Գլխաւոր լուրեր

0903_sleiman_hagop_pakradouni

Սլէյման. «Առեւանգեալ Զինուորներուն Թղթածրարին Անհրաժեշտ Կարեւորութիւնը Պէտք Է Ընծայել»

Զօր. Սլէյման եւ Բագրատունի Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ երեսփոխաններ Անթուան Զահրան ու Ժամալ Ժարրահը: Հանդիպումներուն ընթացքին Սլէյման ընդգծեց, որ առեւանգեալ զինուորներուն թղթածրարին անհրաժեշտ կարեւորութիւնը պէտք է ընծայել եւ զայն քաղաքական լարուածութենէն հեռացնել` նկատի ունենալով, որ անիկա անխտիր բոլորին...

0903_Poroshenko-Putin

Փութին-Փորոշենքօ Արեւելեան Ուքրանիոյ Մէջ Մնայուն Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութիւն

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է: Ըստ աղբիւրին, Փութին Փորոշենքոյի հետ քննարկած է Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար անհրաժեշտ առաջնահերթ քայլերը: Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով մանրամասնած է, որ Փութինի եւ Փորոշենքոյի տեսակէտները տագնապէն դուրս գալու ուղիներ ճշդելու առումով զգալիօրէն համընկնած են: Ուքրանիոյ նախագահի...

7879_b

Ստեփանակերտի Մէջ Նշուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 23-Ամեակը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան  եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն եկած պաշտօնական պատուիրակութեան, արցախահայութեան եւ արտերկրէն եկած հիւրերու հետ Վերածնունդի հրապարակէն  հանդիսաւոր քայլերթով այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցեց Ղարաբաղի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղեց Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին...

0902_Yura-f

Մոսկուայի Մէջ. Համաշխարհային Ա. Պատերազմը Եւ Հայերու Ցեղասպանութիւնը «Նոր Մանեժ» Ցուցասրահին Մէջ

Մոսկուայի պետական «Նոր մանեժ» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Նայէ պատերազմի աչքերուն» ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է խորհրդային եւ  հետագայ տարիներուն գրեթէ մոռցուած Ա. Համաշխարհային պատերազմին: Ցուցադրութիւնը ձեւաւորուած է Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Սերպիոյ, Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու քանի մը տասնեակ արխիւներու եւ թանգարաններու նիւթերուն հիման վրայ: Անոնց շարքին  են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նիւթերը: Ի տարբերութիւն սովորական ցուցադրութեան, առաջին անգամ...

0901_NA-Seimas

Քուոտիթէ. «Արցախի Ձայնը Պէտք Է Այժմ Ալ Լսելի Ըլլայ Միջազգային Հանրութեան Կողմէ»

Նախանցեալ օր Ստեփանակերտ հասաւ Լիթուանիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի` Սէյմասի Արցախի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջն էին խումբի նախագահ Տալիա Քուոտիթէն, անուանի քաղաքական գործիչ եւ լրագրող Ռիմվիտաս Վալաթքան: Սէյմասի պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ Արցախի խորհրդարանի Լիթուանիոյ հետ բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին հետագայ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները, որոնք կը վերաբերին օրէնսդրական, կրթական, գիտական, մշակոյթի եւ առողջապահութեան մարզերուն: Լիթուանիա-Արցախ բարեկամական...

0902_tevanig

Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 23-Ամեակին Առիթով. Արցախեան Ազատամարտին Նուիրուած «Թեւանիկ» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձին առիթով, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ երէկ` երեքշաբթի 2 սեպտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սիթի մոլ»-ի մէջ ցուցադրուեցաւ Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնը: Հայաստանի քայլերգով ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սագօ Գասապեան, որ նշեց, թէ ինչպէ՛ս արցախեան պատերազմին շատ երազներ կորսուեցան, բայց ամէն գնով կարելի եղաւ ազատութիւնը կերտել: «Ներկայիս մղուող պատերազմները քարոզչական...

flag_00211.800x600w-f

Խմբագրական. Քաղաքացիական Եւ Ռազմական Մտածողութեան Համատեղումը (Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակման 23-Ամեակին Առիթով)

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման հերթական նշումը այս հանգրուանին նախ մտածել կու տայ նախասոչիական ժամանակահատուածին հակառակորդի սանձազերծած աննախադէպ ոտնձգութիւններուն, հետապնդած նպատակին եւ ձեռք չձգած արդիւնքներուն մասին: Աննախադէպ, ի հարկէ միջազգային երաշխաւորութեամբ կնքուած զինադադարէն ետք ինկող ժամանակաշրջանին: Առ այսօր տակաւին բազմաթիւ հարցականներ եւ վարկածներ կը հնչեն, թէ ճիշդ ի՞նչն էր դրդապատճառը սահմանային լարուածութեան նման տարողութիւն տալու եւ թէ ի՞նչ պատճառներով կտրուկ փոփոխութիւն...

7832_b

Նախագահ Սարգսեանի Այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ Կը Շարունակուի

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն տրուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ երէկ այցելեց Ստեփանակերտի «Մետաքսկոմպինաթ» գործարան, ծանօթացաւ ընկերութեան ընթացիկ գործունէութեան եւ հետագայ ծրագիրներուն: Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները նաեւ այցելեցին «Սարթիս» իտալական ընկերութեան հիմնադրած «Կրէյթ փարթնըրշիփ» ընկերութեան նորաբաց կարի գործարանը, ուր կը նախատեսուի հիմնել աւելի քան 450 աշխատատեղ: Ապա նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ...

Fotor0831221524-f

«Ալիեւի Գործողութիւնները Կրնան Պատերազմ Հրահրել» Ըսաւ Արամ Համբարեան

Եթէ աշխարհ չկանգնեցնէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, անոր գործողութիւնները կրնան պատերազմ հրահրել4 փոքր յարձակումները կրնան յանգեցնել մեծ տագնապի: Այդ մասին NEWS.am-ի թղթակիցին յայտարարեց Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան` անդրադառնալով վերջին շրջանին շփման գիծին վրայ լարուածութեան սրումին եւ Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած ներթափանցման գործողութիւններու փորձերուն: «Օրինակ, ԵԱՀԿ-ը առաջարկած է արձակազէնները դուրս բերել շփման գիծէն, ասիկա շատ լաւ գաղափար է:...

Փութին Հրամայած Է Ստորագրել Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միանալու Համաձայնութիւնը

Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամայած է ստորագրել Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնագիրը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Փութինի հրամանագիրը երէկ հրապարակուած է իրաւական տեղեկատուութեան պաշտօնական կայքին վրայ: «Ընդունիլ 29 մայիս 2014-ի Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնութեան ստորագրման վերաբերեալ Ռուսիոյ կառավարութեան առաջարկը», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ: Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութեան իրաւունք տրուած է համաձայնութեան ստորագրման շուրջ...

nalbandian-erdo-inaug

Ակնարկ. Տեղին Հրաւէր, Անտեղի Մասնակցութիւն

Կը նկատուի, որ նորընտիր նախագահ Էրտողանի երդմնակալութեան առիթը Երեւանը յարմար կը նկատէ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով քարոզչաքաղաքական թիրախ խփելու պահ: Անտեղի կրնայ չըլլալ այս դիտարկումը, եթէ Երեւանի հրաւէրը ընկալենք Անգարան անկիւն տեղաւորելու եւ հրաւէրը մերժելու կացութեան մէջ տեղադրելու պարունակին մէջ: Բայց այս վարկածի ամրութիւնը հաստատելու համար պէտք է նախընթաց դիպաշարին եւ անոր հետ կապուած ծալքերուն հպանցիկ անդրադարձ կատարել եւ...

0831Nalbandian

Նախարար Նալբանդեան Ընդունեց Լիթուանիոյ Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

Շաբաթ, 30 օգոստոսին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Լիթուանիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի հետ Լիթուանիոյ Սէյմասի բարեկամութեան խումբի նախագահ Տալիա Քուոտիդէի գլխաւորութեամբ: Ողջունելով հիւրերը` նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց անոնց գործունէութիւնը` ուղղուած հայ-լիթուանական յարաբերութիւններու զարգացումին եւ խորհրդարանական կապերու ամրապնդման: Նախարարը գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայաստանը եւ Լիթուանիան յաջողութեամբ կը գործակցին, անոնց բարձրաստիճան փոխայցելութիւնները յաճախակի դրութեամբ տեղի կ՛ունենան: Էդուարդ Նալբանդեան...

0831_erit

Աւարտեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Համաշխարհային Փառատօնը

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 20-26 օգոստոս 2014-ին Մալթայի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային փառատօնը: Փառատօնին կը մասնակցէին աւելի քան 1000 հոգի` աշխարհի 65 երկիրներէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը փառատօնին կը մասնակցէր երկու ներկայացուցիչով` Կարապետ Շադոյեան եւ Սարինէ Աբրահամեան: Փառատօնին բացման հանդիսութեան կը մասնակցէին Մալթայի վարչապետ Ժոզեֆ Մուսքաթը (Աշխատաւորական կուսակցութիւն) եւ Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցիչներ: Ելոյթով հանդէս եկան...

0831_karakash

Այնճար. Մեծարանքի Երեկոյ` Աշոտ Ա. Քհնյ. Գարագաշեանի

Երէկ` կիրակի, 31 օգոստոս 2014-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ  Այնճարի հայ առաքելական համայնքի հոգեւոր հովիւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանի ծառայութեան 45-ամեակին առիթով` տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Շահէ եպս. Փանոսեանի: Մովսէս Գէորգեան Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին կողմէ` գործակցութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական  յանձնախումբին եւ Մուսա...

DSC09577

Բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեան Այցելեց «Ազդակ»

Շաբաթ, 30 օգոստոսի յետմիջօրէին «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ «Ոսկէ ծիրան 2014» մրցումի մրցանակակիր «Թեւանիկ» ժապաւէնի բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեան: Հանդիպումը առիթ դարձաւ խօսելու «Թեւանիկ» ժապաւէնին արձանագրած յաջողութեան եւ ներկայիս հայկական ֆիլմարուեստին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին: Յայտնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 23-ամեակին առիթով վաղը` երեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Սիթի Մոլ»-ի «Սինեմասիթի» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ...

0829_Nalbandian

Նալբանդեան Էրտողանին Յանձնած Է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Արարողութեան Պաշտօնական Հրաւէրը

Նալբանդեան Էրտողանին կը յանձնէ պաշտօնական հրաւէրը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 28 օգոստոսին Անգարայի մէջ ներկայ գտնուած է Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան: Արարողութենէն ետք պատուիրակութիւններու ղեկավարներու ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին Նալբանդեան կարճատեւ զրոյց ունեցած է նախագահ Էրտողանի հետ, որուն յանձնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ...

Ապրիլքսանչորսեան Յայտարարութեան Պատճառով Թուրքիոյ Մէջ Հետաքննութիւն` Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Ղեկավարներու Դէմ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Համաժողով` Նիւ Եորքի Մէջ

13-15 մարտ 2015-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած միջազգային եռօրեայ համաժողով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմինիըն Ուիքլի»-ն:   «Պատասխանատուութիւն 2015» խորագիրով համաժողովը կազմակերպած է ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներու յանձնախումբը:  Համաժողովին ներկայ պիտի ըլլան աշխարհի տարբեր երկիրներէ պատմաբաններ, քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ: Նաեւ լուսանկարներու եւ արուեստի գործերու ցուցահանդէս պիտի կազմակերպուի:

0829_amerigyan_ojantagutyun

Բանակը Ստանձնեց Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւն

Գնդապետ-զօրավար Մանուէլ Գրաճեան կը ստանձնէ զինուորական օժանդակութիւնը Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ստանձնեց ամերիկեան պետութեան տրամադրած զինուորական օժանդակութիւնները` ներկայութեամբ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Մանուէլ Գրաճեանի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի: Բանակին տրամադրուած ամերիկեան զէնքի ու զինամթերքի ստանձնումի պահուն գնդապետ-զօրավար Մ. Գրաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան պետութեան` Լիբանանին տրամադրած անոր զինուորական օժանդակութեան...

14881299657_952e8d34c1_o-(1)

100-Ամեակի Կեդրոնական Մարմինը Կը Համալրուի

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը 100-ամեակի տարուան նախաշեմին աշխատանքներու տարողութեան եւ յաւելեալ կազմակերպման նկատառումով համալրեց իր կազմը: 100-ամեակի պետական յանձնաժողովի կազմին հետեւողութեամբ ներկայ կազմին միացան ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի, ԼՕԽ-ի եւ ՀԵԸ-ի ներկայացուցիչները: Համալրուած կազմը իր հերթական նիստը գումարեց հինգշաբթի, 28 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ: Նիստին կը մասնակցէր Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան:...

0828California-Senate

Խմբագրական. Ընդլայնել Ճանաչման Աշխարհագրութիւնը

Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր իշխանութեան կամքին միանալով նոյն նահանգին ծերակոյտը եւս միաձայնութեամբ ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը, ճանաչման շարքին դառնալով Միացեալ Նահանգներու հինգերորդ նահանգը: Քալիֆորնիան Միացեալ Նահանգներու կարեւորագոյն նահանգներէն է, եւ իր ճանաչումը Արցախի Հանրապետութեան կ՛ընկալուի իբրեւ ամերիկեան քաղաքական կարեւորագոյն միջավայրերէն մէկուն որդեգրած դիրքորոշումը: Եթէ մտաբերենք նաեւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի համապատասխան որոշումը, արդէն կը սկսինք տեսնել քաղաքային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ Հայ...

Page 830 of 885 1 … 829 830 831 … 885