Լիբանանի մէջ Քորէայի հանրապետութեան դեսպան Չոյ Ժոնկիլ երէկ «Վանայ ձայն»-ին տուաւ հարցազրոյց մը: Ան այս առիթով այցելեց նաեւ «Ազդակ» եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ: Դեսպանին կ՛ուղեկցէր Լիբանանի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատի անդամ Սարգիս Պուտագեան:
Դեսպան Ժոնկիլ ծանօթացաւ մեր կառոյցներու աշխատանքներուն, բարձր գնահատեց ձայնասփիւռի, մամուլի եւ մշակոյթի վերաբերող նախաձեռնութիւններն ու աշխատանքները: Զրոյցներուն հիմնական նիւթը կը վերաբերէր Քորէայի եւ Լիբանանի միջեւ զարգացող տնտեսական եւ յատկապէս արդիւնաբերական տարբեր մարզերու հեռանկարներուն:


