Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդական Կեդրոնի Բացում` Նինոծմինտայի Մէջ

September 9, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Fotor0908125918Նինոծմինտայի բնակիչները հաւաքուած կը սպասէին տեղւոյն երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի բացման արարողութեան, հակառակ տեղատարափ անձրեւին: Ողջոյնի խօսք, ժապաւէնի հատում, կեդրոնի օրհնում: Այս բոլորը արդիւնքն են քրտնաջան աշխատանքին եւ երկու տարի տեւած պայքարին: Կեդրոնի կառուցման պատասխանատուները արդէն անցեալով կը յիշեն դժուարութիւնները եւ կ՛ըսեն. «Վերանորոգումը իրականացուած է սեղմ ժամկէտի մէջ. շէնքը գործարկելու արտօնութիւն ստանալը շատ բարդ էր»: Բացման  ներկայ էին Ջաւախքի շրջաններու ղեկավարներ, Վրաստանի խորհրդարանի երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Արֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը, որ Ջաւախք հասած էր յատուկ այդ նպատակով: Հոն էին նաեւ հայերու պատուիրակութիւններ Ֆրանսայէն, Լիբանանէն եւ Իրանէն: Անոնք անմիջական մասնակցութիւն ունեցած են կեդրոնի կառուցման եւ կահաւորման աշխատանքին: Ոմանք առաջին անգամ ըլլալով Ջաւախք կ՛այցելեն: Տպաւորուած էին ու հիացած: Նինոծմինտայի մէջ էին Արֆորվիլ քաղաքի ներկայ եւ նախկին քաղաքապետները: Անոնք կը վստահեցնեն, որ իրենց ցանկութիւնը եղած է օգնել ջաւախեցիներուն: Ջաւախքի մասին տեղեկացած են «Ֆրանս- Ջաւախք» հասարակական կազմակերութենէն:   «Ընտրութիւնը պատահական չէր: Պէտք է զարկ տալ հայապահպանման գործին, իսկ հոս չկար այն տանիքը, որ կը համախմբէր տեղւոյն  հայ երիտասարդները: Արդէն երկու տարի է, որ կապի մէջ ենք «Ֆրանս- Ջաւախք» հասարակական կազմակերութեան հետ, եւ Արֆորվիլ քաղաքը  շատ հետաքրքրուած էր Նինոծմինտայի մէջ կեդրոնի կառուցման օգնելով: Միաժամանակ, կ՛ուզեմ նշել, որ մեր քաղաքին բնակչութեան 10 առ հարիւրը  հայ է: Մեր հոս գտնուիլը, կը կարծեմ, պատահական չէ». կ՛ըսէ Արֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Քարպոնաս: Ասիկա Ջաւախքի մէջ երիտասարդական երրորդ կեդրոնն է: Բնակիչներուն ժամանց ապահովելէ բացի, կեդրոնը ունի գերագոյն նպատակ. հայապահպանութիւն եւ մայրենի լեզուի անաղարտ պահպանում: Նախնական տուեալներով, կեդրոն կը յաճախէ շուրջ 250 աշակերտ: Խմբակներուն մէջ կը դասաւանդեն Երեւանի մէջ ուսանած տեղացի երիտասարդ մասնագէտները: Կեդրոնին մէջ կը գործէ գրադարան, որ յագեցած է հայոց պատմութեան, գրականութեան դասագիրքերով: Գրադարանը կը կոչուի Հայ օգնութեան միութեան Լիբանանի Ջաւախքի յանձնախումբի անդամ, հանգուցեալ Յովհաննէս Քելեշեանի անունով:

Տեղացիները վստահ են, որ այս եւ նման կեդրոններու շնորհիւ  իրենք ամուր կապ կը պահեն հայրենիքին հետ:

Նախորդը

Մխիթարեանի Վնասուածքը Լուրջ Չէ

Յաջորդը

«Անաչառ Լուսաբանումով Լրագրողները Կը Նպաստեն Երկրին Պաշտպանութեան» Կ՛ըսէ Սէյրան Օհանեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.