Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէր Թադեւոսեան Կ՛առաջարկէ «Կանխարգելիչ Հարուածներ» Հասցնել

August 27, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արկադի Տէր Թադեւոսեան
Արկադի Տէր Թադեւոսեան

Արցախեան ազատամարտի հերոս, գնդապետ-զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս) կ՛առաջարկէ կանխարգելիչ հարուածներ հասցնել ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծի այն հատուածներուն մէջ, ուրկէ հակառակորդը վերջին շրջանին հետախուզական ներթափանցման փորձեր կատարեց:

«Ես կը կարծեմ, որ մենք չենք կրնար սպասել, որ մեր վրայ ամէն անգամ յարձակին, իսկ մենք պաշտպանուինք: Եթէ անոնց չհարուածենք, անոնք մեզի անընդհատ պիտի պահեն լարուածութեան մէջ, մենք ալ պիտի մտածենք, որ անոնք այնքան զօրաւոր են, պիտի յարձակին մեր վրայ: Աւելի լաւ է, որ կանխարգելիչ հարուածներ հասցնենք անոնց: Ատիկա ընդունուած է ամբողջ աշխարհին մէջ, երկու հարիւր տարի է ատիկա կը կիրարկուի», Ըսաւ Արկադի Տէր Թադեւոսեան:

Քոմանտոսը յստակացուց, որ ինք չ՛առաջարկեր պատերազմական գործողութիւններ սկսիլ.  «Կը կրկնեմ, ես չեմ առաջարկեր պատերազմ յայտարարել Ազրպէյճանի դէմ: Պարզապէս պէտք չէ մեր հանրութիւնը պահել այնպիսի վիճակի մէջ, որ անընդհատ սպասենք` Ազրպէյճան պիտի յարձակի՞ մեր վրայ, թէ՞ ոչ»:

Արցախի հերոսի կոչման արժանացած բարձրաստիճան զինուորականը վստահեցուց, որ Ազրպէյճան պատրաստ չէ պատերազմի. «Անոնց զօրքերը պատրաստ չեն զինուորական գործողութիւններու, այդ մասին գնահատականներ տուած են թէ՛ ՕԹԱՆ-ի եւ թէ՛ Թուրքիոյ զինուորական փորձագէտները»:

«Սահմանային շփման գիծին վրայ կանխարգելիչ գործողութիւններու առաջարկը պէտք է ներկայացնել հանրութեան դատին», ըսաւ զօրավար Տէր Թադեւոսեան:

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Շնորհաւորեց Աբխազիոյ Նորընտիր Նախագահը

Յաջորդը

Յունաստանի Խորհրդարանին Մէջ Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծին Քննարկումը Յետաձգուեցաւ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.