Գլխաւոր լուրեր

0828_Fotor0828141635-f

Կիրօ Մանոյեան. «Նալբանդեանի Անգարա Այցելութիւնը Ողջունելի Չէ»

Թուրքիոյ նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի մասնակցութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան չ՛ողջուներ:   Պատասխանելով ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի լրագրողի հարցումին Մանոյեան ըսաւ. «Նկատի առնելով հանդերձ մեր շրջանին մէջ եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները, որոնք կը ստեղծեն նոր իրավիճակներ, եւ որոնք կարելի չէ  անտեսել, այդուհանդերձ նախարար Նալբանդեանի մասնակցութիւնը Էրտողանի երդման...

IMG0828

Հայաստանի Եւ Արցախի Պետական Գործիչները Կ՛արժեւորեն Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Որոշումը

Ղուլեան. «Արցախի Ժողովուրդը Շատ Բարձր Կը Գնահատէ Աջակցութեան Եւ Քաջալերման Այդ Բանաձեւը» Աշոտ Ղուլեան «Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 23-րդ տարեդարձի նախաշեմին Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը շատ կարեւոր գնահատական է Արցախի ժողովուրդին համար,  իր որդեգրած ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան: «Անշուշտ, մեզի համար սպասելի էր, որովհետեւ Արցախին...

0828_Abdullayev

Անդրադառնալով Քալիֆորնիա Նահանգին Կողմէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչման`. «Որեւէ Երկրի Նահանգ Իրաւունք Չունի Այսպիսի Որոշումներ Որդեգրելու» Կ՛ըսէ Պաքու

Էլման Ապտուլլայեւ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող որոշումի որդեգրման վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարած է: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին վրդովմունք յայտնած է, որ որեւէ պետութեան նահանգ իրաւունք չունի նման որոշումներ տալու: Ան մեղադրած է ծերակոյտի անդամները հայկական լոպիստական կազմակերպութիւններու...

0828_Gul-Erdogan

Էրտողան Պաշտօնապէս Թուրքիոյ 12-րդ Նախագահ

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ դադրեցաւ Թուրքիոյ վարչապետը ըլլալէ եւ պաշտօնապէս դարձաւ Թուրքիոյ 12-րդ նախագահը` կատարելէ ետք երդման արարողութիւնը, որ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ պոյքոթի ենթարկուեցաւ: Չանքայա նախագահական պալատին մէջ ընդունելութեան մասնակցեցան Ասիայէն, Ափրիկէէն, Միջին Արեւելքէն եւ Եւրոպայէն շուրջ 90 երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էր Քաթարի իշխանը, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները: Ուքրանիոյ...

Fotor0827162139-f

«Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Գծով Դաշնակցութիւնը Հաւատարիմ Կը Մնայ Իր Դիրքորոշումին» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն-Դաշնակցութիւն հանդիպումէն ետք Ազգային Ժողովին մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին խօսելով հանդիպման մասին ըսաւ,  որ ատիկա պարզ աշխատանքային հանդիպում էր, քանի մը խնդիրներ կային, որոնք պէտք է երկկողմանի անմիջական հաղորդակցութեան միջոցով փորձէին լուծել եւ յառաջանալ:   Ռուստամեան շեշտեց, որ հանդիպման ձեւաչափը քառեակը փոխարինելու կամ անոր զուգահեռ ձեւաչափ ստեղծելու նպատակ չի հետապնդեր, գոյութիւն ունին...

0827_AG-California

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը Որդեգրած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Մասին Բանաձեւը

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտը երեքշաբթի երեկոյեան միաձայնութեամբ որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին բանաձեւը: Ձայներու 36 թեր, 0 դէմ յարաբերակցութեամբ ծերակոյտը որդեգրած է օրէնք մը, որուն հիմամբ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներու եւ ականատեսներու բանաւոր վկայութիւնները կը ներառուին Քալիֆորնիոյ  անվճար միջնակարգ դպրոցներու մարդու իրաւունքներու նիւթի ծրագիրներուն մէջ եւ կը խրախուսուի նահանգի ու տեղւոյն մասնագիտական զարգացման նախաձեռնութիւններուն նիւթեր...

dAYBYxEStunLfF0w8TQlM5pD7J-f

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ֆէյսպուքեան էջը կը տեղեկացնէ, որ երէկ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտը քուէարկութեան դրաւ Արցախի անկախութեան աջակցող բանաձեւը: Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը նոյն բանաձեւով ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը: Բանաձեւը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ: Նշենք, որ 8 մայիս 2014-ին Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր ժողովը ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւը: Ապա բանաձեւը տեղափոխուած է Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի...

0827_Bkerke2

Մասնակցութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Գլխաւորած Պատուիրակութեան. Արեւելեան Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողովը Ահազանգ Հնչեցուց Շրջանի Քրիստոնեաներուն Գծով

Երէկ յետմիջօրէին Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ արեւելեան եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու վեհաժողովը` մասնակցութեամբ լիբանանցի եւ շրջանի (յատկապէս` Իրաքի) քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն: Ուշագրաւ էր, որ այս ժողովին պապական նուիրակին կողքին մասնակցեցան նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչն ու ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութեանց դեսպանները: «Իսլամ ծայրայեղականութիւնը վտանգ կը ներկայացնէ ոչ միայն քրիստոնեայ համայնքներուն, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքին, ամբողջ իսլամութեան ու համայն մարդկութեան: Այս ծիրին մէջ...

0827_Pakradouni_Japan

Բագրատունի Ընդունեց Ճափոնի Դեսպանը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ճափոնի դեսպան Սէիշի Օթսուքան: Դեսպանը ներկայացուց անցնող տարեշրջանին Լիբանանի մէջ գործող հայկական հաստատութեանց հետ գործակցութեան մարզերն ու օժանդակութիւնները: Ան նաեւ յստակացուց Ճափոնի մօտեցումները Լիբանանի եւ շրջանային կացութեան նկատմամբ: Երեսփոխան Բագրատունի դեսպանին փոխանցեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի կեցուածքը հանրապետութեան նախագահի եւ խորհրդարանի ընտրութիւններուն կապակցութեամբ` շեշտելով երկրի անդորրութիւնը, միասնականութիւնը եւ...

0826_Hellenic-Parliament-f

Յունաստանի Խորհրդարանին Մէջ Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծին Քննարկումը Յետաձգուեցաւ

Յունաստանի խորհրդարանը յետաձգած է ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին քննարկման հարցը: Յունաստանի արդարադատութեան նախարար Հարալամպոս Աթանասիուի նախաձեռնութեամբ մշակուած օրինագիծի քննարկումը դուրս եկած է խորհրդարանի այս շաբթուան օրակարգէն` այն պատճառաբանութեամբ, որ գոյութիւն ունին թեքնիք կարգ մը խնդիրներ, զորս հարթելէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ օրինագիծը ներկայացնել երեսփոխաններու դատին: «Ազատ օր»-ի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ օրինագիծը մէկ...

0826_General-Argati-Der-Tatevossian

Տէր Թադեւոսեան Կ՛առաջարկէ «Կանխարգելիչ Հարուածներ» Հասցնել

Արկադի Տէր Թադեւոսեան Արցախեան ազատամարտի հերոս, գնդապետ-զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս) կ՛առաջարկէ կանխարգելիչ հարուածներ հասցնել ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծի այն հատուածներուն մէջ, ուրկէ հակառակորդը վերջին շրջանին հետախուզական ներթափանցման փորձեր կատարեց: «Ես կը կարծեմ, որ մենք չենք կրնար սպասել, որ մեր վրայ ամէն անգամ յարձակին, իսկ մենք պաշտպանուինք: Եթէ անոնց չհարուածենք, անոնք մեզի անընդհատ պիտի պահեն լարուածութեան մէջ, մենք ալ պիտի մտածենք,...

0826_canada

Ըստ Քանատայի Խորհրդարանի Անդամներու. Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Նաեւ Թուրք Ժողովուրդի Խնդիրն Է

Հայաստան գտնուող Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Պրեթ Պաթ, Լէոն Պենուա եւ Ռաս Հայպըրթ, նաեւ «Մէկ ազատ աշխարհ» կազմակերպութեան նախագահ Մեժիտ Շաֆի 25-26 օգոստոսին պաշտօնական այցելութիւններ տուին, ինչպէս նաեւ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին: 25 օգոստոսին պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, որ բարձր գնահատեց քանատացի խորհրդարանականներուն ներդրումը` հայ-քանատական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման, միջպետական համագործակցութեան...

0826_Boris-Murazi

Հայաստանի Եզիտիները Կը Մեկնին Իրաքի Թրքական Սահման` Եզիտիներուն Օգնութիւն Հասցնելու

Պորիս Մուրազի Եզիտիներուն օգնելու նպատակով Հայաստանի մէջ հանգանակուած գումարը Իրաքի եզիտիներուն փոխանցելու համար, խումբ մը եզիտիներ այսօր կը մեկնին Իրաքի թրքական սահմանի եզիտիական գիւղեր: «Այս պահու դրութեամբ Իրաքի մուտքի այցեգիրներ չունինք, փաստաթուղթերու խնդիր կայ: Բայց ամէն պարագայի, չորեքշաբթի գիշեր դուրս պիտի գանք: Եթէ նոյնիսկ չյաջողինք Իրաք երթալ, Իրաքի թրքական սահմանի եզիտիական գիւղեր պիտի հասնինք, հոն հազարաւոր գաղթականներ կան: Մնացեալ հարցերը...

0826_ara

Հարցազրոյց` Դոկտ. Արա Սանճեանի Հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 26 օգոստոսին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց պատմութեան վերաբերող հարցերու շուրջ հարցազրոյց մը` Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի պատմութեան դասախօս դոկտ. Արա Սանճեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով կրթական ծրագիրներուն մէջ ընդհանրապէս պատմութեան ներկայացուցած կարեւորութեան մասին` դոկտ. Սանճեան նշեց, որ քաղաքացիի կերտման ծրագիրին մէջ պատմութիւնը իր յատուկ տեղը ունի, սակայն գոյութիւն...

250814-AnvtangXorhurd-Info-f

Նախագահ Բակօ Սահակեան Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հրաւիրեց Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որուն  օրակարգին վրայ էին յուլիս-օգոստոս ամիսներուն Շահումեանի շրջանին մէջ եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին բարելաւման ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցներուն, իրականացուած աշխատանքներուն, անոնց արդիւնքներուն  եւ հետագայ ծրագիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ձեռնարկներուն  նախապատրաստման ընթացքին մասին հարցերը:  Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր...

0825Barkev-Srpazan

Պարգեւ Սրբազան. «Մեր Խաղաղապահ Ուժերը, Մեր Երաշխաւորը Մեր Բանակն Է»

«Արցախի համար միակ երաշխիքը պաշտպանութեան բանակն է, որ քսան տարի է կը պահպանէ երկրին անվտանգութիւնը», ըսաւ  Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ս. Էջմիածինի կազմակերպած Արցախ ուխտագնացութեան ծիրին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին: «Վերջերս յաճախակիօրէն կը խօսին մատրիտեան սկզբունքներուն մասին: Ես բացասական կարծիք ունիմ այդ սկզբունքներուն վերաբերեալ եւ այդ կարծիքը ալ միշտ պիտի ունենամ: Կը խօսին, թէ Արցախը պէտք է...

0825greek parliament

Յունաստանի Խորհրդարանը Այսօր Եւ Վաղը Պիտի Քննարկէ Ցեղասպանութեան Հերքումը Պատժող Օրինագիծը

«News.am» կայքը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի խորհրդարանը այսօր եւ վաղը պիտի քննարկէ ցեղապաշտութեան հիման վրայ բռնութեան հրահրման մասնակից քաղաքական կուսակցութիւններու եւ անհատներու համար խստացուող պատիժներու առնչուող նոր օրինագիծը: Օրինագիծին համաձայն, ցեղապաշտութիւն քարոզող կուսակցութիւնները կամ խմբաւորումները 1-6 ամիսով պիտի զրկուին որեւէ տեսակի պետական օժանդակութենէ: Արդարադատութեան նախարարը կրնայ նաեւ 10-100 հազար եւրօ տուգանք սահմանել ցեղապաշտութիւն քարոզող անձերուն, իսկ ուղղակի ցեղապաշտական արարքներու մասնակիցները...

0825_european-court

Հայաստան Իբրեւ Երրորդ Կողմ Պիտի Ներգրաւուի Փերինչեքի Գործին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազի մամլոյ բանբեր Քրիստինէ Մելքոնեան «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին պաշտօնական դիմում ներկայացուցած է, որպէսզի իբրեւ երրորդ կողմ ներգրաւուի թուրք ազգայնական գործիչ Տողու Փերինչեքի գործին մէջ: Մելքոնեան ըսած է, որ դիմում ներկայացնելու ժամկէտը մինչեւ 26 օգոստոս է, եւ Հայաստան, օգտագործելով իր իրաւունքը, համապատասխան փաստաթուղթերը արդէն ուղարկած է Սթրասպուրկ:...

0825_Mouallem

Մոալլեմ. «Սուրիա Պատրաստ Է Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Շրջանային Եւ Միջազգային Պետութեանց Հետ Գործակցելու Եւ Համակարգում Կատարելու»

Ուալիտ Մոալլեմ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի վերջին որոշումին ծիրին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ շրջանային եւ միջազգային պետութեանց, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հետ գործակցելու եւ համակարգում կատարելու` շեշտելով, որ Սուրիան պէտք է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշնակցութեան մէջ ըլլայ` «եթէ այդ ուղղութեամբ...

7792_b

Ըստ Նախագահ Սարգսեանի . Թուրքիոյ Նախագահի Երդման Արարողութեան Հայաստանի Մասնակցութիւնը Հաւանաբար Ըլլայ Արտաքին Գործոց Նախարարի Մակարդակով

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 24 օգոստոսին այցելած է «Միասին» երիտասարդական շարժումին կողմէ կազմակերպուած «Միասին-2014» համահայկական երիտասարդական կրթական հաւաքի վրանային ճամբար: Վեցերորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի այս հաւաքը, որուն այս տարի կը մասնակցին 500 երիտասարդ` Երեւանէն եւ Հանրապետութեան այլ մարզերէ: Հանրապետութեան նախագահը շրջած է ճամբարին  տարածքը, զրուցած է հաւաքի մասնակիցներուն հետ, ծանօթացած ճամբարականներուն  պայմաններուն եւ առօրեային: Նախագահ Սերժ Սարգսեան պատասխանած...

Page 831 of 885 1 … 830 831 832 … 885