Գլխաւոր լուրեր

0908_sahmanadr-f

Ռուստամեան. «Նախ Պէտք Է Կատարել Սահմանադրական Փոփոխութիւններ»

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ Դաշնակցութեան դիրքորոշումին` հիմնաւորելով խորհրդարանական կառավարման համակարգին կողմնակից ըլլալու յայտարարութիւնները: Ըստ անոր, խորհրդարանական կառավարման համակարգին միջոցով կարելի պիտի ըլլայ ազատիլ գերկեդրոնացուած համակարգէն, որովհետեւ աւելի դժուար է ընդդիմութեան համար պայքարիլ կեդրոնացուած, քան ապակեդրոն եւ հաւասարակշռուած համակարգի մը դէմ: «Այնպէս որ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ մարտավարական...

0908_aghtamar

Աղթամարի Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Դարձեալ Պատարագ Մատուցուեցաւ

«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հինգերորդ անգամ ըլլալով պատարագ մատուցուած է: Պատարագը կատարուած է Թուրքիոյ մէջ ապրող քրիստոնեաներու մասնակցութեամբ: Առաջին անգամ ըլլալով պատարագին միացած են յոյներու պատրիարք Բարթողիմէոսը եւ Թուրքիոյ ասորի համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Եուսուֆ Չեթինը: Պատարագը մատուցած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան: Աթեշեան սրբազանը նշած է, որ այս անգամ...

0908_jampanerou_pagoum

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Զինեալ Բախումները Կը Վերսկսին, Իսկ Պեքաայի Մէջ Ծայր Կ՛առնէ Փոխադարձ Առեւանգումներու Ալիք Մը

Երէկ երեկոյեան Արսալի բարձունքներուն վրայ եւ Ուատի Ռահիանի ու Ռահուէի մէջ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան լիբանանեան բանակին եւ Ժապհաթ Նուսրայի ու ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ: Արեւելեան լեռնաշղթային վրայ արձանագրուող բուռն բախումներուն կողքին, Լապուէն թիրախ դարձած է Արսալէն արձակուած հրթիռներու: Հրթիռներ ինկած են նաեւ Պրիթելի եւ Հորթաալայի մէջ: Միւս կողմէ, ճամբաներու փակումէն բացի երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին փոխադարձ առեւանգումներ կատարուեցան: Առեւանգումներուն «բացումը» կատարուեցաւ, երբ...

Fotor0908125918-f

Երիտասարդական Կեդրոնի Բացում` Նինոծմինտայի Մէջ

Նինոծմինտայի բնակիչները հաւաքուած կը սպասէին տեղւոյն երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի բացման արարողութեան, հակառակ տեղատարափ անձրեւին: Ողջոյնի խօսք, ժապաւէնի հատում, կեդրոնի օրհնում: Այս բոլորը արդիւնքն են քրտնաջան աշխատանքին եւ երկու տարի տեւած պայքարին: Կեդրոնի կառուցման պատասխանատուները արդէն անցեալով կը յիշեն դժուարութիւնները եւ կ՛ըսեն. «Վերանորոգումը իրականացուած է սեղմ ժամկէտի մէջ. շէնքը գործարկելու արտօնութիւն ստանալը շատ բարդ էր»: Բացման  ներկայ էին Ջաւախքի շրջաններու ղեկավարներ,...

7948_b

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Ֆրանսայի Ընկերվարական Խորհրդարանականներու Պատուիրակութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 սեպտեմբերին  ընդունած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ընկերվարական  խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ Լը Ռուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Նախագահը ողջունած է հիւրերը, որոնք Հայաստան եկած են հասարակական-քաղաքական գործիչ եւ հայասէր Ժան Ժորեսի մահուան 100-րդ եւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցներու առիթով տեղի ունեցող ձեռնարկներուն ծիրին մէջ: Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է նման փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք  կարելիութիւններ կու...

0907_hrips-f

Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը Քուէարկութեան Պիտի Դրուի 9 Սեպտեմբերին

Յունաստանի խորհրդարանին մէջ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 9 սեպտեմբերին, Յունաստանի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Յունաստանի մէջ լոյս տեսնող «Ազատ օր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան ըսաւ, որ 5 սեպտեմբերին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած է բուռն քննարկում, հնչած են տասնեակ մը ելոյթներ եւ փաստարկներ: «Վերջնական քուէարկութիւնը նախատեսուած է երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-ին...

0907_Francis

Ըստ «Թէ. Ռէ. Թէ.»-ի. Ֆրանչիսկոս Պապը Պիտի Այցելէ Թուրքիա, Ապա` Հաւանաբար Նաեւ Հայաստան

Ֆրանչիսկոս պապը Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ն կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը պիտի այցելէ Թուրքիա: Ըստ թրքական աղբիւրին տուեալներուն, նշեալ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 30 նոյեմբերին: Այցելութեան առիթը Քրիստոսի աշակերտներէն Ս. Անդրէասի յիշատակի արարողութիւններն են: Ս. Անդրէաս կը նկատուի յունական պատրիարքութեան հիմնադիրը: Այցելութեան նպատակը շրջանին մէջ կրօններու երկխօսութեան կարեւորութիւնը ընդգծելն է: Պապը մտադիր է այցելութեան ընթացքին Իրաքի մէջ հալածուող քրիստոնեաներուն առ ի պաշտպանութիւն...

0907_Erdo-Obama

Էրտողան Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Զգուշացուցած Է Հոլլանտը

Էրտողան եւ Օպամա «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին առանձին տեսակցութիւններ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Օպամայի հետ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Էրտողան նախ Միացեալ Նահանգները զգուշացուցած է Կազայի մէջ Իսրայէլի գործած սպանդներուն առնչութեամբ: Էրտողան նաեւ դիտել տուած է, որ եթէ...

7899_b

Ակնարկ. Նիւփորթը Սոչիին Դիմաց

Հիւսիսատլանտեան ուխտի համագումարի շրջանակներուն մէջ կիսայանկարծակի հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջնորդութեամբ` նախագահներ Սարգսեան եւ Ալիեւի, առաջին հայեացքով Սոչիի հակաքայլ կարելի է դիտարկել: Չմոռնանք, որ վերջին շրջանին եւ միջնախագահական բանակցութիւններու երկարատեւ դադարէ ետք, Ֆրանսայի նախագահին կը պատկանէր եռակողմ հանդիպում կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը: Սահմանային գօտիներու վրայ ստեղծուած գերլարուած իրավիճակը եւ դէպքերու աննախադէպ զարգացումը  ենթահողը պատրաստած էին, որ եռակողմը այլ գերմիջնորդի նախաձեռնութեամբ...

0905_Meeting-f

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Սարգսեան-Քերրի-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին Յայտարարութիւն Տարածած Է

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Կալեսի Նիւփորթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Սարգսեան-Քերրի-Ալիեւ հանդիպումին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի խոր մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած վերջին բռնարարքներուն նկատմամբ եւ կոչ ուղղած կողմերուն աւելի պաշտօնական բանակցային հոլովոյթ թեւակոխելու: «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Քերրին...

0905_French-delegation

Ժան Ժորեսի Մահուան 100-Ամեակին Առիթով Հայաստան Հասաւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Ընկերվարական Խումբի Պատուիրակութիւնը

2014 թուականը Ֆրանսայի մէջ հռչակուած  է Ժան Ժորեսի տարի, անոր մահուան 100-ամեակին  կապակցութեամբ:  Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան առաջնորդ, հայկական իրաւունքներու պաշտպան քաղաքական գործիչին մահուան հարիւրամեակը Հայաստանի մէջ նշելու համար, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (Արեւմտեան Եւրոպա եւ Հայաստան) եւ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի հրաւէրով, 4-7 սեպտեմբերին Հայաստան կ՛այցելէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընկերվարական խմբակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Պրիւնօ լը Ռուի: Պատուիրակութեան կ՛ընկերանան Հայ յեղափոխական...

Fotor0905165612-f

«ՀՅԴ-ն Համաձայնական Դաշինք Կազմելու Հարց Չէ Դրած» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, լրագրողներուն հետ երէկուան զրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է, որ ՀՅԴ-ն համաձայնական դաշինք կազմէ իշխող կուսակցութեան հետ` նկատի առնելով, որ ՀՅԴ-ն քառեակի ուժերէն միակն է, որ կողմ է սահմանադրական բարեփոխումներուն, ըսաւ. «Ո՛չ, ՀՅԴ-ն ոչ մէկ ձեւով համաձայնական դաշինք կազմելու հարց  դրած է, այդ նոյն հարցումը կ՛ուղղէին, երբ եօթը...

IMG_4605

Դեսպան Ժոնկիլի Այցելութիւնը

Լիբանանի մէջ Քորէայի հանրապետութեան դեսպան Չոյ Ժոնկիլ երէկ «Վանայ ձայն»-ին տուաւ հարցազրոյց մը: Ան այս առիթով այցելեց նաեւ «Ազդակ» եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ: Դեսպանին կ՛ուղեկցէր Լիբանանի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատի անդամ Սարգիս Պուտագեան: Դեսպան Ժոնկիլ ծանօթացաւ մեր կառոյցներու աշխատանքներուն, բարձր գնահատեց ձայնասփիւռի, մամուլի եւ մշակոյթի վերաբերող նախաձեռնութիւններն ու աշխատանքները: Զրոյցներուն հիմնական նիւթը կը վերաբերէր Քորէայի...

7905_b

Սարգսեան-Քերրի-Ալիեւ Հանդիպում

Երէկ Նիւփորթի մէջ տեղի ունեցող ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ հանդիպումը: Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին ներկայ հանգրուանին եւ հեռանկարին վերաբերող հարցեր: Կողմերը ներկայացուցին իրենց երկիրներուն դիրքորոշումները բանակցային հոլովոյթին մէջ: Արտաքին գործոց նախարար Քերրին իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս ընդգծեց...

Fotor0904151236-f

Հարցադրում` Մինսքի Խմբակի Միացեալ Նահանգներու Համանախագահին

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան հարցադրում կատարեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքին` ցանկալով պարզել, թէ Միացեալ Նահանգներ ի՞նչ արժէքներ կը կիսեն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Համբարեան այս մասին գրած է «թուիթըր»-ի իր էջին վրայ, պատասխանելով Ուորլիքի աւելի կանուխ կատարած յայտարարութեան: Ճէյմս Ուորլիք մասնաւորապէս նշած էր. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները կը մասնակցին...

«Փտած Եւ Ցեղապաշտական Ազրպէյճանը  Կը Յարձակի Հայաստանի Վրայ` Ձգտելով Ցեղային  Զտումներու Եւ Ցեղասպանութեան»  Կ՛ըսէ Պուայէ

Վալերի Պուայէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծ Մը Ներկայացուցած Է

Վալերի Պուայէ «Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Վալերի Պուայէ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը ներկայացուցած է: Ըստ Պուայէի, այն ժամանակ, երբ Ֆրանսա կը պատրաստուի դիմաւորելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, Ֆրանսայի մէջ տակաւին ոչ մէկ օրէնք կ՛արտօնէ պատժել ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը` բացի Ողջակիզումէն: Երեսփոխանը նշած է, որ այն պարագային,...

768380

Հայրենիք-Սփիւռք Համաժողովին Պիտի Քննարկուին Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Եւ Սուրիահայութեան Հարցերը

18-21 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայրենիք-սփիւռք համահայկական հինգերորդ համաժողովը: Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի խնդրանքով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց համաժողովի կազմակերպման նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Ըստ նախարարին, արդէն սփիւռքի 600-է աւելի կառոյցներու ղեկավարներ հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը եւ այդ հոլովոյթը կը շարունակուի: «Գիտէք, որ այդ համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր համահայկական կառոյցներու ղեկավարները, պիտի...

0903_Aid-to-yezidis-in-iraq

Հայաստան Իրաքի Եզիտիներուն Փոխանցեց 100 Հազար Տոլարի Օժանդակութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 2 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան ներկայացուցիչ Քրիսթոֆ Պիերվիթին յանձնեց նոյն գրասենեակի ժընեւեան կեդրոնի դրամատնային հաշիւին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ Իրաքի մէջ ծայրայեղականներու գործողութիւններուն հետեւանքով տուժած եւ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած եզիտիներուն օգնութիւն տրամադրելու նպատակով 100 հազար տոլարի վճարման գիրը: «Վերջին շաբաթներուն ընթացքին աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ են Իրաքի ծայրայեղականներուն կողմէ կրօնական...

Fotor090310149-f

Վարդանեան. «Մենք Պէտք Է Հասնինք Մեր Վերջնական Նպատակին»

Աղուան Վարդանեան Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախանցեալ օր կանուխ առաւօտեան Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առաւ անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը: Հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները բազմամարդ երթով Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն ուղղուեցան Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին յաղթանակը խորհրդանշող յուշաքարի պատուանդանին, եւ ծաղիկներ դրին հայրենիքի ազատութեան համար հերոսաբար զոհուածներու շիրիմներուն: Այնուհետեւ հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները ծաղիկներ զետեղեցին Լեռնային Ղարաբաղի...

0903_funeral_ali_seyid

Բանակային Ալի Սէյիտի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Յուղարկաւորութիւն` սուգի մթնոլորտի մէջ Արսալի մէջ առեւանգուած եւ ապա ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ սպաննուած բանակային Ալի Սէյիտի մարմինը երէկ յանձնուեցաւ հողին` սուգի մատնելով Աքքարն ու Լիբանանը: Լիբանանեան դրօշակով փաթթուած Ալի Սէյիտի դագաղը երէկ առաւօտեան դուրս եկաւ Պատարոյի Զինուորական հիւանդանոցէն եւ ուղղուեցաւ Աքքարի Ֆնայտեք գիւղը, ուր դիմաւորուեցաւ գիւղին բնակիչներուն եւ հարազատներուն կողմէ: Սէյիտի յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան...

Page 829 of 885 1 … 828 829 830 … 885