
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, լրագրողներուն հետ երէկուան զրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է, որ ՀՅԴ-ն համաձայնական դաշինք կազմէ իշխող կուսակցութեան հետ` նկատի առնելով, որ ՀՅԴ-ն քառեակի ուժերէն միակն է, որ կողմ է սահմանադրական բարեփոխումներուն, ըսաւ. «Ո՛չ, ՀՅԴ-ն ոչ մէկ ձեւով համաձայնական դաշինք կազմելու հարց դրած է, այդ նոյն հարցումը կ՛ուղղէին, երբ եօթը կէտերը կը ներկայացնէինք: Այն ժամանակ ալ ըսին. ՀՅԴ-ն կ՛ուզէ համաձայնական դաշինք կազմել, ատոր համար կէտեր կը ներկայացնէ: Մենք մեր տեսակէտներն ունինք քսան-քսանհինգ տարիէ ի վեր, արտայայտած ենք եւ կը շարունակենք պաշտպանել այդ տեսակէտները: Եւ եթէ այդ տեսակէտներէն մէկը կը պաշտպանուի, մենք կը նկատենք, որ ատիկա դրական հոլովոյթ է եւ անկախ անկէ, թէ ո՛վ կ՛ընդունի այդ տեսակէտը, մենք պատրաստ ենք համագործակցելու եւ այդ տեսակէտը իրագործելու»:
Ըստ պատգամաւորին, ոչ ոքի համար նորութիւն է, որ ՀՅԴ-ն կողմ եղած է խորհրդարանական համակարգին: «Մեզի կ՛ըսեն, կողմ էք, չտեսնելով նախագիծը, մենք կ՛ըսենք, եթէ կ՛ուզէք խորհրդարանական համակարգին անցնիլ, անոր համար սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելը անհրաժեշտ է, մենք այդ պատճառով սահմանադրական բարեփոխումներուն կողմ ենք, ոչ թէ ինքնանպատակ կողմ ենք: Չենք կրնար կողմ չըլլալ սահմանադրական բարեփոխումներուն, եթէ կ՛ուզենք, որ համակարգը փոխուի, այլ ճամբայ չկայ: Ինքնանպատակ համաձայնական դաշինք կազմելու ցանկութիւն Դաշնակցութիւնը երբեք չէ ունեցած: Եթէ այդպէս ըլլար, համաձայնական կառավարութենէն դուրս չէինք գար», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:
Ան նշեց, որ շուտով քառեակը հանդիպում կ՛ունենայ, եւ իրենք իրենց այս մօտեցումը կը պաշտպանեն: Ինչ կը վերաբերի քառեակի մասնատման, ան նկատել տուաւ, որ միշտ ալ ըսած են. քառեակ է մինչեւ այն ատեն, որ չորս ուժերով համաձայն են որոշ բանի մը շուրջ, մնացեալ հարցերուն մէջ ազատ են տնօրինելու իրենց տեսակէտները:


