Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Ֆրանսայի Ընկերվարական Խորհրդարանականներու Պատուիրակութիւնը

September 8, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7948_bՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 սեպտեմբերին  ընդունած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ընկերվարական  խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ Լը Ռուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախագահը ողջունած է հիւրերը, որոնք Հայաստան եկած են հասարակական-քաղաքական գործիչ եւ հայասէր Ժան Ժորեսի մահուան 100-րդ եւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցներու առիթով տեղի ունեցող ձեռնարկներուն ծիրին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է նման փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք  կարելիութիւններ կու տան ծանօթանալու երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, քննարկելու երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր եւ անշուշտ նոր թափ տալու միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման:

Հանրապետութեան նախագահը ըսած է, որ հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն  միջեւ բազմադարեան սերտ կապերը նոր որակ ստացած են երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր` վերածուելով առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքով, անոր վկայութիւնն է հայ-ֆրանսական կապերու  վերընթաց զարգացումը բոլոր մարզերուն մէջ` քաղաքական կանոնաւոր երկխօսութիւնը, միջխորհրդարանական սերտ կապերը, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի 30-է աւելի շրջաններու եւ քաղաքներու միջեւ սերտ գործընկերային կապերը, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ մարզերու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:

Զրուցակիցները համակարծիք են, որ մայիսին Ֆրանսայի նախագահի պետական այցելութիւնը Հայաստան նոր թափ տուած է հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան գնահատելի նկատած է, որ Ֆրանսայի նախագահը հետեւողականօրէն եւ ուշադրութեամբ կարեւորութիւն կու տայ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն եւ Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն:

Պրիւնօ Լը Ռու ըսած է, որ իր գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը մեծ հայասէր Ժան Ժորեսի մահուան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ լաւ առիթ է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ բարեկամութիւնը, որուն ջատագովն էր Ժորեսը, աւելի խորացնելու:

Հանդիպումին ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատուած է նաեւ ֆրանսացի օրէնսդիրներուն այցելութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ  «Ֆրանսա-Լեռնային Ղարաբաղ» բարեկամութեան շրջանակի ստեղծումը:

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակի Զինուորական Ծառայողներու Դիրքապահներուն Կողմէ Ազրպէյճանի Քաղաքացի Մը Գերեվարուած Է

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.