Գլխաւոր լուրեր

0912_Khempakragan-f

Խմբագրական. Աթէնքէն Ետք Նիւ Սաութ Ուէյլզն Ու Պուէնոս Այրեսը. Հայկական Գործօնի Պարտադրանքները

Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը կը պահէ իր հետեւողականութիւնը: Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի օրէնսդիր խորհուրդի 10 սեպտեմբերի որոշումը  այդ հետեւողականութեան կարեւոր ցուցանիշ կարելի է նկատել: Հայ դատի յանձնախումբերու ճշդած նահանգային եւ քաղաքային մակարդակի վրայ կեդրոնացուած աշխատանքի արդիւնքներու երեւումը ստացած է արագ կշռոյթ: Քալիֆորնիոյ նահանգին ճանաչումէն հազիւ ամիս մը ետք Նիւ Սաութ Ուէյլզը հանդէս կու գար Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող...

0912_Seyran-Ohanyan-181

Օհանեան. «Հայաստանի Համար Անընդունելի Են Միակողմանի Զիջումները»

Սէյրան Օհանեան «Ազրպէյճան կը փորձէ սահմանին վրայ սադրանքները օգտագործել ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին վրայ ազդելու համար»: Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանին մէջ ուսանողներու եւ դասախօսական կազմի հետ հանդիպման ատեն այս մասին յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Ան ընդգծեց, որ հայկական կողմը տագնապի լուծման խաղաղ ճամբով հասնելու դիրքերէն կը ներկայանայ: «Խօսքը զուտ նախնիներու հողին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին...

1919662_781930695183243_6261543830960810249_n

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իբրեւ Պատրիարքներու Բանբեր Նախագահ Օպամային Պարզեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Մտահոգութիւնները

Հինգշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ուաշինկթընի մէջ քրիստոնէական համաժողովին մասնակցող Միջին Արեւելքի մարոնի, հայ, ասորի, յոյն կաթողիկէ եւ ասորի կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, Սպիտակ տան մէջ շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպում ունեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նախագահի ապահովական հարցերու խորհրդականը, ինչպէս նաեւ այլ խորհրդականներ: Պատրիարքներուն առաջարկով Արամ Ա. կաթողիկոս խօսք առնելով նախ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց...

BxPheQOCIAIk7Qs

Պասքական Կիփուզքոա Մարզը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը

«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան մեկնած է Պասքերու երկիր, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է շրջանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ: «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ»-ու մամլոյ ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ Սան Սեպասթիանի մէջ նախարարը հանդիպում ունեցած է Կիփուզքոա մարզի նախագահ Մարթին Կարիթանոյի հետ` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Պասքերու երկրին միջեւ հետագայ...

0912MousaLer

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-Ամեակի Տօնակատարութիւններ. Մուսա Լերան Տոհմիկ Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 12 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան տոհմիկ երեկոյ, որուն ներկայ էին աւելի քան 1000 հայրենակիցներ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աւանդութիւն դարձած այս երեկոն «տոհմիկ» անուան տակ պիտի մնայ յուշարարը մեր բոլոր աւանդութիւններուն,...

0911_Bilgic

Թուրքիա. «Յունաստանի Որդեգրած Օրէնքը Ժողովրդավարութեան Սկզբունքներուն Եւ Խօսքի Ազատութեան Դէմ Է»

Թանժու Պիլկիչ «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուշի ուշով հետեւած է Յունաստանի խորհրդարանին մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի նախապատրաստման եւ ատոր որդեգրման հոլովոյթին` յունական իշխանութիւններուն մշտապէս կոչ ուղղելով այդ հարցին նկատմամբ ցուցաբերելու անհրաժեշտ զգայունութիւն: Ան ընդգծած է, որ թրքական կողմը յատկապէս ուշադրութիւն դարձուցած է Յունաստանի խորհրդարանի 5...

0911_Vache-f

Նիւ Սաութ Ուէյլզի Օրէնսդիր Խորհուրդը Յայտարարութիւն Ընդունեց

Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի օրէնսդիր խորհուրդը 10 սեպտեմբերին ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի նախայարձակումը դատապարտող յայտարարութիւն մը: Ըստ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի կայքին, նախաձեռնութեան հեղինակն է քոնկրեսական Ֆրետ Նայլ: Միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ դատապարտել Ազրպէյճանի գործողութիւնները, որ վերջերս նորէն նախայարձակում սանձազերծած էր Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, իսկ նախագահ Իլհամ Ալիեւ լայն ժողովրդականութիւն վայելող «Թուիթըր» ընկերային ցանցին...

Fotor0911142316-f

Պուէնոս Այրեսի Մէջ Մերժուեցաւ Ազրպէյճանի Անունով Հրապարակի Կառուցման Նախագիծը

Պուէնոս Այրեսի քաղաքային խորհուրդը մերժեց այն նախագիծը, որ կ՛առաջարկէր քաղաքի Քոլրէի շրջանին մէջ «Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն» անունով հրապարակ կառուցել: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, օրէնքի նախագիծը քննարկման առաջին իսկ վայրկեանէն արժանացաւ արժանթինահայ համայնքի քննադատութեան ու անոր ջանքերուն եւ աշխուժութեան շնորհիւ կարելի դարձաւ բացայայտել Ազրպէյճանի յօրինած սուտն ու կեղծիքը: Խնդիրը այն է, որ նախագիծը նուիրուած էր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, ի պատիւ այն բանին, որ իբրեւ թէ...

0911_boghos1-f

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-Ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. «Պօղոս Սնապեան» Հատորի Գինեձօն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` հինգշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2014-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Կարօ Յովհաննէսեանի «Պօղոս Սնապեան» խորագրեալ գիրքին` լոյս տեսած Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յովհաննէս Խոշեան, որ յայտնեց, թէ Պ. Սնապեան հայոց գրականութիւնը վերածեց ապրումի, ապրեցաւ գրականութեամբ եւ ապրեցուց զայն: Ան աւելցուց, որ Սնապեանի կեանքը եղաւ ալեկոծումներու...

0910_Khemp-f

Խմբագրական. Աթէնքը Նախանշեց 100-Ամեակի Իրաւաքաղաքական Բաժինը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի փուլը սկսած է արդէն ընթացիկ տարուան հասկացողութեամբ: Բնական է, որ մինչեւ յառաջիկայ տարուան վերջը ժամանակացոյցերը գերյագեցած պիտի ըլլան ոգեկոչական, հրատարակչական, ցուցական, քարոզչաքաղաքական աշխատանքներով: Այն ինչ որ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի ժողովասրահին մէջ,  աշխատանքներուն ապահովեց իրաւաքաղաքական նշանակութիւն: Ճիշդ է, որ ժխտողականութեան քրէականացման  ճիգերուն սկիզբի ազդանշանը տրուած էր նախ Զուիցերիոյ, Սլովաքիոյ եւ ապա Ֆրանսայի մէջ, այսուհանդերձ առաջինի...

0910_կիրո-f

«Յունաստանի Որոշումը` Օրէնքով Պատժել Ցեղասպանութիւնը Ժխտողները, Ողջունելի Է» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի ընդունումը ողջունելի է, յայտարարեց ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ  երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: Ան աւելցուց. «Յատկապէս այս մթնոլորտին մէջ, երբ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ ընթացքի մէջ է Փերինչեքի դէմ Զուիցերիոյ հակընդդէմ հայցը, նման օրինագիծի կայացումը շատ հաճելի է, բայց պէտք...

0910Kaspar

Յունաստան Կը Քրէականացնէ Ցեղասպանութեանց Ժխտումը

9 սեպտեմբեր 2014-ին Յունաստանի խորհրդարանը քուէներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց «խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ» օրէնքի նախագիծը, որ մշակուած էր երկրին արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ: Օրէնքի թիւ 2 յօդուածին մէջ կ’արձանագրուի, թէ քրէական յանցագործութիւն կը նկատուի եւ ազատազրկման ու տուգանքի ենթակայ կ’ըլլայ հրեաներու Ողջակիզման, միջազգային դատարաններուն, կամ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւնները ժխտող, հեգնող, կամ ոեւէ ձեւով նուաստացուցիչ յայտարարութիւն կատարող անձ: Նշենք, որ...

լօ1-f

Պատմական Ու Արդար Քայլ Մը

ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարութիւն մը հրապարակած է Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւին ընդունման գծով: Ստորեւ` յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ: Երեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2014-ին Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութեան ուրացման դէմ կայացած վճիռը կարեւոր նշանակութիւն ունեցող պատմական ու արդար քայլ մըն է հայ ժողովուրդին հանդէպ: Յունաստանի խորհրդարանի խտրականութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքին մէջ տեղ գտած` հաւաքական վիրաւորանքի մասին 2-րդ յօդուածը,...

0910_barbar

Բացում Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-Ամեակի Ձեռնարկներուն. «Մուսա Լերան Բարբառին Եւ Բառարանին» Նուիրուած Երեկոյ

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան  ժամը 8:00-ին, ընթացք առին Մուսա լերան հերոսամարտի 99-ամեակի տօնակատարութիւնները`«Մուսա լերան բարբառին եւ բառարանին»  նուիրուած յատուկ ձեռնարկով մը, որ տեղի ունեցաւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Խաժակ Հերկելեան, որ Մուսա...

0909greek-parliament

Հայկական ցեղասպանութեան մերժումին դէմ՝ Պատմաքաղաքական կարեւոր բանաձեւ ընդունուեցաւ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ

Հելլէն խորհրդարանը, իր վճռական ու արդար որոշումով, երրորդ երկիրը կը հանդիսանայ, ուր նման բանաձեւ կ’ընդունուի Հելլէն խորհրդարանը երէկ Երեքշաբթի 9 Սեպտեմբեր 2014ին, վաւերացուց Յունաստանի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու, ներառեալ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւ։ Խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքին քննարկումը բաւական հանգրուաններէ անցաւ, երբ մօտ տարի մը առաջ Յունաստանի խորհրդարանի օրակարգին բերուեցաւ։ Տարբեր յաւելումներէ, բարեփոխումներէ, հրապարակային քննարկումներէ եւ լսումներէ ետք,...

0909_ArmenRusdamian_PC

«Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հարցին Մէջ Կան Տարակարծութիւններ, Որոնք Չեն Խախտեր Քառեակի Ձեւաչափը» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Ազգային ժողովին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ոչ իշխանական քառեակի հանդիպումը: Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ներկայացնելով քննարկման արդիւնքները` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ քննարկած են սահմանադրական բարեփոխումներու հարցը, արձանագրուած է, որ իւրաքանչիւրը պէտք է յարգէ միւսին տեսակէտը: «Մենք կողմ ենք սահմանադրական բարեփոխումներուն, մնացեալ ուժերը դէմ են այս կամ այն պատճառով: Այս պարագային պէտք է առաջնորդուինք այն գաղափարով,...

0909_Samaras

Հակադարձելով Էրտողանի «Զգուշացումին»` . «Ցեղասպանութեան Ժխտման Պատժելիութիւնը Չի Հակասեր Միջազգային Իրաւունքին» Ըսաւ Յունաստանի Վարչապետը

Անթոնիս Սամարաս Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարաս յայտարարած է, որ ցեղասպանութիւններու ժխտման պատժելիութիւնը չի հակասեր միջազգային իրաւունքին: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Յունաստանի վարչապետը այդ յայտարարութիւնը կատարած է ի պատասխան Յունաստանի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկման հետ կապուած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «զգուշացումին»: Էրտողան Կալէսի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին 5 սեպտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին...

Fotor0908135428-f

Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Շուրջ Ֆրանսայի Աչքերը Միշտ Բաց Կը Պահէ

Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը 2015 թուականը կը նկատէ հանգրուանային թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի արծարծման, թէ՛ ղարաբաղեան տագնապի շուրջ լուծումներ գտնելու առումով: Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ին յայտնեց, որ իրենք անընդհատ աշխատանք կը տանին, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւններուն մասնակցի իբրեւ կողմ: «2015-ը արդիւնքի պէտք է հասցնէ մեզի, ու Ղարաբաղի հարցը գլխաւոր կէտերէն մէկն է, որպէսզի հասնինք խաղաղութեան ու արդարութեան: Մենք պէտք...

0909_Earnest

Ըստ Սպիտակ Տան. Օպամա Միջոցներու Պիտի Ձեռնարկէ, Որպէսզի Ուաշինկթըն Մինակը Չպայքարի ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի մամլոյ քարտուղար Ճոն Էռնեսթ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ մինակ պիտի չպայքարին, Պարաք Օպամա այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի: «Մեր նախագահը լի է վճռականութեամբ` հոգ տանելու այն մասին, որ Միացեալ Նահանգները ստիպուած չըլլան առանձինն այդ հարցով զբաղիլ», յայտարարած է ան: Ըստ Էռնեսթի, հիմա ամերիկացի ժողովուրդին եւ քոնկրեսի ղեկավարներուն ճիշդ այդ կարեւոր է...

7962_b

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց  պաշտօնական այցելութեամբ  Հայաստան հասած Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցը: Նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Քուրց նշած է, որ Աւստրիա շահագրգռուած է Հայաստանի հետ զարգացնելու ոչ միայն քաղաքական համագործակցութիւնը, այլ նաեւ մեծ ուշադրութիւն դարձնելու ամէնէն տարբեր մարզերուն, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան: Քուրց պատահական չէ նկատած, որ իրեն հետ Հայաստան եկած է...

Page 828 of 885 1 … 827 828 829 … 885