Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանի Խորհրդարանին Մէջ Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծին Քննարկումը Յետաձգուեցաւ

August 27, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0826_Hellenic-ParliamentՅունաստանի խորհրդարանը յետաձգած է ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին քննարկման հարցը: Յունաստանի արդարադատութեան նախարար Հարալամպոս Աթանասիուի նախաձեռնութեամբ մշակուած օրինագիծի քննարկումը դուրս եկած է խորհրդարանի այս շաբթուան օրակարգէն` այն պատճառաբանութեամբ, որ գոյութիւն ունին թեքնիք կարգ մը խնդիրներ, զորս հարթելէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ օրինագիծը ներկայացնել երեսփոխաններու դատին:

«Ազատ օր»-ի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ օրինագիծը մէկ շաբաթէն քննարկման պիտի դրուի:

Նախատեսուած էր, որ Յունաստանի վարչապետն ու փոխվարչապետը երէկ հանդիպում ունենալով քննարկեն օրինագիծը եւ փորձեն հասկնալ տարակարծութեանց պատճառը, մեղմացնեն զանոնք եւ օրինագիծի բարեփոխուած տարբերակը քննարկման համար ներկայացնեն խորհրդարանին:

Յարութիւննեան կը հաղորդէ, որ այս հարցին մէջ շատ գործունեայ է նաեւ Յունաստանի հայ համայնքը: Տակաւին օրինագիծի ներկայացումէն 7 ամիս առաջ համայնքին ներկայացուցիչները բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած են խորհրդարանին մէջ ընդգրկուած բոլոր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ եւ քննարկումներ կատարած: «Բազմաթիւ երեսփոխաններ դրական վերաբերմունք ունին եւ կը կարծեն, որ ինչպէս հրէական ցեղասպանութեան, նոյնպէս ալ հայերուն եւ Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է քրէականացուի: Վերջին պահուն արդարադատութեան նախարարը օրինագիծին քննարկումը յետաձգեց` պատճառաբանելով, որ խօսքի ազատութեան եւ սահմանափակման առնչութեամբ հնչած են կարգ մը  տարակարծութիւններ, եւ այդ խոչընդոտներէն ետք միայն օրինագիծը պիտի քննարկուի», ըսաւ Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ հայ համայնքը լուրջ աշխատանք կը կատարէ` հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ Յունաստանի խորհրդարանը 1996-ին ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ 24 ապրիլը ընդունած է իբրեւ յիշատակի օր:

«Իւրաքանչիւր տարուան 24 ապրիլին Յունաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ երկրին երեք մեծ քաղաքներուն մէջ կը կազմակերպուին յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններ: Հետեւաբար, այս բոլորը հաշուի առնելով, պէտք է նաեւ քրէականացուի ցեղասպանութեան ժխտումը, ինչպէս ատիկա կը կատարուի Ողջակիզումի պարագային», ըսած է Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ համայնքին մէջ լիայոյս են, որ արդարութիւնն ու բարոյականութիւնը պէտք է յաղթանակեն, եւ մէկ շաբաթէն խորհրդարանականները պէտք է որդեգրեն օրինագիծը: Յարութիւնեան կը նշէ, որ համայնքը ուշադրութեամբ կը հետեւի բոլոր զարգացումներուն եւ անմիջապէս կ՛արձագանգէ:

22 օգոստոսին Յունաստանի խորհրդարանի օրակարգին վրայ բերուած էր ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծը: Յունաստանի արդարադատութեան նախարար Հարալամպոս Աթանասիու յայտարարած էր, որ «Այլատեացութեան դէմ» օրէնքին մէջ աւելցուած է Պոնտոսի յոյներու, հայերու եւ Փոքր Ասիոյ ցեղասպանութիւններուն հերքումը քրէականացնելու վերաբերեալ յօդուած:

«Օրինագիծին վերջնական տարբերակին համաձայն, Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու հերքումը յանցագործութիւն պիտի նկատուի: Բացի ատկէ, պիտի քրէականացուի նաեւ յունական եւ միջազգային դատարաններու վճիռներով որդեգրուած ցեղասպանութիւններուն հերքումը», ըսած է նախարարը:

Օրինագիծը խորհրդարանին մէջ պէտք էր քննարկուէր երէկ եւ այսօր:

 

 

Նախորդը

Տէր Թադեւոսեան Կ՛առաջարկէ «Կանխարգելիչ Հարուածներ» Հասցնել

Յաջորդը

Նալբանդեան Պիտի Մասնակցի Թուրքիոյ Նախագահի Երդման Արարողութեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.