Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ Հանդիպում

Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ Հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս հաստատեց Ուաշինկթընի մէջ սպասուող Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ հանդիպումին մասին լուրը: Կառավարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 7-8 օգոստոսին պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ: Փաշինեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ` Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական գործընկերութիւնը խորացնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ եռակողմ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ`...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն, մեկնելով ՀՅԴ Լիբանանի 76-րդ Շրջանային ժողովի քննարկումներէն եւ ընդունած բանաձեւերէն, 5 օգոստոս 2025-ին գումարած իր նիստին քննարկեց հայրենիքի մէջ արձանագրուող խորապէս մտահոգիչ զարգացումները, եւ վերջին շաբաթներու պատահարներուն առիթով կը հաստատէ. Ա.-Հայաստանի Հանրապետութեան կը սպառնայ գոյութենական վտանգ։ Թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը բուռն կերպով կ'աշխատի իր տիրոյթին վերածելու համար մեր երկիրը։ Բ.-Վտանգուած է Սիւնիքի ճակատագիրը։ Սիւնիքը յայտնուած է աշխարհաքաղաքական ուժերու...

Սալամ. «Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց  Զէնքի Մենաշնորհումի Քննարկումը  Շարունակել Հինգշաբթի Օր»

Սալամ. «Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Զէնքի Մենաշնորհումի Քննարկումը Շարունակել Հինգշաբթի Օր»

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն մեկնարկէն առաջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամը ունեցան առանձին հանդիպում մը: Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին ընթացք առած ժողովը վերջ գտաւ երեկոյեան շուրջ ժամը 8:30-ին: Ժողովի աւարտին վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտարարեց, որ ամերիկեան փաստաթուղթի քննարկումը 7 օգոստոսին պիտի շարունակուի, եւ բանակին պարտականութիւն տրուեցաւ մինչեւ այս տարուան աւարտը զէնքի...

«Թրամփ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Համաձայնութեան Հասնելու Մօտ Է»  Կ՛ըսէ Ծերակուտական Տէյնս

«Թրամփ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համաձայնութեան Հասնելու Մօտ Է» Կ՛ըսէ Ծերակուտական Տէյնս

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման շեմին է: Այս մասին «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին համար գրուած յօդուածի մը մէջ գրած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Սթիւ Տէյնս: «Ասիկա պիտի ըլլայ նշանաւոր ձեռքբերում` քայլ մը եւս դէպի կայունութիւն, որ պիտի նպաստէ շրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական օգուտներուն,...

Պաղայի. «Վերջին Օրերուն Քննարկուած Է  Կովկասի Մէջ Արտաշրջանային Դերակատարներու  Ներգրաւման Հարցը, Որուն Հետ Իրան Համակարծիք Չէ»

Պաղայի. «Իրան Կը Վերահաստատէ Իր Դիրքորոշումը` Ապաշրջափակումը Պէտք Է Կատարուի Առանց Որեւէ Երկրի Գերիշխանութիւնն Ու Տարածքային Ամբողջականութիւնը Խախտելու»

Իրան կ՛աջակցի Հայաստանի ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան եւ կը կարծէ, որ ատոր կեանքի կոչումը օգտակար պիտի ըլլայ ամբողջ շրջանին համար: Թեհրան համոզուած է, որ փոխկապակցուածութիւնը տնտեսական զարգացման եւ բարօրութեան հիմնական բաղադրիչն է: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի: 29 յուլիսին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Հայաստանի առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան...

Ըստ Քրեմլինի Մօտիկ Աղբիւրի Մը.  Փութին Հաւանական Է, Որ Չյարգէ Թրամփի  Ճշդած Ժամկէտը, Որ Ուրբաթ Կ՛աւարտի

Ըստ Քրեմլինի Մօտիկ Աղբիւրի Մը. Փութին Հաւանական Է, Որ Չյարգէ Թրամփի Ճշդած Ժամկէտը, Որ Ուրբաթ Կ՛աւարտի

Քրեմլինին մօտիկ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հաւանական է, որ պիտի չյարգէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ճշդած ժամկէտը, որ ուրբաթ օր կ՛աւարտի»: «Փութին մտահոգ է Թրամփի դժգոհութենէն եւ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու վերջերս արձանագրուած վատթարացումէն», նշած է աղբիւրը: Լրատու գործակալութիւնը յայտնեց. «Փութին չի կարծեր, որ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու ժամանակը հասած է, մինչ իր...

Բագրատունի. «Հինգ Տարիներ, Եւ Վէրքը Չսպիացաւ»

Բագրատունի. «Հինգ Տարիներ, Եւ Վէրքը Չսպիացաւ»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին 5-ամեակին առիթով իր դիմատետրեան էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հինգ տարիներ, եւ վէրքը չսպիացաւ: Կորուստի վէրքը ինչպէ՞ս սպիանայ, երբ մեր մէջ կը գտնուի անարդարութեան կրակը, որ մեզ կ՛այրէ»:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Տեղեկատուական Գրասենեակ.  «Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումը Կը Մնայ  Լիբանանցիներու Սրտերուն Խոր Վէրքը»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Տեղեկատուական Գրասենեակ. «Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումը Կը Մնայ Լիբանանցիներու Սրտերուն Խոր Վէրքը»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 5-ամեակին առիթով Դիմատետրի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, իր հնգամեակին, կը մնայ բոլոր լիբանանցիներուն սրտերուն մէջ խոր վէրք մը: Այս հնգամեակը կը յաջորդէ ողբերգութիւնը անոր յիշողութենէն բաժնող ժամանակահատուածին մէջ իրերայաջորդ ցաւերու եւ ողբերգութիւններու: «Ճշմարտութիւնը կը մնայ սգացողներուն առաջին պահանջը, իսկ արդարութիւնը` երկրորդը, որպէսզի անոնք կարենան մեղմացնել հարազատ մը...

4 Օգոստոսի 5-Ամեակին Առիթով.  Նախագահ Աուն. «Յանձնառու Ենք Ամբողջական  Ճշմարտութեան Բացայայտման Նկատմամբ»

4 Օգոստոսի 5-Ամեակին Առիթով. Նախագահ Աուն. «Յանձնառու Ենք Ամբողջական Ճշմարտութեան Բացայայտման Նկատմամբ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 5-ամեակին առիթով նշեց. «Կը շարունակենք առնչակից բոլոր կողմերուն վրայ ճնշում բանեցնել` արդարադատութեան յանձնելու ոճիրին բոլոր պատասխանատուները, ինչ ալ ըլլայ անոնց դիրքը կամ պատկանելիութիւնը»: Նախագահը խօսքը զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն ուղղելով յայտնեց. «Արդարութիւնը չի մահանար, եւ հաշուետուութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի կատարուի»: «Լիբանանեան պետութիւնը, իր բոլոր կառոյցներով, յանձնառու է ամբողջական ճշմարտութեան բացայայտման, ինչ ալ ըլլան խոչընդոտները...

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Արցախի  Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Դատավարութիւնը

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Դատավարութիւնը

Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ երէկ շարունակուած է Արցախի նախկին քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու դատավարութիւնը: ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, երէկուան դատական նիստի ընթացքին հարցաքննուած են Մինկեչաուրի շարք մը բնակիչներ: Անոնք պնդած են, թէ տուժած են 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին հայկական կողմէն իրականացուած հրթիռակոծութիւններու հետեւանքով: Քաղաքի բնակիչներէն մէկը պնդած է, որ 4 հոկտեմբեր 2020-ին տեղի ունեցած հրթիռակոծութեան հետեւանքով լրջօրէն վնասուած է...

Խմբագրական.  Աւերակուած Նաւահանգիստի  Քաղաքական Ուղենիշը

Խմբագրական. Աւերակուած Նաւահանգիստի Քաղաքական Ուղենիշը

Պէյրութի նաւահանգիստի աւերակուած վիճակը ամբողջ քաղաքականութեան մը ուղենիշը կը շարունակէ մնալ: Լիբանանի տնտեսութիւնը ո՛չ գիտելիքահենք է, ո՛չ գիւղատնտեսութեան վրայ կը յենի, ո՛չ ուժանիւթային աղբիւրներու, ո՛չ ալ հիմնականին մէջ ճարտարարուեստի: Անոր յենասիւները կը նկատուին զբօսաշրջութիւնը, դրամատնային համակարգը իբրեւ ներդրումային եզակի միջավայր եւ ազատ առեւտուրը: Այս երեք ուղղութիւնները յարափոփոխ են, ենթակայ վերիվայրումներու կամ ընդհանրապէս առկախուած վիճակ կը պարզեն: Զբօսաշրջութիւնը լուրջ հարուած կը...

Խմբագրական.   Մինչեւ Գործառոյթներու Եւ Մենաշնորհումներու  Ամբողջական Ստանձնում

Խմբագրական. Մինչեւ Գործառոյթներու Եւ Մենաշնորհումներու Ամբողջական Ստանձնում

Բազում մարտահրաւէրներու դիմակայման հրամայականներու առջեւ կանգնած վիճակի մէջ է, որ Լիբանան նշեց իր Բանակի օրը: Վերջին ժամանակահատուածը նկատի առած պէտք է արձանագրել, որ բանակը ըստ էութեան հիմնական այն եզակի հաստատութիւնն էր, որ մնաց միաւորուած, գործունեայ եւ հասու` իրեն վերապահուած գործառոյթները իրականացնելու, երբ ամէն գործադիր թէ օրէնսդիր իշխանութիւն կա՛մ թափուր էր, կա՛մ կաթուածահար վիճակի մէջ յայտնուած: Քաղաքական անորոշութեան եւ տնտեսական ճգնաժամի,...

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է, Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բուռն կերպով քննադատեց Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ վարմունքը` զայն նկատելով «նողկալի»: Ան ընդգծեց, որ մտադիր է Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներ հաստատել, եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ: Թրամփ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին աւելցուց, որ վստահ չէ, եթէ պատժամիջոցները Ռուսիան պիտի զսպեն, եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին մինչեւ 8 օգոստոս ժամանակ տուաւ համաձայնութեան հասնելու, այլապէս տնտեսական...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կ՛ողջունէ  Զուիցերիոյ Ազգային Խորհուրդի Բանաձեւը

Զուիցերիոյ Դեսպանին Նամակ Մը Յղելով` ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Զուիցերիոյ Վճռականութեան Յաղթանակին Նկատմամբ Իր Հաւատքը Արտայայտեց

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մարիոն Վիխելթին յղեց Զուիցերիոյ ազգային տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ մը: Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ անդրադարձաւ Զուիցերիոյ դաշնակցային կառավարութեան կողմէ արցախահայութեան տունդարձը դիւրացնելու եւ ջատագովելու նպատակով միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպելու փորձին, որ հիմնուած է Զուիցերիոյ խորհրդարանին կողմէ «պատմական բանաձեւի վրայ»: «Դժբախտաբար ազրպէյճանական բռնատիրութիւնը մերժեց մասնակցիլ խորհրդաժողովի մը, որ խորապէս...

Բագրատունի. «Տօնդ Շնորհաւո՛ր,  Ո՜վ Հայրենիքի Զինուոր»

Բագրատունի. «Տօնդ Շնորհաւո՛ր, Ո՜վ Հայրենիքի Զինուոր»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Լիբանանեան բանակի տօնին առիթով Դիմատետրի իր էջին վրայ «Տօնդ շնորհաւո՛ր, ո՜վ հայրենիքի զինուոր» խորագիրով գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Քու նկատմամբ մեր սէրը հայրենիքին չափով է: Տօնդ շնորհաւո՛ր, ո՜վ հայրենիքի զինուոր»:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն`  Բանակի Զինուորներուն. «Դուք Մեր Յաւիտենական Պարծանքն Էք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն` Բանակի Զինուորներուն. «Դուք Մեր Յաւիտենական Պարծանքն Էք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, երէկ Բանակի տօնին առիթով իր Դիմատետրի էջին վրայ «Ձեր տօնը փառք է, եւ դուք մեր յաւիտենական պարծանքն էք» խորագիրով գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Յարգանքով կը խոնարհինք ձեզ զոհողութիւններուն առջեւ: Ողջո՜յն պատիւի եւ հաւատարմութեան զինուորներուն»:  

ՀՅԴ Լիբանանի 76-րդ Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի 76-րդ Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի 76-րդ Շրջանային ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ հինգշաբթի, 24 յուլիս 2025-ին եւ աւարտեց 30 յուլիսին։ Վեց օրերու ընթացքին ժողովը քննարկեց Լիբանանի Դաշնակցական ընտանիքի անցնող 21 ամսուան գործունէութիւնը, ներլիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, որոնց լոյսին տակ որդեգրեց երկամեայ գործունէութեան ուղեցոյց: Ժողովը հաստատեց, որ անցնող 21 ամիսներուն ընթացքին աշխատանքը ծաւալած է ճգնաժամային արտակարգ պայմաններու մէջ: Սեպտեմբեր 2024-ին Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան պատերազմը,...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

Շաբաթ, 26 յուլիս 2025-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ 15 ԼԵՄ-ականներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին: Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Ռուստամեան լայնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն` շեշտելով, որ այս կուսակցութիւնը ընդհանրապէս եւ դաշնակցական մարդը յատկապէս լուռ չեն կրնար մնալ ազգային արժէքները, գաղափարները եւ համազգային տեսլականները հարուածող երեւոյթներուն դիմաց: Ան...

Նախագահ Աուն. «Պէտք Է Այսօր Իսկ Զէնքը Բանակին  Ու Ապահովական Ուժերուն Մենաշնորհը Ըլլալը Ընդգծենք»

Նախագահ Աուն. «Պէտք Է Այսօր Իսկ Զէնքը Բանակին Ու Ապահովական Ուժերուն Մենաշնորհը Ըլլալը Ընդգծենք»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ բանակի տօնին առիթով արտասանեց խօսք մը` յայտնելով. «Պարտականութիւնս եւ քաղաքական բոլոր կողմերուն պարտականութիւնն է, նախարարաց խորհուրդի, Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդի, խորհրդարանի եւ բոլոր քաղաքական ուժերուն ճամբով օգտագործել պատմական առիթը եւ առանց տատամսումի յառաջ ընթանալ այսօր իսկ ընդգծելու, թէ զէնքը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ բանակին ու ապահովական ուժերուն մենաշնորհն է, որպէսզի վերականգնենք աշխարհի վստահութիւնը...

Քանատան Եւ Փորթուգալը Մտադիր Են Ճանչնալ  Պաղեստինի Պետութիւնը, Գերմանիա Կը Նախընտրէ  Այդ Մէկը Բանակցութիւններու Աւարտին Կատարել

Քանատան Եւ Փորթուգալը Մտադիր Են Ճանչնալ Պաղեստինի Պետութիւնը, Գերմանիա Կը Նախընտրէ Այդ Մէկը Բանակցութիւններու Աւարտին Կատարել

Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի յայտարարեց, թէ իր երկիրը մտադիր է յառաջիկայ սեպտեմբերի ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու: Քառնի լրագրողներու յայտնեց, թէ այս քայլը պայմանաւորեալ է պաղեստինեան իշխանութեան յանձնառութեամբը այն բարեկարգումներուն, որոնք կը ներառեն կառավարութեան արմատական բարեկարգում, ինչպէս նաեւ 2026 թուականին կազմակերպելով Համասի մասնակցութիւնը բացառող ընտրութիւններու կայացումով: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Քանատան քիչ առաջ յայտարարեց, թէ պաղեստինեան պետութեան...

Page 82 of 795 1 … 81 82 83 … 795

Արխիւներ