Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Երէկ Իր Նիստի Օրինաթիւը Կորսնցնելէն Ետք Այսօր Դարձեալ Ժողով Կը Գումարէ

Սեպտեմբեր 30, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ իր նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ նիստ մը գումարեց` քննարկելու համար օրակարգի վրայ գտնուող օրինագիծերը:

Երեսփոխան Ֆիրաս Համտան անդրադարձաւ վարչապետի դիրքին եւ նշեց, որ «քաղաքական այն պահուն, երբ վարչապետը կարգ մը հարցերով կ՛ամբաստանուի, ան պէտք է կառավարութենէն հրաժարի»` աւելցնելով. «Հռետորաբանութիւնը կը նպաստէ երկրի պառակտման»:

Պըրրի արձագանգեց նշելով, որ վարչապետը ամբողջ Լիբանանին վարչապետն է` շեշտելով, որ կառավարութիւնը անձի մը կամ կողմի մը կառավարութիւնը չէ, այլ կառավարութիւն մը, որուն բոլորը կը մասնակցին:

«Աստուծմէ վախցէ՛ք: Կառավարութիւնը մէկ կամ երկու անձի կառավարութիւնը չէ, այլ բոլոր լիբանանցիներուն կառավարութիւնը, եւ բոլորը առնչակից են իշխանութեան պատասխանատուութեան մասնակցութեան», ըսաւ ան:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայել յայտարարեց, թէ Փաղանգաւորներու երեսփոխանական պլոքը նիստէն կը հեռանայ` բողոքելու համար երեսփոխանական ընտրութիւններու օրէնքի նախագիծը օրակարգին վրայ չներառելու դէմ:

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի նախագահ Ժորժ Ատուան յայտարարեց, որ պլոքը կ՛առկախէ ընտրական օրէնքի քննարկման ենթայանձնախումբին իր մասնակցութիւնը` կոչ ուղղելով, որ օրինագիծերու առաջարկները քննարկուին լիագումար նիստի ընթացքին:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նիստի սկիզբը կառավարութեան կոչ ուղղեց` գործադրելու ընտրական օրէնքը եւ պատասխանատուութիւնը խորհրդարանի ուսերուն չնետելու:

«Ներկայ օրէնքը կառավարութեան արտերկրի քուէարկողներուն իրենց յատկացուած վեց երեսփոխաններուն քուէարկելու գործադրման ուղին կը ճշդէ, ինչպէս նաեւ նախկին կառավարութեան կողմէ կազմուած յանձնախումբի զեկուցումը այդ հոլովոյթի գործադրման լուծումներ կը ներկայացնէ», ըսաւ ան:

«Արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան եւ թեկնածութիւնը առաջադրելու հոլովոյթի չգործադրման մասին խօսքը անհիմն է, եւ կառավարութիւնը պէտք է սկսի (արտերկրի լիբանանցիներուն) արձանագրումը, որպէսզի 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու յետաձգման մասին բոլոր յայտարարութիւնները դադրին», աւելցուց ան:

«Ժատիտ» հաղորդեց, որ նիստի ընթացքին երեսփոխաններու միջեւ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է: Ստեղծուած իրարանցումէն ետք խորհրդարանի նախագահը յայտնած է. «Եթէ օրէնսդրական աշխատանք պիտի չկատարէք, նիստը կը փակեմ»:

Աւելի ուշ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանները հեռացան նիստէն: Երեսփոխան Ժորժ Ատուան ըսաւ. «Ընտրութիւնները իրենց սահմանադրական ժամկէտին կատարելը վտանգուած է, մինչ փորձեր կը կատարուին խափանելու այս գործընթացը, ինչ որ ցոյց պիտի տայ, թէ մենք իբրեւ պետութիւն, իշխանութիւն, կառավարութիւն եւ խորհրդարան ձախողած ենք»:

Անկախ եւ բարեկարգչական երեսփոխանները եւս նիստէն հեռացան: Նիստը կորսնցուց իր օրինաթիւը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց այսօր դարձեալ լիագումար նիստի` ամբողջացնելու համար օրակարգի վրայ գտնուող օրինագիծերու վաւերացումը:

Խորհրդարանը երէկ վաւերացուց թիւ 602 շտապ օրինագիծը` բարեփոխելով 42/2017 օրինագիծը, որ կը վերաբերի պետական եւ սեփական ոլորտներուն միջեւ գործընկերութեան կարգաւորումին:

Խորհրդարանը նաեւ որդեգրեց կառավարութեան Երկրագործութեան բարգաւաճման արաբական կազմակերպութեան հետ համաձայնագիր կնքելու արտօնութիւն տուող թիւ 9109 հրամանագիրը, ինչպէս նաեւ Երկրագործական աշխատանքները աւելցնելու արաբական գրասենեակը հիւրընկալելու վերաբերեալ Երկրագործութեան բարգաւաճման արաբական կազմակերպութեան եւ Լիբանանի Բարգաւաճման եւ նորարարութեան ֆոնտին միջեւ համաձայնութեան յաւելուածի կնքումը արտօնող թիւ 196 հրամանագիրին մէջ նշուած օրէնքը:

 

Նախորդը

Ապահովական Մարմիններու Եւ Բանակի Քննադատումը Անընդունելի Նկատելով` Նախագահ Աուն. «Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Որեւէ Նկատառումէ Վեր Կը Մնայ»

Յաջորդը

Միչիկընի Եկեղեցւոյ Մէջ Կրակոցի Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

RelatedPosts

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի  Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»

Հոկտեմբեր 1, 2025
Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը
Լիբանանեան

Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?