Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Դոկտ. Արա Սանճեանի Հետ

August 27, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0826_araԵրէկ` երեքշաբթի, 26 օգոստոսին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց պատմութեան վերաբերող հարցերու շուրջ հարցազրոյց մը` Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի պատմութեան դասախօս դոկտ. Արա Սանճեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Խօսելով կրթական ծրագիրներուն մէջ ընդհանրապէս պատմութեան ներկայացուցած կարեւորութեան մասին` դոկտ. Սանճեան նշեց, որ քաղաքացիի կերտման ծրագիրին մէջ պատմութիւնը իր յատուկ տեղը ունի, սակայն գոյութիւն ունի այն հարցը, թէ պատմութիւն ըսելով ճիշդ ի՞նչ պէտք է հասկնալ. անոր նպատակը լաւ քաղաքացի մը ստեղծե՞լն է, թէ՞ հմտութիւններ պատրաստելը, սկզբնաղբիւրներ կարդալու կարողութեամբ օժտելը` աւելցնելով, որ վերջին շրջանին պայքարը այս երկուքին միջեւ է եւ անոնց միջեւ միջին եզր մը գտնելուն մէջ կը կայանայ:

Ան նշեց, որ սփիւռքի մէջ պատմութեան դասընթացքները երեք տեսակի են` Հայոց պատմութիւնը, հիւրընկալ երկրին պատմութիւնը եւ միջազգային` Ֆրանսայի կամ Անգլիոյ պատմութիւնը, եւ անոնց միջեւ համակարգում չկայ: Իսկ դասաւանդողները պատմաբաններ չեն, այլ` հայերէնի ուսուցիչներ:

Անդրադառնալով Հայոց պատմութեան դասագիրքերու արդիականացման հարցին`  դոկտ. Սանճեան ընդգծեց, որ օգտագործուող դասագիրքերը շուրջ 60 տարի առաջ պատրաստուած են, իսկ անցնող 60 տարուան ընթացքին պատմութեան հասկացողութեան հարցը փոխուած է: Հայոց պատմութիւնը պէտք է աւելին նկատի ունենալ քան իբրեւ հայութեան նկատմամբ հպարտութիւն առթող ազդակ: Պատմութիւնը նաեւ աշակերտը պէտք է կոփէ` իբրեւ քաղաքացի, մարդ եւ անհատ: Պատմութիւնը պէտք է առիթ մը ըլլայ հարստացնելու աշակերտին բառապաշարը, եւ պատմութեան դասագիրքին մէջ օգտագործուած բառերը պէտք է աշակերտին հասկնալի ըլլան:

Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկային պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

Նախորդը

«Փթիթ» . Հունտ Մը` Մանկական Գրականութեան Պարտէզին Մէջ

Յաջորդը

«Լեզուական Արգելքները Կրնան Ղազախստանը Ուքրանիոյ Ճակատագիրին Արժանացնել» Կ՛ըսէ Նազապայեւ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.