
«Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Վալերի Պուայէ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը ներկայացուցած է:
Ըստ Պուայէի, այն ժամանակ, երբ Ֆրանսա կը պատրաստուի դիմաւորելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, Ֆրանսայի մէջ տակաւին ոչ մէկ օրէնք կ՛արտօնէ պատժել ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը` բացի Ողջակիզումէն:
Երեսփոխանը նշած է, որ այն պարագային, երբ Ֆրանսա պաշտօնապէս կը ճանչնայ երկու ցեղասպանութիւնները` Ողջակիզումն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը, միայն Ողջակիզումի մերժումը երկրին մէջ պատժելի է: Ան կը նշէ, որ այս անարդար իրավիճակը պէտք է փոխուի:
Ըստ Պուայէի, բոլոր ցեղասպանութիւններուն եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն մերժումը պատժելու կարելիութիւնը կ՛արձագանգէ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու հետապնդումներու ենթահողին վրայ ստեղծուած թէժ խնդիրին:
«Անհրաժեշտ է որդեգրել օրէնք մը, որ պիտի առաջարկէ ժխտման նոր դասակարգում: Ես աշխատած եմ այլընտրանքային եւ նորարարական տարբերակին վրայ, որ ճանչցուած քրէական իրաւունքի մասնագէտներու հետ իմ ունեցած երկար մտորումներուս արդիւնքն է: Ահա թէ ինչու ես կ՛առաջարկեմ, որ հերքումը օրէնքին մէջ այլեւս չնկատուի միայն խօսքի ազատութեան չարաշահում, այլ նաեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Ասիկա երկու առաւելութիւն ունի. դուրս գալ խօսքի ազատութեան առնչութեամբ Սահմանադրական դատարանի ձեւաւորած կարծիքի իրաւական փակուղիէն եւ պաշտպանել բոլոր ցեղասպանութիւններու մասին յիշողութիւնը», ըսած է երեսփոխանը:


