Գլխաւոր լուրեր

Fotor0717143022-f

«Կուտակային Կենսաթոշակներու Մասին» Օրէնքին Հարցով. Սահմանադրական Դատարանին Դիմում Պիտի Պատրաստուի

ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանի պատասխանած է 168.am կայքի` «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հարցումին: Ըստ Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի, նոր չէ, որ կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի ամէն ձեւով քաղաքացիները այս համակարգին մէջ տեսնէ, եւ յառաջացած բոլոր խնդիրները կառավարութեան կողմէ կը մեկնաբանուին, որ «այո՛, անհատը պարտաւոր է վճարում ընել», եւ քաղաքացին այս պարագային այլ ելք չունի:...

0822_Yus1-f

ՀՅԴ Երիտասարդականը Կը Մասնակցի Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Փառատօնին

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 20 oգոստոսին ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչներ Կարապետ Շատոյեան եւ Սարինէ Աբրահամեան մեկնած են Մալթա, ուր տեղի կ՛ունենայ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան 2014 թուականի Համաշխարհային փառատօնը: Փառատօնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 21 oգոստոսին: Բացման կը մասնակցէին Մալթայի վարչապետ Ժոզեֆ Մուսքաթա (Աշխատաւորական կուսակցութիւն) եւ Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխաններ: Խօսքեր արտասանած են Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան նախագահը եւ...

0824_mher

Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 21-Ամեակի Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, երէկ` կիրակի, 24 օգոստոսին ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտի նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն: Ձեռնարկէն առաջ  հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի: Պետրոս Իզմիրլեան Րաֆֆի Տեմիրճեան Մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը արտասանեց Պետրոս Իզմիրլեան: Ան ըսաւ. «21 տարիներ առաջ,...

0824_arach1

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ . Ժիտէյտիէ-Սալիպէ Շրջանը Գտնուող Ազգային Առաջնորդարանը Կրկին Թիրախ` Հրասանդի Պայթումի

«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ինչպէս միշտ, հին Հալէպի շրջանը բախումներու, հրասանդերու եւ զանազան հրթիռաձգութեան կեդրոն է: Հետեւաբար այդ շրջանը գտնուող Ազգային առաջնորդարանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին եւ այլ ազգապատկան կառոյցներ եւս ինքնաբերաբար թիրախ են հրթիռներու: Արդարեւ, 22 oգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամերուն հրասանդ մը ինկաւ եւ պայթեցաւ Ազգային առաջնորդարանի շէնքին մէկ բաժինին վրայ: Բարեբախտաբար վնասը միայն նիւթական էր: Նշենք,...

7750_f

Հայաստանի Նախագահը Եւ Ազգային Ժողովի Նախագահը Ընդունեցին Վրաստանի Վարչապետը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին: Նախագահը ողջունեց  վարչապետի կարգավիճակով Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի առաջին այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն, միջպետական յարաբերութիւններու  ամրապնդման գործին մէջ կարեւոր նկատելով բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք, ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, լաւ կարելիութիւն են արագ արձագանգելու հայ-վրացական երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր խնդիրներուն: Հանրապետութեան նախագահը ցանկութիւն յայտնեց աւելի յաճախակի...

hasg1

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Բացումը Կատարեց ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի Բանակավայրի Նոր Տարածքին

«Արմէնփրես» կը գրէ, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 օգոստոսին այցելած է ՀՄԸՄ¬ի Բիւրականի բանակավայր, ուր 18 օգոստոսէն տեղի ունեցած ՀՄԸՄ¬ՀԱՍԿ¬ի համահայաստանեան բանակումին կը մասնակցին 12-17 տարեկան աւելի քան 300 սկաուտներ, ինչպէս նաեւ արդէն երկրորդ տարին ըլլալով «Խաղաղութեան սուրհանդակներ» նախագիծին մէջ ներառուած Հայաստանի տարբեր մարզերու ընկերային խնամքի տակ եղող հաստատութիւններու երեխաներ: Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան...

0822_Zohrab-Menatsakanian

Հայաստան ՄԱԿ-ի Մէջ Արծարծեց Եզիտիներու Հարցը Եւ Ազրպէյճանական Յարձակումը

Զոհրապ Մնացականեան 21 օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցաւ «տագնապներու կանխարգիլում. միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանում» նիւթով բաց քննարկում, որուն մասնակցեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատար Նաւի Փիլայ, ինչպէս նաեւ շուրջ վեց տասնեակ անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ: Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, նիստին խօսք առած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Զոհրապ...

0822_artcrun-hovhannisyan

«Ազրպէյճանցի Պաշտօնատարին Յայտարարութիւնը Գռեհիկ Ապատեղեկատուութիւն Է» Կ՛ըսէ Արծրուն Յովհաննիսեան

Արծրուն Յովհաննիսեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ անդրադարձած է գերիներու «փոխանակման» մասին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան, գրելով. «Մենք Պաքուի շուկային մէջ չենք»: «Տակաւին  Պաքուի շուկային մէջ չենք գտնուիր եւ առեւտուրով չենք զբաղիր: Մենք խստօրէն կը պահպանենք մարդասիրական սկզբունքները եւ նախապայմաններ չենք ներկայացներ եւ ընդունիր: Ուղղակի յարգելով Կարմիր խաչի կազմակերպութեան ջանքերը այդ ուղղութեամբ, պարբերաբար կը...

IMG_5632-1-f

Լրագրողներու Համակարգող Մարմինի Նիստ` Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Երէկ` ուրբաթ, 22 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համակարգող մարմինի նիստը, որ կը վարէր համակարգող խորհուրդի նախագահ Շահան Գանտահարեան: Ժողովին մասնակցեցան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ  Մարտիրոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի դասախօս Աստղիկ Աւետիսեան, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի...

0821_Government-_-aid

Հայաստանի Կառավարութիւնը Իրաքի Եզիտիներուն Աջակցելու Համար Կը Տրամադրէ 100 Հազար Տոլար

Կառավարութեան նիստէն պահ մը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով արտաքին գործոց  նախարարութեան պիտի փոխանցուի 100 հազար ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամ` Իրաքի մէջ  ներքաղաքական բախումներու պատճառով տուժած եւ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած եզիտիներուն օգնութիւն տրամադրելու նպատակով: Այս մասին երէկ կառավարութեան նիստին որոշման նախագիծ ներկայացուց արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան: Գումարը պիտի տրամադրուի Հայաստանի Հանրապետութեան 2014 թուականի պետական պիւտճէով նախատեսուած կառավարութեան պահեստի ֆոնտին հաշուոյն:

0821_Hovig-_Irakli-PC

Վրաստանի Վարչապետը Հայաստան Այցելեց

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ երէկ հասաւ Երեւան:  Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Վրաստանի իր պաշտօնակիցը դիմաւորեց «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ: Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները ողջունեցին երկու երկիրներու կառավարութիւններու անդամները եւ ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:   Յովիկ Աբրահամեան եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի  ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին եւ ծաղիկներ` անմար կրակին մօտ, յարգանքի...

0821_Hovig-Aprahamian

Վարչապետ Աբրահամեան Կոչ Կ՛ուղղէ «Ճիշդ Ընկալելու» Իր Յայտարարութիւնը

Յովիկ Աբրահամեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան կոչ ուղղեց ճիշդ ընկալելու իր այն յայտարարութիւնը, թէ գործարարները ստուերէն անմիջապէս դուրս բերելու համար կախարդական ցպիկ չունի եւ իրեն ժամանակ պէտք է: Յայտնենք, որ պաշտօնը ստանձնելէ ետք Աբրահամեան գործարարներուն մինչեւ 1 յուլիս  ստուերէն դուրս գալու ժամանակ տուած էր` խոստանալով, որ հակառակ պարագային  անոնցմով պիտի զբաղին համապատասխան մարմինները: Մինչ  իր վերջին յայտարարութեան մէջ վարչապետը...

0821_miriatian-f

Պետրոս Արք. Միրիաթեան Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ` Անոր Փոխանցելով «Սուրիացի Քրիստոնեաներուն Ցաւերն Ու Յոյսերը»

«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 6 օգոստոս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը: Կարճատեւ հանդիպումին ընթացքին գերապայծառ Միրիաթեան պապին փոխանցեց «սուրիացի քրիստոնեաներուն ցաւերն ու յոյսերը»: Այնուհետեւ, Ֆրանչիսկոս պապը գերապայծառ Միրիաթեանին յայտնեց, որ ինք մօտէն կը հետեւի հարցին եւ տեղեակ է իրավիճակէն, ինչպէս նաեւ այս առնչութեամբ մօտ օրէն հանդիպում պիտի ունենայ Միջին...

10621511_10152660154049429_145590032_o

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Վերադարձաւ Ա. Դասակարգ` Իբրեւ Ախոյեան

PROFOTO ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց խումբը երէկ երեկոյեան իբրեւ Բ. դասակարգի ախոյեան վերադարձաւ Ա. դասակարգ, երբ աւարտականին իր կատարած մրցումին 49-44 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շապապ Արապիին, 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը: Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Դասակարգի Ախոյեան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը` ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Շապապ Արապիի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի...

0820_Movses-Hakobyan

Մովսէս Յակոբեան. «Հպարտ Եմ, Որ Մեր Նախագահը Հանդիպման Գացած Էր «Երկաթէ Շերեփով»

Մովսէս Յակոբեան Վերջին շրջանին հակառակորդին կողմէ կատարուած հետախուզական ներթափանցման փորձերը եւ սահմանային գիծին վրայ զինուորական սարքերու կուտակումները նպատակ ունէին ապակայունացնել իրավիճակն ու հոգեբանական ճնշում բանեցնել զինուորներուն վրայ: Այս մասին Ստեփանակերտի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան: «Ազրպէյճան պարզապէս սպառնալիքի միջոցով փորձած է մեզ  վախցնել, զինուորական սարքերը առջեւ մղելով, փորձելով հասկցնել, որ անմիջապէս...

0820_Clark

Քոնկրեսական Քլարք Կը Սատարէ Արցախի Ժողովուրդին Եւ Կը Դատապարտէ Հայ Ժողովուրդին Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Քեթրին Քլարք «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ Մասաչուսեցի 5-րդ վարչական շրջանը ներկայացնող քոնկրեսական Քեթրին Քլարք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի կատարած յարձակումին դէմ յայտարարութիւն հրապարակած է: «Ես խորապէս մտահոգուած եմ վերջերս Ազրպէյճանի` ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի շղթայազերծած զինուորական յարձակումի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքային անձերու եւ Միջազգային կարմիր խաչի դէմ արձակազէններու գնդակոծութիւններուն մասին հրապարակումներով: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը...

0820_John-Heffern

Ճոն Հեֆըրն. «Ղարաբաղեան Տագնապը Զինուորական Լուծում Չունի»

Ճոն Հեֆըրն «Այս տագնապը զինուորական լուծում չունի: Կոչ կ՛ուղղենք երկու կողմերուն սկսելու լուրջ բանակցութիւններու», յայտարարեց  Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն  երէկ իր հրապարակած տեսագրուած խօսքին մէջ` նուիրուած ղարաբաղեան խնդիրին: «Կրկին կը յայտնենք մեր ցաւակցութիւնը վերջին միջադէպերուն ընթացքին զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն»,  այսպէս կը սկսի դեսպանը իր հայերէն ուղերձը: Յիշեցնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի վերջերս կատարած...

0820_taslak

Զրոյց` Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանի Հետ

Երէկ, «Ազդակ» օրաթերթի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանային զարգացումներուն շուրջ զրոյց մը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանի հետ: Զրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Անդրադառնալով շրջանային զարգացումներուն` տոքթ. Թասլաքեան նշեց, որ այդ զարգացումները որոշ տրամաբանութեան եւ կուտակումի արդիւնք են, սակայն կարելի չէ ըսել, որ պատահականութեան արդիւնք են` աւելցնելով, որ Արեւմուտքը իր հակակշիռը հաստատելու...

ku

Ակնարկ. Տարածաշրջանային Խնդիրներ Եւ Հայկական Արձագանգներ

Տարածաշրջանային զարգացումները այլեւս ոչ միայն հեռակայ պատկերներով, այլ ուղղակի անմիջական կ՛ընդգծեն Միջին Արեւելքի ապաքրիստոնէացման միտումները: Բայց խնդիրը միայն կրօնական հողի վրայ ուղղակի բռնութեամբ թէ խուճապի մթնոլորտի ստեղծմամբ կամ նոյնիսկ ծրագրաւորուած բնակչային տեղաշարժերու համապատասխան դրութիւններ ընծայելով զարգացող երեւոյթ չէ: Եզիտիներու նկատմամբ կիրարկուած ջարդն ու տեղահանութիւնը արդէն ոչ միայն ապաքրիստոնէացման մասին կը խօսին, այլ նաեւ ընդհանրապէս շրջաններու ամայացման եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող...

0819_babayan-f

Դաւիթ Բաբայեան. «Արցախի Հանրապետութիւնը Պատրաստ Է Օգնելու Եզիտի Ժողովուրդին»

Դաւիթ Բաբայեան Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է իր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ  օգնելու եզիտի գաղթականներուն: Այս մասին  հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է  Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան` նշելով, որ նախ եւ առաջ քաղաքական գնահատական պէտք է տալ տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւններուն: «Հայ ժողովուրդը չի կրնար անտարբեր մնալ այն բոլոր երեւոյթներուն նկատմամբ, որոնք ներկայ դրութեամբ կը կատարուին եզիտի ժողովուրդին  հետ: Եզիտի...

Page 832 of 885 1 … 831 832 833 … 885