Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Գլխաւորած Պատուիրակութեան. Արեւելեան Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողովը Ահազանգ Հնչեցուց Շրջանի Քրիստոնեաներուն Գծով

August 28, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0827_Bkerke2Երէկ յետմիջօրէին Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ արեւելեան եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու վեհաժողովը` մասնակցութեամբ լիբանանցի եւ շրջանի (յատկապէս` Իրաքի) քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն: Ուշագրաւ էր, որ այս ժողովին պապական նուիրակին կողքին մասնակցեցան նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչն ու ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութեանց դեսպանները:

«Իսլամ ծայրայեղականութիւնը վտանգ կը ներկայացնէ ոչ միայն քրիստոնեայ համայնքներուն, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքին, ամբողջ իսլամութեան ու համայն մարդկութեան: Այս ծիրին մէջ պէտք է դիտուին արմատական ու ծայրայեղ իսլամական շարժումները», յայտարարեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ:

Երկրորդ շարունակեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, հաւաքական ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն պէտք է որդեգրուի ծայրայեղականութեան դէմ: Այս շրջագիծին մէջ պէտք է ներդաշնակուին մօտեցումներն ու քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական քայլերը: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր մատնանշած երեք կէտերը ամբողջացուց ընդգծելով, որ «Քրիստոնէութիւնը դարեր շարունակ ապրած է իսլամութեան հետ եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը պէտք է շարունակուի փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ»: Արամ վեհափառին կ՛ընկերանային Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

Վեհաժողովի աւարտին ժողովականները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, զոր ընթերցեց մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Պուլոս Սայահ եպիսկոպոսը` կոչ ուղղելով կասեցնելու արմատական եւ ահաբեկչական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը միջազգային ընտանիքը պատասխանատու նկատեց ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր նման կազմակերպութիւններու հզօրացման համար` անհրաժեշտ նկատելով ճնշում բանեցնել այս կազմակերպութեանց նիւթապէս զօրակցող կողմերուն վրայ` արմատախիլ ընելու համար շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը: Հաղորդագրութիւնը «մեծ աղէտ» որակեց Մուսուլի եւ Նինուէի քրիստոնեաներուն դէմ ՏԱՀԵՇ-ի կիրարկած բռնարարքները, որոնց պատճառով անոնք սարսափահար հեռացան` լքելով իրենց տուներն ու ինչքերը: «Քրիստոնեաներուն դէմ յարձակումները կը սպառնան նաեւ այլ երկիրներու` Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Իրաքի, քրիստոնեաներու ներկայութեան առհասարակ, ուր քրիստոնեաներ տգեղ վերաբերմունքի կ՛ենթարկուին ու կը հարկադրուին գաղթելու, աւելցուց հաղորդագրութիւնը` ընդգծելով, որ հակառակ բոլոր բռնարարքներուն, քրիստոնեաները կառչած կը մնան իրենց հողին ու ազատութեան` յանձնառու մնալով Աւետարանի սկզբունքներուն:

Ժողովականները վերյիշեցին Հալէպի առեւանգեալ առաջնորդներուն թղթածրարը` նշելով, որ անիկա կը ներկայացնէ Սուրիոյ դէպքերուն մէկ մութ պատկերը: Անոնք նաեւ անդրադարձան Լիբանանի կացութեան` կոչ ուղղելով նախագահի ընտրութեան հարցը անջատելու շրջանային ու միջազգային տագնապներէն եւ փութալու նախագահի ընտրութեան, որ «անհրաժեշտ քայլ է», նախքան որեւէ քայլ խորհրդարանական ընտրութեան գծով:

Այս առիթով իր կատարած յայտարարութեան մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի հաւաստեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւնները ճնշում կը բանեցնեն` վերջ տալու համար Իրաքի մէջ պատահող բռնարարքներուն եւ կը բազմացնեն գաղթականներուն յատկացուող օժանդակութեանց քանակը: Փլամպլի իր կարգին շեշտեց համակեցութեան կարեւորութիւնը Իրաքի զանազան համայնքներուն եւ բաղկացուցիչ տարրերուն միջեւ: Ան նաեւ շեշտեց Լիբանանի նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը, «որ կարեւոր է Լիբանանի եւ շրջանին համար»:

Նմանապէս Ռայի պատրիարքը հերքեց իր զօրակցութիւնը Լիբանանի նախագահութեան այս կամ  այն թեկնածուին: Ան կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն խորհրդարան ուղղուելու եւ նախագահ ընտրելու այն թեկնածուն, զոր կը խորհին, որ զօրաւորագոյնն է:

 

ՄԻՒՍ կողմէ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր առաւօտուն կը մեկնի Վատիկան` եկեղեցական պատկան կողմերուն փոխանցելու պատրիարքներու պատուիրակութեան հետ Իրաքի քրիստոնեաներուն տուած իր այցելութեան տպաւորութիւնները:

 

 

Նախորդը

Բագրատունի Ընդունեց Ճափոնի Դեսպանը

Յաջորդը

Նազարպայեւ. «Հայաստանի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցութեան Հարցը Պիտի Որոշուի 10 Հոկտեմբերին»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.