Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 24 օգոստոսին այցելած է «Միասին» երիտասարդական շարժումին կողմէ կազմակերպուած «Միասին-2014» համահայկական երիտասարդական կրթական հաւաքի վրանային ճամբար: Վեցերորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի այս հաւաքը, որուն այս տարի կը մասնակցին 500 երիտասարդ` Երեւանէն եւ Հանրապետութեան այլ մարզերէ: Հանրապետութեան նախագահը շրջած է ճամբարին տարածքը, զրուցած է հաւաքի մասնակիցներուն հետ, ծանօթացած ճամբարականներուն պայմաններուն եւ առօրեային:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան պատասխանած է երիտասարդները հետաքրքրող հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, ներկայ մարտահրաւէրներուն, երիտասարդութեան հարցերուն, պաշտպանութեան եւ շարք մը այլ նիւթերու:
Մասնաւորապէս, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, անոնց հեռանկարին եւ պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումին վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանը հրաւէր ստացած է Թուրքիոյ իշխանութիւններէն` մասնակցելու ընտրուած նախագահի երդման արարողութեան, եւ հաւանաբար մասնակցութիւնը տեղի ունենայ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով: Ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը պիտի տեղեկանայ նաեւ, եթէ Թուրքիոյ նախագահը կը պատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին այցելելու Ծիծեռնակաբերդ եւ իր աչքերով տեսնելու մարդկային հոծ երթը, որ տասնամեակներու ընթացքին կ՛աւելնայ:
Իսկ պատասխանելով «Ե՞րբ պիտի բացուի Հայաստան-Թուրքիա սահմանը» հարցումին նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է, որ այս հարցումին չի կրնար պատասխանել` ընդգծելով, որ Հայաստանի ցանկութիւնն է, որ օր առաջ այդ սահմանը բացուի:
Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Գտնուած Է
«Բազէ-2014» Համահայկական Երիտասարդական
Հաւաքի Փակման Արարողութեան
24 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուած է Ծաղկաձորի մէջ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի կազմակերպած «Բազէ-2014» համահայկական երիտասարդական հաւաքի փակման արարողութեան: Հաւաքին մասնակցած էր աւելի քան 500 երիտասարդ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն: Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ շատ ուրախ է հանդիպելու բազէականներուն հետ եւ շնորհաւորած է զանոնք Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման օրուան կապակցութեամբ: «24 տարի առաջ այս նոյն օրը ընդունուեցաւ Անկախութեան հռչակագիրը, եւ ատիկա շատ կարեւոր իրադարձութիւն էր մեր ժողովուրդին համար: Հայաստանի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը ինքզինք կը հարցադրէր` ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագան, ինչպիսի՞ ընթացք պիտի ունենայ մեր անկախ պետութիւնը եւ ի՞նչ նոր բարդութիւններ եւ դժուարութիւններ պատրաստած է ճակատագիրը հայ ժողովուրդին համար: Բոլորին հետ միասին ես ալ կը մտածէի ապագային մասին եւ վստահ էի, որ մեր աւագ սերունդը, մեր եւ մեզմէ կրտսեր սերունդը պիտի կարենայ պատուով կատարել իրենց առաքելութիւնը: Ես մտավախութիւն ունէի, թէ ինչպէ՛ս աւելի երիտասարդ` 90-ականներէն ետք ծնած սերունդը, պիտի կարենայ տնօրինել մեր հայրենիքին ճակատագիրը: Փառք Աստուծոյ, որ մենք կրցանք այս տարիներուն ընթացքին իրապէս կատարել մեր առաքելութիւնը, եւ ես վստահ եմ, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը մեզմէ շատ աւելի լաւ պիտի կատարէ այդ առաքելութիւնը: Իմ համոզումս հիմնուած է ոչ թէ լաւատեսութեան, այլ այն իրողութեան վրայ, որ այսօր մեր երիտասարդները կրնան վստահօրէն պաշտպանել մեր երկրին սահմանները եւ այդ ընթացքին ցուցաբերել քաջութեան եւ հայրենասիրութեան բազմաթիւ վառ օրինակներ: Եթէ մեր դպրոցականները համաշխարհային առարկայական ողիմպիականին նուաճած են 19 մետալ, եւ որպէսզի կարենաք պատկերացնել, թէ այդ մէկը ինչ է, ըսեմ, որ մեր դրացի Վրաստանը նուաճած է 8, Ազրպէյճանը` 4, իսկ 80 միլիոննոց Թուրքիան` 22 մետալ: Ինչպէ՞ս չհպարտանաս այդպիսի դպրոցականներով, եթէ վերջին 4-5 տարիներուն ընթացքին միջին հաշուով 100 հայ երիտասարդ ամէն տարի կ՛ընդունուի աշխարհի լաւագոյն 10 համալսարաններ, ապա ինչպէ՞ս վստահ չըլլաս, որ այդ մարդիկ պիտի կարենան շատ աւելի մեծ գործեր կատարել, քան մենք: Եւ եթէ մեր հրասայլային անձնակազմերը կարողութիւնը ունին մրցելու աշխարհի մեծագոյն բանակներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ ըլլալ յաղթողներու շարքին, ուրեմն ամէն ինչ լաւ ընթացքի մէջ է», ընդգծած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ պատասխանած է «Բազէ-2014»-ի երիտասարդ լրագրողներու ջոկատի անդամները հետաքրքրող հարցումներուն: Ճամբարական լրագրողները Հանրապետութեան նախագահին հարցումներ ուղղած են Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, երկրի պաշտպանութեան, տնտեսութեան մարտահրաւէրներուն եւ ընկերային հարցերու վերաբերեալ:


