Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ դադրեցաւ Թուրքիոյ վարչապետը ըլլալէ եւ պաշտօնապէս դարձաւ Թուրքիոյ 12-րդ նախագահը` կատարելէ ետք երդման արարողութիւնը, որ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ պոյքոթի ենթարկուեցաւ:
Չանքայա նախագահական պալատին մէջ ընդունելութեան մասնակցեցան Ասիայէն, Ափրիկէէն, Միջին Արեւելքէն եւ Եւրոպայէն շուրջ 90 երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էր Քաթարի իշխանը, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները: Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ եւ Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ իրենց երկիրներուն մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով մետասաներորդ պահուն ջնջեցին Անգարա իրենց այցելութիւնը: Միացեալ Նահանգները ներկայացուց Անգարայի մէջ Ամերիկեան դեսպանատան գործավարը: Ուաշինկթըն հերքեց, թէ ատիկա Անգարայի պատգամ մը փոխանցելու համար էր, այլ որովհետեւ երկրին նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը բազմազբաղ են, իսկ Անգարայի մէջ դեսպանի թեկնածութիւնը չէ հաստատուած: Ներկայ էր նաեւ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Աթեշեան արքեպիսկոպոսը:
Էրտողան իր խօսքին մէջ յայտարարեց. «Հին Թուրքիոյ ժամանակաշրջանը աւարտած է: Մենք այժմ կը գտնուինք ժամանակաշրջանին մէջ Նոր Թուրքիոյ, Մեծն Թուրքիոյ, որ իր մէջ կը պարունակէ հանրապետութեան խորքն ու ոգին»:
Թուրքիոյ 12-րդ նախագահը ըսաւ, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը պիտի շարունակուի: «Մեր արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր առանցքը խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնն ու բարօրութիւնն է: Թուրքիա որեւէ երկրի հողերուն կամ ներքին հարցերուն վրայ աչք չունի: Մենք այդպիսի որեւէ նպատակներ կամ ծրագիրներ չունինք», ըսաւ ան: Էրտողան իր խօսքին վերջաւորութեան խոստացաւ շարունակել Կիւլի ուղիէն ընթանալ:
Նախքան Չանքայա ուղղուիլը, Էրտողան այցելեց Անըթքապիր` Աթաթուրքի դամբարանը, ուր պաշտօնական այցելուներու տետրակին մէջ կատարեց գրութիւն եւ զայն կարդաց: Գրութեան մէջ ան նշեց. «Քու մահէդ ետք նախագահութեան եւ ժողովուրդին միջեւ կապը տկարացաւ: Կը հաւատամ, որ այսօր սկսած նստաշրջանս ժողովուրդին համար միջոց մըն է իրենց նախագահին փարելու եւ պետութեան համար` իր ժողովուրդին փարելու: (…) Թուրքիան այսօր դարձեալ իր խորքին ու ոգիին համահունչ եղաւ: Ազգային գերիշխանութիւնը աւելի քան երբեք ամրապնդուած է»:
Անգարա Չի Բացառեր Նալբանդեանի Հետ
Հանդիպումներու Կարելիութիւնը
«Արմէնփրես» կը նշէ, որ ըստ «Ակօս»-ի Թուրքիոյ 12-րդ նախագահ ընտրուած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երդման արարողութեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի մասնակցութիւնը անակնկալի բերած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակէն եւ արտաքին գործոց նախարարութենէն ստացուած տուեալներուն համաձայն, Էդուարդ Նալբանդեան պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենայ Անգարա կատարած իր առաջին այցելութեան ծիրին մէջ:


