Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Քալիֆորնիա Նահանգին Կողմէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչման`. «Որեւէ Երկրի Նահանգ Իրաւունք Չունի Այսպիսի Որոշումներ Որդեգրելու» Կ՛ըսէ Պաքու

August 29, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
0828_Abdullayev
Էլման Ապտուլլայեւ

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող որոշումի որդեգրման վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարած է:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին վրդովմունք յայտնած է, որ որեւէ պետութեան նահանգ իրաւունք չունի նման որոշումներ տալու: Ան մեղադրած է ծերակոյտի անդամները հայկական լոպիստական կազմակերպութիւններու համար աշխատելու համար:

Նախապէս յայտարարութիւն տարածած էր նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը` անընդունելի նկատելով ծերակոյտին որդեգրած որոշումը եւ մեղադրելով Միացեալ Նահանգները ժողովրդավարութեան եւ քաղաքական համակարգերու մէջ թերացումներու մէջ:

Ազրպէյճան Մտահոգ` Արցախի Մէջ
Եզիտիներու Բնակեցման Հաւանականութեամբ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեծապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին մէջ եզիտիներ բնակեցնելու հաւանականութեամբ: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «Haqqin.az» կայքը, կը հաղորդէ, որ այս առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ:

Ան յայտնած է, որ Ազրպէյճան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կոչ ուղղած է «կարծր դիրքորոշում արտայայտելու» Արցախի մէջ եզիտիներու բնակեցման առնչութեամբ: Ըստ Ապտուլլայեւի, այդպիսի գործողութիւնները միայն կը վնասեն տագնապի լուծման ուղղուած բանակցային հոլովոյթին:

Նախապէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան` դատապարտելով Իրաքի մէջ եզիտի համայնքին նկատմամբ գործադրուող գործողութիւնները, ըսած էր, որ Արցախը պատրաստ է ընդունելու եւ ապաստան տալու եզիտիներուն:

 

Նախորդը

Քննելով Երկրին Հրատապ Հարցերը`. «Կառավարութիւնը Ոչ Մէկ Ճիգ Պիտի Զլանայ` Փրկելու Իր Քաղաքացիները» Յայտարարեց Նախարար Ռամզի Ժըրէյժ

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Երկու Հիմնական Խնդիրներն Են Հայկական Հարցն Ու Կիպրոսի Խնդիրը, Եւ Թուրքիա Այս Խնդիրներուն Մէջ Միշտ Պիտի Պաշտպանէ Իր Տեսակէտը» Ըսաւ Տաւութօղլու

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.