զինադադարի գոյացման համար թափուող ջանքերուն»: Իսրայէլի վարչապետ...

Փեզեշքեան. «Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Իրանի Գործակցութիւնը  Պէտք Է Կեանքի Կոչել»

Փեզեշքեան. «Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Իրանի Գործակցութիւնը Պէտք Է Կեանքի Կոչել»

Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան Իրանի համար փոխադարձ համագործակցութեան «նշանակալի ներուժ» ունեցող երկիրներ են, որոնց հետ գործակցութիւնը պէտք է կեանքի կոչել` հասարակաց շահերը ապահովելու համար: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան: «Եթէ մենք ամրապնդենք դրացիներու հետ յարաբերութիւնները, պատժամիջոցները պիտի դառնան անարդիւնաւէտ: Այսօր աւելի քան երբեւէ պէտք է բարելաւենք կապերը դրացի եւ շրջանային պետութիւններու հետ», ընդգծած...

Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Գրասենեակը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց՝ Տէր Կանգնելու Իր Պատասխանատուութեան

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւն. Կազայի Վրայ Յարձակումի Եւ Պաշարումի Դէմ Դատապարտանքի Եւ Խարանի Յայտարարութիւն

Կազայի մէջ անմեղ քաղաքացիներուն դէմ շարունակուող բռնութիւններուն լոյսին տակ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբը խիստ կերպով կը դատապարտէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործադրուող վայրագութիւններն ու լուրջ խախտումները: Քաղաքացիներու` մանուկներու, կիներու եւ տարեցներու թիրախաւորումը, տուներու, հիւանդանոցներու եւ հիմնական ենթակառուցուածքներու կործանումը ոչ միայն միջազգային օրէնքի ակնյայտ խախտումներ են, այլեւ կազմակերպուած յանցագործութիւն, որ կը կատարուի ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ: Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբը...

Պաղեստինեան Իշխանութիւնը Համաձայն Է  Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժերու Տեղակայման

Պաղեստինեան Իշխանութիւնը Համաձայն Է Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժերու Տեղակայման

Պաղեստինեան իշխանութիւնը դէմ չէ զինադադարի դրութեան հսկելու եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար Կազայի մէջ շրջանային եւ միջազգային ուժերու տեղակայման: Այս մասին Նիւ Եորքի մէջ պաղեստինեան հարցի լուծման նուիրուած ՄԱԿ-ի բարձր մակարդակով միջազգային խոհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Մոհամետ Մուսթաֆա: «Համաս պէտք է դադրեցնէ Կազայի իր վերահսկողութիւնը եւ զէնքերը յանձնէ Պաղեստինեան իշխանութեան: Մենք պատրաստ ենք կոչ ուղղելու` Պաղեստինի պետութեան հետ...

Իտլիպի. «Ուաշինկթընի Հետ Սուրիոյ Եւ Շրջանին Մէջ  Կայունութեան Հաստատման Գործընկերութիւն Կայ»

Իտլիպի. «Ուաշինկթընի Հետ Սուրիոյ Եւ Շրջանին Մէջ Կայունութեան Հաստատման Գործընկերութիւն Կայ»

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ամերիկեան հարցերու բաժանմունքի տնօրէն Քութայպա Իտլիպի «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Սուէյտա նահանգին մէջ կը կեդրոնանանք զինադադարի եւ կալանաւորուածներու ազատ արձակման վրայ, եւ կը ջանանք միջազգային գործընկերներու հետ մագլցումի նուազեցումը երաշխաւորելու»: «Սուրիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ Սուէյտայի մէջ իր աշխատանքն ու ծառայութիւններու մատուցումը», ըսաւ ան: «Աշխատանք կը տանինք վստահ ըլլալու, թէ նահանգին...

Ազրպէյճան Կրնայ Միանալ  Աբրահամեան Համաձայնագիրին

Ազրպէյճան Կրնայ Միանալ Աբրահամեան Համաձայնագիրին

Աբրահամեան համաձայնագիրի ընդլայնման վերաբերեալ դիւանագիտական քննարկումներու լոյսին տակ քաղաքական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանին յայտնած է, թէ Ազրպէյճան կրնայ համաձայնագիրին միանալ` հաշուի առնելով Իսրայէլի հետ անոր լայնածաւալ համագործակցութեան: Աղբիւրին համաձայն, ատոր հասնելու ճամբան, այլ բաներու շարքին, կ՛անցնի Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի միջեւ մերձեցման տարազին մէջէն: Այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ տեղի ունեցած լսումներու ժամանակ հանրապետական...

Ակնարկ  «Հրաշք»-ներ, Զգուշացումներ, Պարզեցումներ

Ակնարկ «Հրաշք»-ներ, Զգուշացումներ, Պարզեցումներ

Սիւնիքի վրայով տարածաշրջանի ապաշրջափակման ուղղութեամբ ամերիկեան առաջարկները խաղաթուղթերը խառնած են հասկնալիօրէն: Ապու Տապիի հանդիպումին զուգակցուած ամերիկեան առաջարկներու հրապարակումները, ըստ էութեան նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտի չեղարկումին կը միտին. այլ խօսքով` ռուսական գործօնի հարաւային Կովկասէն հեռացման եւ ազդեցութեան գօտիի ամերիկեան վերափոխման: Ռուսական արձագանգները արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նախագահականի մակարդակներով ունին երանգային տարբերութիւններ երեւութապէս: Հիմնականին մէջ նոյնն են: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը դարձեալ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երկուշաբթի, 28 յուլիս 2025-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու յատկապէս Հայաստանի դիմագրաւած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ համազգային արժէքներու շուրջ համախմբուելու հրամայականը` տագնապներով լեցուն մեր ազգին ու հայրենիքին պատմութեան ներկայ փուլին:

Պաղայի. «Վերջին Օրերուն Քննարկուած Է  Կովկասի Մէջ Արտաշրջանային Դերակատարներու  Ներգրաւման Հարցը, Որուն Հետ Իրան Համակարծիք Չէ»

Պաղայի. «Վերջին Օրերուն Քննարկուած Է Կովկասի Մէջ Արտաշրջանային Դերակատարներու Ներգրաւման Հարցը, Որուն Հետ Իրան Համակարծիք Չէ»

Հարաւային Կովկասի զարգացումները ունին երկու հիմնական առանցք. առաջինը` խաղաղութիւնը եւ Ազրպէյճան-Հայաստան տարակարծութիւններու խաղաղ կարգաւորումն է, իսկ երկրորդը կը վերաբերի տարանցիկ եւ փոխադրամիջոցային ուղիներուն: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էսմայիլ Պաղայի: Անոր համաձայն, Իրան անընդհատ ընդգծած է խաղաղութեան համաձայնագիրի արագ ստորագրման անհրաժեշտութիւնը: «Մենք Ազրպէյճանն ու Հայաստանը յորդորած...

Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ

Քրեմլին Սեպտեմբերին Չինաստանի Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպում Մը Չի Բացառեր

Քրեմլին յայտարարեց, թէ սեպտեմբերին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպումի մը կայացումը չի բացառեր: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Կը նախատեսուի, որ Փութին սեպտեմբերի սկիզբը Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ արձանագրուած յաղթանակի 80-ամեակին առիթով Չինաստան այցելէ: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնեց. «Եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ի վերջոյ այդ օրերու ընթացքին Չինաստան այցելել որոշէ,...

Թրամփ. «Ես Չեմ Կարծեր, Որ Կազայի Մէջ  Սով Կայ. Ատիկա Կրնայ Թերսնման Կապուած Ըլլայ,  Որովհետեւ Համաս Օժանդակութիւնները Կը Գողնայ»

Թրամփ. «Ես Չեմ Կարծեր, Որ Կազայի Մէջ Սով Կայ. Ատիկա Կրնայ Թերսնման Կապուած Ըլլայ, Որովհետեւ Համաս Օժանդակութիւնները Կը Գողնայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, թէ ինք չի կարծեր, թէ Կազայի մէջ սով կայ, եւ հարցը կրնայ թերսնման կապուած ըլլալ, որովհետեւ Համաս օժանդակութիւնները կը գողնայ: «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ խօսեցայ օժանդակութիւնները Կազա մտցնելու եւ այլ հարցերու մասին», ըսաւ ան: «Անհամբեր կը սպասենք Կազան կերակրելուն», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը: Թրամփ նաեւ նշեց. «Կազային դրամ տուինք, եւ ոչ ոք մեզի...

Լիբանանահայութիւնը Յարգեց Լիզպոնի Հերոսներուն  Յիշատակը Եւ Ոգեկոչեց Անոնց Նուիրաբերումով  Կատարուած Գործողութեան 42-ամեակը

Լիբանանահայութիւնը Յարգեց Լիզպոնի Հերոսներուն Յիշատակը Եւ Ոգեկոչեց Անոնց Նուիրաբերումով Կատարուած Գործողութեան 42-ամեակը

Շաբաթ, 26 յուլիս 2025-ի երեկոյեան լիբանանահայութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց 42 տարի առաջ իրենց եսը մոռցած եւ իրենց ամէնէն թանկագինը` կեանքը ազգին ու Հայ դատին նուիրաբերած հերոս տղոց` Սիմոնի, Սագոյի, Վաչէի, Արայի եւ Սեդրակի, որոնցմէ մեզի հասած պատգամը միշտ հնչող պիտի մնայ, իսկ անոնց վեհ նուիրումն ու հայութեան բագինին զոհաբերութիւնը անմար ջահի նման պիտի շարունակէ լուսաւորել յաջորդ սերունդներուն ուղին: ՀՅԴ...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Բացման Մեծաշուք Հանդիսութիւն` Երեւանի Մէջ

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Բացման Մեծաշուք Հանդիսութիւն` Երեւանի Մէջ

Երեք օրուան մրցումներէ ետք, շաբաթ, 26 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերու պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ Ամենայն հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց ներկայացուցիչներ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի եւ Արտաւազդ վրդ. Շառոյեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Արսէն Համբարձումեանի եւ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի եւ անդամներու, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Արթուր Մկրտչեանի եւ...

Սալամ Պըրրիի Ներկայացուց Փարիզ  Իր Այցելութեան Արդիւնքները

Սալամ Պըրրիի Ներկայացուց Փարիզ Իր Այցելութեան Արդիւնքները

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Վարչապետի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց. «Սալամ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ քննարկեց խորհրդարանական հարցեր, մասնաւորաբար բարեկարգչական օրինագիծերը, որոնք կառավարութիւնը փոխանցեց խորհրդարանին, նախ եւ առաջ արդարադատութեան անկախութեան օրինագիծը եւ դրամատնային մարզի վերադասաւորման օրինագիծը: «Սալամ Պըրրիի ներկայացուց Փարիզ իր պաշտօնական այցելութեան եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ...

Բագրատունի. «Հսկաները Չեն Մահանար»

Բագրատունի. «Հսկաները Չեն Մահանար»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի լիբանանցի հռչակաւոր արուեստագէտ Զիատ Ռահպանիի մահուան առիթով Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հսկաները չեն մահանար, այլ անոնց հոգիները մեր մէջ կ՛ապրին: «Դիմադրող ու հայրենասէր հոգիդ յաւիտեանս կենդանի պիտի մնայ Լիբանանի փողոցներուն մէջ»:

Page 83 of 795 1 … 82 83 84 … 795

Արխիւներ