
Արսալի մէջ առեւանգուած եւ ապա ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ սպաննուած բանակային Ալի Սէյիտի մարմինը երէկ յանձնուեցաւ հողին` սուգի մատնելով Աքքարն ու Լիբանանը:
Լիբանանեան դրօշակով փաթթուած Ալի Սէյիտի դագաղը երէկ առաւօտեան դուրս եկաւ Պատարոյի Զինուորական հիւանդանոցէն եւ ուղղուեցաւ Աքքարի Ֆնայտեք գիւղը, ուր դիմաւորուեցաւ գիւղին բնակիչներուն եւ հարազատներուն կողմէ:
Սէյիտի յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզ, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Խալետ Զահրաման, նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Ուալիտ Քուրտի, Աքքարի միւֆթի շէյխ Զէյտ Պաքար Զաքարիա եւ մեծ թիւով սգաւորներ:
Թաղման արարողութեան ընթացքին շէյխ Զաքարիա յայտնեց, որ Ֆնայտեք նահատակներու մայրն է եւ մեծ թիւով նահատակներ տուած է: Ան յոյս յայտնեց, որ առեւանգեալ միւս զինուորներուն ճակատագիրը Ալիի ճակատագիրին նման չըլլայ, եւ պահանջեց անոնց ազատ արձակումը:
Իր կարգին, Ալի Սէյիտի հայրը` Ահմետ Սէյիտ յայտնեց, որ ինք միայն Ալիի հայրը չէ, այլեւ` Լիբանանի բոլոր նահատակներուն հայրը` ընդգծելով, որ իր տղան ամբողջ Լիբանանի նահատակն է: «Իմ զաւակս Ալի Սէյիտը չէ, այլ` Ալի Լուպնանը», ըսաւ ան եւ ներում հայցեց ընտանիքի անդամներուն կողմէ ընդվզումի պահուն կատարուած կարգ մը արտայայտութիւններուն համար:
Բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Ուալիտ Քուրտի յայտնեց, որ իրենք կը վերահաստատեն Լիբանանը պահպանելու իրենց կամքը` շեշտելով, որ ահաբեկիչները իրենց վայրագութեամբ եւ անմարդկային արարքներով չեն կրնար վախ ազդել լիբանանեան բանակին վրայ:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան առեւանգեալ զինուորներուն ընտանիքները յայտարարեցին, որ այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ վարչապետարանին դիմաց բողոքի ցոյց մը պիտի կատարեն:


