2014 թուականը Ֆրանսայի մէջ հռչակուած է Ժան Ժորեսի տարի, անոր մահուան 100-ամեակին կապակցութեամբ: Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան առաջնորդ, հայկական իրաւունքներու պաշտպան քաղաքական գործիչին մահուան հարիւրամեակը Հայաստանի մէջ նշելու համար, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (Արեւմտեան Եւրոպա եւ Հայաստան) եւ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի հրաւէրով, 4-7 սեպտեմբերին Հայաստան կ՛այցելէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընկերվարական խմբակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Պրիւնօ լը Ռուի: Պատուիրակութեան կ՛ընկերանան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեանի: Ֆրանսական պատուիրակութեան այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի համագործակցութեամբ եւ Ֆրանսական համալսարանի ու «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի (Երեւան) աջակցութեամբ: Ֆրանսական պատուիրակութեան պաշտօնական հանդիպումներուն կը մասնակցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալբանդեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ընկերվարական խմբակցութեան նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրերը, վարչապետը վստահութիւն յայտնեց, որ ֆրանսացի խորհրդարանականներուն այցելութիւնը կը նպաստէ հայ-ֆրանսական բազմաոլորտ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ընդլայնման: «Մենք մեծապէս կը շեշտենք Ֆրանսայի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ յարաբերութիւններու զարգացումը: Ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի մեր երկկողմանի կապերը աւելի զարգանան, որուն համար կայ մեծ ներուժ», նշեց վարչապետը: Ընդգծելով, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ յաջող գործունէութիւն կ՛ունենայ ֆրանսական 180 ընկերութիւն, Յովիկ Աբրահամեան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային անոնց թիւը պիտի աւելնայ: Վարչապետը եւ Պրիւնօ լը Ռու կարծիք յայտնեցին, որ Հայաստան կրնայ բեմ հանդիսանալ ֆրանսական ընկերութիւններու համար եւրասիական շուկայ մուտք գործելու: Ըստ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ընկերվարական խմբակցութեան նախագահին, իր երկիրը շահագրգռուած է Հայաստանի զարգացումով եւ պատրաստ է հետագային եւս համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու այդ գործին: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` Պրիւնօ լը Ռու ըսաւ. «Ինչպէս Հայաստանի մէջ նշեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, մենք ունինք քաղաքական կամք ամբողջացնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքը, որուն շնորհիւ կը նախատեսուի քրէական հետապնդում բոլոր անոնց համար, որոնք կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Վստահ ենք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ունի կանխարգելիչ դերակատարութիւն եւ խաղաղութեան հաստատման համար կարեւոր է անոր ժխտումը բացառելը»: Պրիւնօ լը Ռու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին նաեւ կարեւոր նկատեց հայ-ֆրանսական միջխորհրդարանական կապերու սերտացումը` միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ անհրաժեշտ աշխատանքներ տանելու համար: Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսացի երեսփոխաններուն` իրենց դիրքորոշումին համար եւ ընդգծեց, որ եթէ Հայոց ցեղասպանութեան նման ոճրագործութիւնները ժամանակին չեն դատապարտուիր, ապա կ՛ունենան կրկնուելու հաւանականութիւն: Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ ընդգծեցին անոր լուծման անհրաժեշտութիւնը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին ծիրին մէջ: Կողմերը նաեւ քննարկեցին հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն առնչուող հրատապ հարցեր:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ընկերվարական կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ լը Ռուի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները երէկ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Ֆրանսացի խորհրդարանականները ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղեցին 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Հիւրերը նաեւ այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ:
Դաշնակցութիւնը Կարեւոր Կը Նկատէ Ֆրանսայի
Ընկերվարական Կուսակցութեան Հետ Համագործակցութիւնը
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, քարտուղար Աղուան Վարդանեան եւ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան տեսակցեցան Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ընկերվարական կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ լը Ռուի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ: Ողջունելով հիւրերուն այցելութիւնը Հայաստան` Արմէն Ռուստամեան իբրեւ բարեկամական եւ ջերմ բնորոշեց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւնները, որոնց զարգացման համար լուրջ գործօն հանդիսացած են երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմամշակութային դարաւոր կապերը եւ Ֆրանսայի մէջ հայկական մեծ եւ ազդեցիկ համայնքի մը գոյութիւնը: Ան ողջունեց ֆրանսացի հասարակական-քաղաքական գործիչ, ընկերվարական, մեծ հայասէր Ժան Ժորեսի մահուան 100-ամեակը Հայաստանի մէջ նշելու որոշումը: Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը իբրեւ ընկերվարական գաղափարներու կրող, կարեւոր կը նկատէ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան հետ համագործակցութիւնը: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Ֆրանսայի իշխանութիւններուն, որոնք միշտ եղած են Հայաստանի կողքին եւ պաշտպանած են հայկական հարցը: Պրիւնօ լը Ռուն կարեւոր նկատեց երկու գաղափարակից կուսակցութիւններու համագործակցութեան առաւել խորացումը տարբեր մարզերու մէջ, փորձառութեան փոխանակումները: Այս ծիրին մէջ Աղուան Վարդանեան նշեց, որ երկու կուսակցութիւնները յառաջիկային կրնան համագործակցութեան որոշ ձեւաչափեր քննարկել եւ պատրաստել համագործակցութեան փաստաթուղթ: Ռուստամեան տեղեկացուց, որ իրենց կուսակցութիւնը յուզող հիմնական խնդիրները արտացոլուած են 7 կէտէ բաղկացած փաստաթուղթին մէջ, որուն ծիրին մէջ եւս կարելի է համագործակցութեան եզրեր գտնել: Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց փորձառութեան փոխանակումը փտածութեան դէմ պայքարին, սահմանադրական բարեփոխումներուն եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը նաեւ անդրադարձան ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութեան, անցած ուղիին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն, հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու:


